Որոնել

Քառասնորդաց Քառասնորդաց 

Ֆրանչիսկոս Պապին քառասնորդացի պատգամը. «Երբեք չյոգնինք բարին գործելէ»

«Չձանձրանանք բարիք գործելէ, հունձքը պիտի հասնի ժամանակին, եթէ չվհատինք։ Այսպէս ուրեմն, ցորքան առիթն ունինք, բարիք ընենք ամէնուն».Գաղատ. 6 ,9-10)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քառասնորդացը «յարմար ժամանակ է անձնական ե հաւաքական վերանորոգումի մը համար, որ մեզ կ՜առաջնորդէ դէպի մերած եւ յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսի Զատիկը»։ Մեր կեանքին մէջ յաճախ կը գերակշռեն «ագահութիւնն ու հպարտութիւնը, ունենալու, կուտակելու և սպառելու ցանկութիւնը»։ Քառասնորդացը մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարութեան, փոխելու մտայնութիւնը, որպէսզի կեանքը ունենայ իր ճշմարտութիւնն ու գեղեցկութիւնը ոչ այնքան ունենալու մէջ, որքան նուիրելուն մէջ, ոչ այնքան կուտակելու մէջ, որքան սերմանելու բարին ու բաժնեկցութեան մէջ»։ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերն են ասոնք, որոնք պարունակուած են 2022-ի քառասնորդացի իր պատգամին մէջ, որ լոյս տեսաւ այսօր` 24 փետրուարին, եւ ներշնչում կը քաղէ Սուրբ Պօղոսին Գաղատացիներուն ուղղած նամակի հետեւեալ խօսքերէն. «Չձանձրանանք բարիք գործելէ, հունձքը պիտի հասնի ժամանակին, եթէ չվհատինք։ Այսպէս ուրեմն, ցորքան առիթն ունինք, բարիք ընենք ամէնուն».Գաղատ. 6 ,9-10) (Գաղատ. 6 ,9-10)։

Բարին սերմանենք սպասելո հունձքին

«Երկրային կեանքը յարմար ժամանակն է սերմանելու բարի սպասելով հունձքին» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ Քառասնորդացի ընթացքին կանչուած ենք համապատասխանելու Աստուծոյ պարգեւին, «ընկալելով Անոր Խօսքը` որ պտղաբեր կը դարձնէ մեր կեանքը»։

«Աստուծոյ Խօսքը կը լայնեցնէ եւ աւելի վեր կը բարձրացնէ մեր հայեացքը. Մեզի կը հռչակէ, թէ իսկական հունձքը վախճանաբանական հունձքն է, վերջին օրուան հունձքը, առանց մայրամուտի օրուան բերքը» կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Յիսուսին խօսքերուն «եթէ մանանեխի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չի մեռնի անպտղաբեր է»։

Չփակուիլ անհատական եսասիրութեան մէջ

«Ի տես «մտահոգութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն» եւ «մեր միջոցներու խեղճութեան դիմաց յուսալքումին», փորձութիւնը կայ «փակուելու մեր անհատական եսասիրութեան մէջ» եւ «միւսներու ցաւերուն դիմաց ապաստան փնտռելու անտարբերութեան մէջ»։  Աստուած սակայն ուժ կը պարգեւ յոգնածին եւ կորով թուլցածին» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ դիտել տալով` որ «Քառասնորդացը մեզ կը կոչէ «մեր հաւատքն ու յոյսը դնելու Տիրոջ մէջ»։ Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ուղիղ սեւեռած հայեացքով է որ կրնանք ընկալել Առաքեալին յորդորը. «Չի յոգնինք բարիք ընելէ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Չյոգնիլ աղօթելէ

Ան կը հրաւիրէ նաեւ չյոգնիլ աղօթեէ։ Պէտք ունինք աղօթքին, որովհետեւ մենք պէտք ունինք Աստուծոյ։ Պատրանք է այն համոզումը, թէ մենք կարող ենք մենք մեզմով բաւարարուիլ»։ «Եթէ համավարակը մեզ մղեց ձեռքով դպչելու մեր անձնական եւ ընկերային դիւրաբերութեան, այս Քառասնորդացը մեզի թոյլ կու տայ փորձարկելու Աստուծոյ մէջ հաւատքի մխիթարութիւնը, առանց որուն մենք չենք կրնար կայունութիւն ունենալ» նկատել կու տայ Քահանայապետը դարձեալ վերահաստատելով թէ «Ոչ մէկը կը փրկուի առանձին, ու թէ ամէնքս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, պատմութեան փոթորիկներուն մէջ։ Եւ ամէնէ առաջ ոչ մէկը կը փրկուի առանց Աստուծոյ, որովհետեւ միայն Յիսուս Քրիստոսին զատկական խորհուրդն է, որ յաղթութիւն կը պարգեւէ մահուան մութ ջուրերուն վրայ»։

