Ֆրանչիսկոս Պապին Զատկական պատգամը. Բաւ է պատերազմ, թոյլ տանք յաղթահարուիլ Քրիստոսի խաղաղութենէն։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 17 ապրիլին եկեղեցին կը յիշատակէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը։ Յիսուս` խաչեալը, յարութիւն առաւ եւ իր այս արարքով յաղթեց մահուան ու մեզի պարգեւեց յաւիտենական փրկութիւնը։
Սուրբ Զատկուայ տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր սուրբ պատարագ մատոյց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ բազմահազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Սուրբ պատարագէն ետք Ան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղեց իր «Ուրպի Էթ Օրպի» առաքելական աւանդական պատգամը։
Յիսուս Խաչեալը, Յարեաւ
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով պատգամին ու հաստատելով. «Յիսուս Խաչեալը, Յարեաւ։ Կու գայ անոնց մօտ, որոնք կ՛ողբան զինք, փակուած տան մէջ, լի վախով եւ անձկութեամբ։ Անոնց միջեւ կը յայտնուի եւ կ՜ըսէ «Խաղաղութիւն ձեզի» (Յովհ. 20,19)։
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւն խօսեցաւ «պատերազմի Զատիկի մասին» ուր ականատես ենք արիւնահեղութեան ու բռնութեան, որ մեր սրտերը կը լեցնէ վախով եւ անձկութեամբ, «մինչ մեր բազմաթիւ եղբայրներն ու քոյրերը ստիպուած են փակուիլ` պաշտպանուելու համար մահէն»։
«Կը դժուարինք հաւատալ, որ Յիսուսի իրապէս յարեաւ, թէ ան իսկապէս յաղթեց մահուան», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, հարց տալով եթէ այդ մէկը երեւակայութեան արդիւնք է կամ պատրանք, ու հաստատեց «Ո՛չ, անիկայ պատրանք մը չէ։ Այսօր աւելի քան երբեք կը հնչէ զատկական աւետիսը «Քրիստոս Յարեաւ։ Իրապէս յարեաւ»։ Այսօր աւելի քան երբեք պէտք ունինք Անոր, քառասնորդացի աւարտին, որ կարծես չուզեր վերջանալ։
Մեր մէջ տակաւին կայ Կայէնի հոգին
Երկու տարուայ համավարակի օրերէն ու անոր թողած ծանր հետքերէն ետք պահն էր դուրս գալու փապուղիէն, ձեռք ձեռքի, միացնելով ուժեր ու կենսամիջոցներ։ «Բայց ահա կը բացայայտենք` թէ մեր մէջ կայ տակաւին Կայէնի հոգին, որ Աբէլին կը նայի` ոչ որպէս եղբայր մը, այլ որպէս մրցակից ու կը մտածէ ինչպէս զայն ոչնչացնել» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը։
Մենք պէտք ունինք Յարուցեալ Խաչեցեալին, հաւատալու համար սիրոյ յաղթանակին, յուսալու համար հաշտութիւնը։ Այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունինք Անոր, թող` որ գայ մեր մէջ ու մեզի անգամ մը եւս ըսէ. Խաղաղութիւն ձեզի»։
Պէտք ունինք Յարուցեալ Խաչեցեալին
«Միայն Ան կարող է այս մէկը կատարել։ Անոր վէրքերը անջնջելի դրոշմ մըն են իր սիրոյն մեր նկատմամբ, շարունակական բարեխօսութիւն մը, որպէսզի երկնային Հայրը տեսնէ զանոնք ու ողորմի մեր ու համայն աշխարհին վրայ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, ընդգծելով` որ «այդ փառաւոր վէրքերուն նայելով մեր անհաւատ աչքերը ու մեր կարծրացած սրտերը կը բացուին ու թոյլ կու տան, որ զատկական պատգամը մուտք գործէ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։
«Թոյլ տանք, որ Քրիստոսին խաղաղութիւնը մուտք գործէ մեր կեանքերուն մէջ, մեր տուներուն մէջ, մեր Երկիրներուն մէջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը։ Թող խաղաղութիւն ըլլայ Ուքրանիոյ մէջ, որ ծանրապէս վիրաւոր է դաժան եւ անիմաստ պատերազմի բռնութեան եւ կործանումին պատճառաւ, որուն մէջ ներքաշուեցաւ։
Ուքրանիոյ համար թող ընտրուի խաղաղութիւնը
Այս մահուան ու տառապանքի ահաւոր գիշերուան վրայ, թող յառաջ գայ յոյսի նոր արեւածագ մը։ Թող ընտրուի խաղաղութիւնը։ Թող դադրի մկաններու ցուցմունքը մինչ մարդիկ կը տառապին։ Եթէ կը բարեհաճիք չի վարժուինք պատերազմին, բոլորս ալ յանձնառու ըլլանք բարձր ձայնով պահանջելու խաղաղութիւնը, պատշգամներէն ու ճանապարհներուն վրայ։ Ան որ Ազգերու պատասխանատուութիւնն ունի թող անսայ մարդոց խաղաղութեան աղաղակին։ Թող անսայ եօթանասուն տարիներ առաջ գիտնականներու կողմէ զարմանալի հարցումին. «Վերջ պիտի դնենք մարդկային ցեղին, թէ մարդկութիւնը պիտի գիտնայ խուսափիլ պատերազմէն» (Ռասէլ- Էյնըշթայն յայտարարութիւն, 9 Յուլիս 1955)։
