Որոնել

Քահանայապետը խումբ մը լրագրողներու հետ Քահանայապետը խումբ մը լրագրողներու հետ  

«Ունկնդրել սրտին ականջներով». Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային օրուայ պատգամ

Ունկնդրել սրտին ականջներով. Ունկնդրութիւնը որպէս պայման լաւ հաղորդակցութեան մը համար։ Զիրար ունկնդրել Եկեղեցւոյ մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ունկնդրել սրտին ականջներով» այս է Ֆրանչիսկոս Պապին Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային օրուան 2022ի պատգամին բնաբանը։ Պատգամը հրապարակուեցաւ այսօր` 24 Յունուարին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տէ Սալէսի տօնին օրը։

Համաշխարհային օրը կը յիշատակուի յառաջիկայ 29 մայիս 2022 -ին։

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Պապը կ՛ ակնարկէ անցեալ տարի հրապարակած իր պատգամին, որուն մէջ խորհրդածած էր «երթալու եւ տեսնելու» անհրաժեշտութեան վրայ, բացայայտելու համար իրականութիւնը ու զայն պատմելու` մեկնելով իրադարձութիւններէն եւ մարդոց հետ հանդիպումի փորձառութենէն, նշելով` որ հետեւելով այդ գիծին, այս տարի կ՛ուզէ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել «ունկնդրել» բային վրայ ` «որ որոշիչ է հաղորդակցութեան քերականութեան մէջ և պայման է` վաւերական երկխօսութեան»։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ մենք «կորսնցուցինք ունկնդրելու մեր կարողութիւնը» եւ միւս կողմէն «ունկնդրութիւնը սկսած է ճանչնալ նոր կարեւոր զարգացում մը, ըլլայ հաղորդակցութեան, ըլլայ տեղեկատւութեան ասպարէզներէն ներս, «podcast»-ի եւ «chat audio»ներու միջոցաւ, ի հաստատում` «որ ունկնդրութիւնը կարևոր է մարդկային հաղորդակցութեան համար»:

«Ունկնդրութիւնը մարդ արարածին ամենամեծ իղձերէն մին է։ Իղձ, որ յաճախ թաքուն կը մնայ, եւ որ կը հարցաքննէ բոլոր անոնք, որոնք կանչուած են դառնալու դաստիարակներ եւ կազմաւորողներ, կամ ունինք հաղորդողի դերակատարութիւն մը, ինչպէս են ծնողները կամ ուսուցիչները, հովիւներն ու հովուական գործիչները, տեղեկատւութեան գործիչները ու բոլոր անոնք, որոնք սոցիալական կամ քաղաքական ծառայութիւն կը կատարեն» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։

Ունկնդրել սրտին ականջներով

Մատնանշելով ապա Աստուածաշունչին, ուր ունկնդրութիւնը մասնաւորապէս կապուած է Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ երկխօսութեան, Քահանայապետը կը մէջբերէ Սուրբ Պօղոսին Հռովմէացիներուն ուղղած  նամակին(Հռովմ. 10,17) խօսքերը, «Հաւատքը յառաջ կու գայ ունկնդրութենէն», եւ ասոր հիման վրայ կը հաստատէ,  որ «Աստուած է` որ մեզի կը խօսի եւ մենք Անոր կը պատասխանենք ունկնդրութեամբ» եւ «նոյնիսկ այս ունկնդրութիւնը յառաջ կու գայ Աստուծոյ շնորհքէն, այնպէս ինչպէս կը պատահի նորածինին, որ կը համապատասխանէ հօր ու մօտ ձայնին» կը գրէ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «հինգ զգայարանքներուն մէջ, Աստուծոյ նախընտրած զգայարանքը լսողութիւնն է»։ 

«Ունկնդրութիւնը կը համապատասխանէ Աստուծոյ խոնարհութեան ոճին։ Արարքն է` որով մեզի կը յայտնուի Աստուած, որպէս Ան` որ խօսելով կը ստեղծէ մարդը, իր նմանութեան եւ պատկերին համաձայն, զայն ճանչնալով որպէս ի խօսակիցը» կ՛ընդգծէ Նորին Սրբութիւնը  ակնարկելով` թէ միւս կողմէն «մարդը կը ջանայ խուսափիլ այդ յարաբերութենէն ու փակել իր ականջները» եւ թէ «ունկնդրութեան մերժումը յաճախ կը դառնայ միւսի դէմ յարձակողականութիւն, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ սարկաւագ Ստեփանոսի ունկնդիրներուն, որոնք փակելով իրենց ականջները անոր դէմ յարձակեցան (Գործք առաքելոց 7,57)։