Չյոգնինք ներում հայցելէ

«Չի յոգնինք չարը արմատախիլ ընելէ մեր կեանքէն»։ «Չյոգնինք ներում հայցելէ ապաշխարանքի եւ հաշտութեան խորհուրդին միջոցաւ, այն գիտակցութեամբ, որ Աստուած երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ» կը գրէ Սրբազան Պապը քառասնորդացի իր պատգամին մէջ հրաւիրելով նաեւ չյոգնիլ պայքար մղելէ ցանկութեան դէմ, փխրունութեան դէմւ որ մեզ կը մղէ եսասիրութեան ու չարիքին, դարերու ընթացքին գտնելով տարբեր ուղիներ, մարդս մեղքին մէջ ընկղմեցնելու համար»։

Իրարաու հանդիպինք դէմ առ դէմ

Քահանայապետին համար «այդ ուղիներէն մին թուայնացուած լրատուամիջոցներէն կախուածութիւնն է, որ կ՜աղքատացնէ մարդկային յարաբերութիւնները» ուստի Քառասնորդացը այն պատշաճ ժամանակն է հակազդելու համար այդ վտանգներուն եւ մշակելու համապարփակ մակարդային հաղորդակցութիւն մը որ կազմուած է իրական հանդիպումներէ, դէմ առ դէմ»

Փնտռենք եւ հոգ տանինք մերձաւորին

«Չյոգնինք բարիք գործելէ մերձաւորին նկատմամբ բարեգործութեամբ»։ Աստուած, որ սերմնացանին սերմ կը պարգեւէ եւ սնանելու հացը, հոգ կը տանի մեզմէ իւրաքանչիւրիս ոչ միայն որպէսզի սնունդ ունենանք այլ նաեւ` որպէսզի մենք ալ վեհանձն ըլլանք բարիք գործելով ուրիշներուն» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով այս Քառասնորդաց շրջանէն օգտուիլ «հոգ տանելու անոր` որ մեզի մօտիկ է, մօտիկ ըլլալով վիրաւոր մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն»։ Քառասնորդացը յարմար ժամանակ է «փնտռելու եւ ոչ թէ զանց ընելու կարիքաւորը»։ «Խօսելու եւ ոչ թէ արհամարհելու ան` որ փափաք ունի ունկնդրութեան ու բարի խօսքի մը, այցելելու եւ ոչ թէ լքելու ան` որ կը տառապի առանձնութենէն» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը, որ պատգամին աւարտին կը յորդորէ Աստուծմէ հայցելու «հողամշակին համբերութիւնը, որպէսզի չի դադրինք բարիք գործելէ, քայլ առ քայլ»:

Չյոգնինք բարին սերմանելէ

Ան` որ կը սայթաքի` ձեռքը թող երկարէ Հօր, որ մեզ միշտ կը վերականգնեցնէ։ Ան որ կորսուած է, չարի հրապոյրներէն խաբուած, թող չուշանայ վերադարձ կատարելու Անոր` որ կը ներէ լայնօրէն»։ Այս ապաշխարութեան ժամանակահատուածին «Աստուծոյ շնորհքին ու Եկեղեցւոյ հաղորդութեան մէջ թիկունք գտնելով, չյոգնինք բարին սերմանելէ» հրաւէր կ՜ուղղէ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «ծոմապահութիւնը հողը կը պատրաստէ, աղօթքը զայն կը ջրէ, բարեգործութիւնը պտղատու կը դարձնէ»։

Մենք ունինք հաւատքին վստահութիւնը` թէ եթէ չենք յոգնիր, հունձքը պիտի գայ եւ հետեւողականութեան շնորհքով պիտի ստանանք խոստացուած բարիքները մեր եւ միւսներուն փրկութեան համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2022, 11:30