Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը աշխարհի եպիսկոպոսներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը աշխարհի եպիսկոպոսներուն։ 

Ինծի միացէք Մարիամի Անարատ Սրտին նուիրումի աղօթքին։ Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը աշխարհի եպիսկոպոսներուն։

Այս խաւար պահուն Եկեղեցին զօրեղ կերպով կոչուած է բարեխօսելու խաղաղութեան Իշխանին մօտ և մօտիկ ըլլալու անոնց, որոնք իրենց մաշկով կը վճարեն հակամարտութեան հետևանքները:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի սկիզբէն մէկ ամիս անց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն, որուն մէջ խնդրած է, որ իրեն միանան յառաջիկայ ուրբաթ օր` 25 Մարտին, Աւետման տօնին օրը նախատեսուած այն յատուկ աղօթքին, զոր ինք պիտի կատարէ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, մարդկութիւնը ու մասնաւորապէս հակամարտութեան մէջ գտնուող Ռուսաստանն ու Ուքրանիան նուիրագործելով Մարիամի Անարատ Սրտին։

«Այս խաւար պահուն Եկեղեցին զօրեղ կերպով կոչուած է բարեխօսելու խաղաղութեան Իշխանին մօտ և մօտիկ ըլլալու անոնց` որոնք իրենց մաշկով կը վճարեն հակամարտութեան հետևանքները» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ:

«Քանի որ լաւ է խաղաղութիւնը հայցել նորոգուած Աստուծոյ ներողամտութեամբ, այդ արարողութիւնը տեղի կ՜ունենայ ապաշխարութեան արարողութեան ծիրէն ներս, որ նախատեսուած է Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Հռոմի ժամանակով երեկոյեան ժամը 5-ին: Նուիրագործման արարողութիւնը նախատեսուած է ժամը 18.30-ի ժամանակները» կը բացատրէ ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով ` որ «այս մէկը կ՜ուզէ ըլլալ տիեզերական Եկեղեցւոյ արարքը, որ այս ողբերգական պահուն, Աստուծոյ ու մեր Մօր միջոցաւ, Անոր կը տանի ցաւի աղաղակն անոնց` որոնք կը տառապին եւ կը պահանջեն բռնութիւններուն աւարտը, ու նաեւ մարդկութեան ապագան կը յանձնէ խաղաղութեան Թագուհիին»։

Սրբազան Պապը հուսկ կը խնդրէ եպիսկոպոսներէն միանալու այդ նուիրումի ներգործութեան, 25 մարտին, քահանաները, կրօնաւորները ու նաեւ այլ հաւատացեալները համախմբելով հասարակաց աղօթքի համար, «այնպէս որ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը միաձայնութեամբ եւ միասնական կերպով իր Մօր բարձրացնէ իր աղերսը» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը։

Քահանայապետին նամակին կցուած է նաեւ աղօթքի բնագիրն ու անոր թարգմանութիւնը, որպէսզի բոլորն ալ կարողանան հետեւիլ ու մասնակցիլ աղօթքին, մինչ նամակի աւարտին Սրբազան Պապը իր օրհնութիւնները կը շնորհէ բոլորին հայցելով, որ Յիսուս պաշտպանէ զանոնք ու Տիրամայրը պահապան կանգնի անոնց վրայ։

Նամակը եզրափակուած է «Աղօթեցէք ինծի համար» Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2022, 10:38