Որոնել

Ղազախստանի մէջ խռովութիւններ Ղազախստանի մէջ խռովութիւններ 

Սրբազան Պապը յիշեց Ղազախստանի խռովութիւններու զոհերը

«Թող`որ արագօրէն վերահաստատուի ընկերային ներդաշնակութիւնը, երկխօսութեան, արդարութեան ու հասարակաց բարիքին փնտռտուքի միջոցաւ», ըսաւ Սրբազան Պապը Ղազախստանի ժողովուրդը յանձնելով «Oziornoje»ի խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 Յունուար 2022-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով այս առթիւ սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ ցաւով յիշեց անցեալ օրերուն Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն զոհերը աղօթելով անոնց ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ մաղթելով` որ արագօրէն «վերահաստատուի ընկերային ներդաշնակութիւնը, երկխօսութեան, արդարութեան ու հասարակաց բարիքին փնտռտուքի միջոցաւ», ըսաւ Սրբազան Պապը Ղազախստանի ժողովուրդը յանձնելով «Oziornoje»ի խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

Սրբազան Պապը մատնանշեց Յիսուսի մկրտութեան տօնին առթիւ Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին մանուկներուն մատակարարած մկրտութեան արարողութեան աղօթքն ու օրհնութիւնները ընդլայնելով բոլոր նորածիններուն, «որոնք ընդունեցան կամ այս օրերուն պիտի ընդունին Մկրտութեան Խորհուրդը» ըսաւ Սրբազան Պապը Տիրոջ օրհնութիւնն ու Տիրամօր հովանին հայցելով անոնց վրայ ու հրաւիրեց հաւատացեալները յիշելու իրենց Մկրտութեան օրուան թուականը որպէս տօնախմբութեան օր մը։

Սրբազան Պապը Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2022, 12:37