Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կը պատարագեն միասին, նշան՝ եկեղեցական լման Հաղորդութեան։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Հաղորդութիւն» հասկացողութիւնը խոր իմաստ կը կրէ իր մէջ Եկեղեցւոյ կեանքին առաջին դարերէն սկսեալ։
«Հաղորդութիւն» նշանակած է միութիւն՝ կեանքի բոլոր հարթակներուն վրայ։ Ջերմեռանդական մէկ «զգացում» մը չէ լոկ։ Այսօր մանաւանդ, լիիրաւ հաղորդութիւնը կը նշանակէ կեանքի բաժնեկցութիւն, «կանոններու» եւ ապրելաոճի որոշ միաձեւութիւն։ Այսօրուան հասկացողութեամբ ալ, լման հաղորդութեան մէջ ըլլալը կը պահանջէ կանոնական ընդհանուր հարթակ, որ միաժամանակ կ՚ոգեւորուի սիրով։ Մօտաւոր այս խօսքերով է որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը կը բացատրէ այսօր` Չորեքշաբթի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած Քահանայապետական պատարագին ընթացքին տեղի ունենալիք արարողութեան իմաստն ու խորհուրդը։
Արդարեւ, Տեառնընդառաջի տօնին եւ Նուիրեալ կեանքի համաշխարհային օրուան առթիւ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագի ընթացքին, որ համայն աշխարհին պիտի սփռուի ուղիղ եթերով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Գոհութեան սուրբ խորհուրդի փոխանակումով պիտի հաստատեն Եկեղեցական լման Հաղորդութիւնը իրար միջեւ։ Այս լիիրաւ հաղորդութեան գրաւոր տարբերակը ստորագրուած էր Սրբազան Պապին կողմէն անցեալ տարուայ 23 սեպտեմբեր 2021 թուակիր կոնդակին վրայ, որուն մէջ կը հաստատէր Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կաթողիկէ նորընտրեալ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ անոր նախագահած Նուիրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին միջեւ սուրբ Հաղորդութիւնը, զոր Հռոմի Եպիսկոպոսը կը գլխաւորէ սիրոյ մէջ։
Յիշենք` որ եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը Քահանայապետին ներկայացուցած էր «Եկեղեցական Հաղորդութիւն» շնորհելու խնդրանքը, իր ընտրութեան օրը իսկ։
Աւանդութիւնը կը նախատեսէ, որ Եկեղեցական Հաղորդութիւնը իր կատարին հասնի Սուրբ Պատարագի հրապարակային արարողութեամբ, որուն կը մասնակցին Սրբազան Պապն ու Կաթողիկոս Պատրիարքը կամ Քահանայապետէն նշանակուած պատուիրակ մը։
Արդարեւ Խորանին վրայ Քահանայապետին մօտ նորընտիր Պատրիարքին ներկայութիւնը, Նուիրեալ Կեանքի Ժողովի կառավարիչ եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալներուն հետ միասին, արտայայտութիւնն է նաեւ արեւմտեան ոճով եւ արեւելեան աւանդութեամբ զանազանուած նուիրեալ կեանքերու միասնական վկայութեան։
Սուրբ Զոհի ընթացքին նախատեսուած են որոշ ծիսական արարքներ, որոնք պիտի խորհրդանշեն եկեղեցական հաղորդութեան իմաստը` ինչպէս երբ Սրբազան Պապը վեր բարձրացնելէ ետք Յիսուսին Մարմինը, այսինքն Սուրբ Հաղորդութիւնը կրող պնակը, զայն կը մատուցէ Պատրիարքին եւ երկուքը միասին, չորս ձեռքերով կը կրեն զայն, ապա կը զետեղեն խորանին վրայ եւ նոյնը կը կատարեն Յիսուսին արիւնը խորհրդանշող Գինիի բաժակով, որմէ ետք Քահանայապետը Պատրիարքին կու տայ Յիսուսին Մարմինը եւ Արիւնը ու երկուքը միասին կը ճաշակեն։
Այս Հաղորդութիւնը միութեան եւ սիրոյ մէջ եթէ ծաղկի, պիտի ըլլայ մտքի եւ հոգիի լոյս՝ բոլոր անոնց համար, որոնք կը ճաշակեն այդ հաղորդութեան մասնիկէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