Որոնել

003592_27042014.jpg

Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ սրբադասման արարողութեան տարեդարձը

Սրբազան Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նշած էր թէ երկու քահանայապետերը քաջութիւնը ունեցած են նայելու Յիսուսին վէրքերուն, դպչելու Անոր վիրաւոր ձեռքերուն ու խոցուած կողին», զայն ճանչնալով նաեւ եղբայրներու մարմնին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2014-ի ապրիլ 27-ին, կը յիշատակուէր Աստուածային Ողորմութեան կիրակին որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահած սրբադասման արարողութեամբ Խորաններու պատուոյն կը բարձրացնէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ «Ընտանիքի Քահանայապետը» եւ Յովհաննէս ԻԳ «Սուրբ Հոգւոյն ձայնին հլու Քահանայապետը»։

Այդ արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը ու աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած աւելի քան 500 հազար հաւատացեալներ։

Սրբազան Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նշած էր թէ երկու քահանայապետերը քաջութիւնը ունեցած են նայելու Յիսուսին վէրքերուն, դպչելու Անոր վիրաւոր ձեռքերուն ու խոցուած կողին», զայն ճանչնալով նաեւ եղբայրներու մարմնին մէջ։

«Անոնք եղան արի մարդիկ, որոնք Եկեղեցւոյ ու Աշխարհին վկայեցին Աստուծոյ բարութիւնը ու Անոր ողորմութիւնը» հաստատած էր Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով, թէ ինչպէս Յովհաննէս ԻԳ Վատիկանեան Բ Տիեզերական հաւաքը գումարելով, թոյլ տուաւ առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն ու Եկեղեցւոյ համար եղաւ հովիւ, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած առաջնորդ, մինչ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եղաւ «Ընտանիքի Քահանայապետ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2022, 09:02