Յիսուս եւս իր աշակերտներուն կ՜առաջարկէ իրենց ունկնդրութեան որակը չափել. «Ուշադիր եղէք թէ ինչպէս մտիկ կ՛ընէք» (Ղուկ. 8,18) կ՛ըսէ Ան աշակերտներուն, սերմնացանին առակը պատմելէն ետքը, հասկցնելու համար թէ բաւարար չէ միայն մտիկ ընելը, այլ պէտք է այդ մէկը կատարել լաւապէս։

Միայն ան` որ Խօսքը կ՜ընկալէ «գեղեցիկ եւ բարի» սրտով ու զայն կը պահպանէ հաւատարմութեամբ, կեանքի եւ փրկութեան պտուղներ կու տայ (Հմմտ. Ղուկ. 8,15)։

«Ամէնքս ականջներ ունինք սակայն շատ անգամ նոյնիսկ ան, որ կատարեալ լսողութիւն ունի, չի կարող միւսը ունկնդրել։ Կայ արդարեւ ներքին խուլութիւն մը` որ աւելի վատ է ֆիզիկական խուլութենէն» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` որ «ունկնդրութեան իսկական կեդրոնը սիրտն է»։

«Սողոմոն թագաւորը իմաստուն գտնուելով Տիրոջմէն հայցեց, որ իրեն պարգեւէ «ունկնդրող սիրտ մը» (Ա. Թագ. 3,9)։ Սուրբ Օգոստինոս կը հրաւիրէր. «ոչ թէ սիրտը ունենալ ականջներուն մէջ, այլ ականջները սրտին մէջ» եւ Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը իր եղբայրակիցները կը հրաւիրէր «լարել սրտին ականջը»։ Ուստի առաջին ունկնդրութիւնը զոր պէտք է յայտնաբերենք երբ կը փնտռենք իսկական հաղորդակցութիւնը, անձնական ունկնդրութիւնն է, ան` որ գրանցուած է իւրաքանչիւր մարդ անհատի ներսը եւ որ կը հիմնուի այն փափաքին վրայ` ըլլալու ուրիշներու հետ յարաբերութեան մէջ, որովհետեւ մենք եղած ենք ապրելու համար միասին» կը գրէ Քահանայապետը։

Ունկնդրութիւնը որպէս պայման լաւ հաղորդակցութեան մը համար

Ան ապա Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու պատգամին երկրորդ կարեւոր կէտը կը նկատէ «ունկնդրութիւնը` որպէս պայման լաւ հաղորդակցութեան մը համար», որուն ծիրէն ներս կը քննադատէ «գաղտնալսողութիւնը», որ ներկայի մէջ շատ տարածուած է եւ որ կը շահագործէ միւսները անձնական շահի համար։

«Ընդհակառակը այն ինչ, որ հաղորդակցութիւնը լաւ եւ ամբողջութեամբ մարդկային կը դարձնէ` դէմ առ դէմ ունկնդրութիւնն է, վստահելի եւ ազնիւ ունկնդրութիւնը» կը հաստատէ Քահանայապետը, ակնարկելով նաւ յաճախ հանրային կեանքին մէջ «ունկնդրութեան բացակայութեան», որովհետեւ «ունկնդրութենէն աւելի կը փնտռուի «լայնածաւալ լսարանը»։

«Մինչ լաւ հաղորդակցութիւնը ուշադրութիւն կը դարձնէ խօսակիցին ու անոր դրդապատճառներուն ու կը ջանայ ի յայտ դնել իրականութեան բարդութիւնը։ Տխուր երեւոյթ է երբ Եկեղեցւոյ մէջ կը կազմուին գաղափարախօսական խումբեր, եւ ունկնդրութիւնը կ՛անհետանայ, տեղ տալով դատարկ հակասութիւններուն», նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով` որ շատ մը երկխօսութիւններուն մէջ, յաճախ հաղորդակցութիւն չի կատարուիր, այլ իրականին մէջ կը սպասենք` որ միւսը վերջացնէ իր խօսքը, որպէսզի անոր պարտադրենք մեր տեսութիւնը։ Այս պարագաներուն երկխօսութիւնը երկու ձայնով մենախօսութիւն է։ Իսկ իսկական հաղորդակցութեան մէջ «եսն» ու «դուն»ը մղուած են մէկը միւսին։ Ուստի ունկնդրութիւնը լաւ հաղորդակցութեան երկխօսութեան առաջին բաղադրիչն է» հաստատեց Քահանայապետը, ակնարկելով` թէ «կարելի չէ հաղորդակցիլ եթէ առաջ իրար մտիկ չենք ըներ եւ լաւ լրագրութիւն չի կատարուիր առանց ունկնդրութեան կարողութեան»։