Գաղթականներ, փախստականներ, տարեցներ եւ անմեղ մանուկներ
Սրտիս մէջ կը կրեմ ուքրանացի բազմաթիւ զոհերը, միլիոնաւոր փախստականները եւ ներքին տեղահանները, իրարմէ բաժանուած ընտանիքները, առանձին մնացած տարեցները, բեկանուած կեանքերը եւ գետնահար եղած քաղաքները. Աչքերուս մէջ ունիմ որբ մնացած մանուկներուն հայեացքը, որոնք պատերազմէն կը փախչին։ Անոնց նայելով չենք կրնար չզգալ անոնց ցաւի աղաղակը, համայն աշխարհին մէջ տառապող բազմաթիւ միւս մանուկներուն աղաղակներուն հետ միասին, անոնք` որոնք կը մահանան սովի պատճառաւ, կամ խնամքի պակասի պատճառաւ, անոնք` որոնք զոհ են բռնութիւններու եւ չարաշահումներու, անոնք` որոնց մերժուած է ծնելու իրաւունքը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ պատերազմի տանջանքին մէջ չեն պակսիր քաջալերական նշանները, ինչպէս բազմաթիւ ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն բաց դռները, որոնք Եւրոպայի մէջ կը հիւրընկալեն գաղթականներն ու փախստականները։
Յոյսի եւ սիրոյ արարքներ
Թող, որ այս սիրոյ արարքները դառնան օրհնութիւն մը մեր ընկերութիւններուն համար, որոնք յաճախ ապականած են եսասիրութեան եւ անհատականութեան պատճառաւ, ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու շարունակեց. «Թող խաղաղութիւն ըլլայ Միջին Արեւելքին մէջ, յօշոտուած տարիներու բաժանումներէ եւ հակամարտութենէ»։
Սուրբ Երկիր
Ան յիշեց Երուսաղէմը ու խաղաղութիւն մաղթեց անոր ու բոլոր զայն սիրողներուն։ Թող, որ Իսրայէլացիները, Պաղեստինցիները ու Սուրբ Երկին բոլոր բնակիչները, ուխտաւորներու հետ միասին փորձարկեն խաղաղութեան գեղեցկութիւնը, եղբայրութեան մէջ ապրիլը, ու ազատօրէն Սուրբ վայրերը այցելելու կարելիութիւնը, իւրաքանչիւրի իրաւունքի փոխադարձ յարգանքով, յարեց Քահանայապետը։
Լիբանան, Սուրիայ, Իրաք, միջին արեւելքի քրիստոնեաներ
Խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն ըլլայ Լիբանանին, Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովուրդներուն համար ու մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար։ Քահանայապետր խաղաղութիւն մաղթեց նաեւ Լիպիային, Եմենին ու հաշտութիւնը Միանմարին ու Աֆղանիստանին ինչպէս նեաւ ափրիկեան ցամաքամասին, որպէսզի դադրին չարաշահումները։
Ափրիկեան ցամաքամաս
Եթովպիան, որ թիրախ է մարդկայնանան ծանր տագնապի, վերագտնէ երկխօսութեան եւ հաշտութեան ճանապարհը, թող դադրին բռնութիւնները Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ ու չպակսի աղօթքը եւ զօրակցութիւնը հարաւային Ափրիկէի արեւելեան շրջանին, որ թիրախ է կործանիչ ջրհեղեղներու։
Լատին Ամերիկա, Քանատա
«Յարուցեալ Քրիստոսը ընկերանայ եւ թիկունք կանգնի Լատին Ամերիկայի բնակչութեան, որ համավարակի այս դժուար ժամանակներու ընթացքին, ականատէս եղաւ ընկերային պայմաններու վատթարացումին, որոնք աւելիով սրած են յանցագործութեան, բռնութեան, կաշառակերութեան և թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէպքերուն բերումով» նշեց Նորին Սրբութիւնը ու յարուցեալ Տիրոջմէն հայցեց, որ ընկերանայ նաեւ Քանատայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաշտութեան ուղեւորութեան ու սրտերը պատրաստէ փնտռելու համար ճշմարտութիւնը եւ եղբայրութիւնը։
խաղաղութիւնը պարտադիր է`բոլորի առաջնային պարտականութիւն է
«Իւրաքանչիւր պատերազմ իր հետ կը բերէ հետեւանքներ, որոնք կը ներգրաւեն համայն մարդկութիւնը։ Ի տես պատերազմի տակաւին շարունակուող նշաններուն, ինչպէս նաեւ կեանքի ցաւալի պարտութիւններուն դիմաց, Քրիստոս, մեղքին, վախին ու մահուան յաղթողը, մեզ կը խրախուսէ չյանձնուելու չարին ու բռնութեան։ Թոյլ տանք` որ Քրիստոսին խաղաղութիւնը յաղթէ մեզի։ Խաղաղութիւնը կարելի է. խաղաղութիւնը պարտադիր է, խաղաղութիւնը բոլորի առաջնային պարտականութիւնն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