«Հարկաւոր է ապա ունկնդրել տարբեր աղբիւրներ, տարբեր ձայներ, եւ իրար ունկնդրել նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ» կը նշէ Սրբազան Պապը, ակնարկելով Սուրբ Աթոռի մեծ դիւանագէտ Կարդինալ Ակոսթինօ Քազարոլիի խօսքերուն, որ կը խօսէր «համբերութեան մարտիրոսութեան» մասին, որպէս դժուար խօսակիցներուն հետ բանակցութիւններու մէջ ունկնդրելու եւ ունկնդրուելու անհրաժեշտութիւն։

«Ունկնդրութիւնը կը պահանջէ միշտ համբերութեան առաքինութիւնը» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ ակնարկելով նաեւ զարմանքին եւ հետաքրքրութեան, որոնք կը մղեն ճանաչողութեան։

«Այս երկար համավարակի ժամանակներուն ընթացքին վիրաւոր ընկերութիւնը ունկնդրելու կարողութիւնը աւելի քան երբեք թանկագին երեւոյթ է, ի տես այն անվստահութեան, որ յառաջացաւ հանդէպ «պաշտօնական տեղեակութեան», ուր աւելի դժուար դարձուց տեղեկատւութեան աշխարհին հաւատալիութիւնն ու թափանցիկութիւնը» նկատել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով «լարել ականջները եւ մտիկ ընել խորութեամբ,  ունկնդրել մասնաւորապէս այն աճ արձանագրող ընկերային անհանգստութիւնը»։  

Քահանայապետը կ՛ակնարկէ նաեւ գաղթականութեան բարդ հարցին ու գաղթականներուն նկատմամբ տարածուած անհանդուրժողականութեան։ «Պէտք է հալեցնենք մեր սրտերուն կարծրութիւնը, փորձենք մտիկ ընել անոնց պատմութիւններուն, յաղթել նախապաշարումները։ Անուն ու պատմութիւն մը տալ անոնցմէ իւրաքանչիւրին» կը նշէԱն դիտել տալով` որ «շատ մը լրագրողներ արդեն կը կատարեն այդ մէկը»։

Զիրար ունկնդրել Եկեղեցւոյ մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին վերջին կարեւոր կէտը` հանդիսացաւ Եկեղեցւոյ մէջ փոխադարձ ունկնդրութիւնը։

«Մենք կը մոռնանք ունկնդրութեան ծառայութիւնը, զոր մեզի յանձնուեցաւ Անորմէ` որ գերազանց ունկնդրողն է»։

«Այն` որ չի գիտէր մտիկ ընել եղբօրը պիտի չի կարողանայ մտիկ ընել Աստուծոյ եւ Հովուական գործունէութեան մէջ ամենակարեւոր գործը «ականջի առաքելութիւնն է», կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը պատգամի աւարտին, ակնարկելով նաեւ սիւնհոդոսական գործընթացքին, որ սկիզբ առաւ Եկեղեցւոյ մէջ, հրաւիրելով աղօթել անոր դիտաւորութեան, «որպէսզի ըլլայ փոխադարձ ունկնդրութեան առիթ»։

«Հաղորդութիւնը ռազմավարութիւններու և ծրագիրներու արդիւնք չէ, այլ կառուցուած է եղբայրներու և քոյրերու միջև փոխադարձ ունկնդրութեան վրայ։ Նման երգչախումբի մը։ Միութիւնը միաձեւութիւն չի պահանջեր, այլ բազմակարծութիւն եւ ձայներու բազմազանութիւն եւ բազմաձայնութիւն։ Միեւնոյն ատեն երգչախումբի իւրաքանչիւր ձայն կ՛երգէ մտիկ ընելով միւս ձայները հիմնուած միասնութեան ներդաշնակութեան վրայ։ Այս ներդաշնակութիւնը ծրագրուած է երաժշտահանէն, բայց անոր իրականացումը կախեալ է բոլոր ու առանձին ձայներու համակցութենէն» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային օրուան 2022ի պատգամին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2022, 12:00