Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
1652693904415.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Քամիլիան միաբանութեան անդամները

ուրբ Քամիլուս տէ Լելիս, Աստուծոյ սիրով վերափոխուած, զգաց նոր կրօնական ընտանիքի կեանք տալու կոչումը, որպէսզի, ընդօրինակելով Յիսուսի կարեկցանքն ու քնքշանքը՝ մարմինով և հոգիով տառապողներու հանդէպ, ապրի սիրոյ պատուիրանը` ցնծութեամբ տարածելով Աւետարանի աւետիսը և խնամքի տակ առնելով ամէնէն փխրունը. Սրբազան Քահանայապետ

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր`16 Մայիսին ընդունեց Քամիլիան միաբանութեան անդամները՝ «Ո՞րն է Քամիլիան մարգարէութիւնը՝ այսօր»: բնաբանով Միաբանութեան Ընդհանրական ժողովին առիթով։

Սիրել սեփական ժամանակը և խոնարհութեամբ վկայել Աւետարանը

Սրբազան Պապը անոնց ուղղուած իր խօսքին մէջ գնահատեց դէպի աւետարանութիւն և մօտիկութիւն նոր ուղիներ գտնելու Քամիլիաններու շնորհը, որոնք զօրութենական հաւատարմութեամբ կ’իրականացնեն իրենց շնորհապարգևը՝ նուիրուելով հիւանդներու ծառայութեանը:

«Սուրբ Քամիլուս տէ Լելիս, Աստուծոյ սիրով վերափոխուած, զգաց նոր կրօնական ընտանիքի կեանք տալու կոչումը, որպէսզի, ընդօրինակելով Յիսուսի կարեկցանքն ու քնքշանքը՝ մարմինով և հոգիով տառապողներու հանդէպ, ապրի սիրոյ պատուիրանը` ցնծութեամբ տարածելով Աւետարանի աւետիսը և խնամքի տակ առնելով ամէնէ փխրունը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ընդգծեց ապա, որ՝ մենութիւն առաջացնող մերօրեայ անհատապաշտութեանը և անտարբերութեանը, «քրիստոնէական պատասխանը ոչ թէ ներկան համակերպուած հաւաստելու կամ անցեալի կարօտակէզ ափսոսանքի մէջ է, այլ այն գթութեան մէջ է, որ, ոգեշնչուած Նախախնամութեան հանդէպ վստահութեամբ, գիտէ ինչպէս սիրել սեփական ժամանակը և խոնարհութեամբ վկայել Աւետարանը»։

Սուրբ Քամիլլօ մարմնաւորուած մարգարէութեան տիպար

«Ճիշտ ասոր համար է, որ ձեր հիմնադիր սուրբը այն սուրբերէն է, որ լաւագոյնս կը մարմնաւորէ Բարի Սամարացիին ոճը», շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը և յորդորեց Միաբանութեան անդամներուն ոգեշնչուելու անորմէ՝ տառապանքի, հիւանդութեան և մահուան իրականութիւնը Յիսուսի աչքերով դիտելու համար. «Այսպիսով, դուք Քամիլիան մարգարէութիւնը կը դարձնէք մարմնաւորուած մարգարէութիւն, որը կը մղէ ուրիշներուն բեռը, ամէնէ խոցելի եղբայրներուն և քոյրերուն վէրքերը և անհանգստութիւնները կրել սեփական ուսերու վրայ»:

«Ձեր այս կենսակերպն ու առաքելութիւնը՝ նուիրուած յատկապէս հիւանդներուն, թոյլերուն և տարեցներուն, կը համատեղէ քրիստոնէական կեանքի երկու էական հարթութիւն. մէկ կողմէ՝ ուրիշներու հանդէպ ընկերական և առարկայական վկայութեան ցանկութիւնը, միւս կողմէ՝ ինքզինքը հասկնալու անհրաժեշտութիւնը՝ աւետարանական փոքրութեան կանոններուն համապատասխան», շարունակած է Պապը:

Դաշտային հիւանդանոցը

Ան հուսկ խօսքը աւարտեց՝ քաջալերելով Քամիլիան Միաբանութեան անդամները առաւելագոյնս արժեւորելու նաև աշխարհականներու՝ յատկապէս բուժաշխատողներու հետ համագործակցութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց այն ամէն բանի համար որ կ՛ընեն Եկեղեցւոյ ի նպաստ և եզրափակեց. «Եթէ մենք կ’ուզենք մարդոց առաջարկել «դաշտային լաւ հիւանդանոց», որտեղ վիրաւորները հնարաւորութիւնն ունենան հանդիպելու և զգալու Քրիստոսի մտերմութիւնն ու քնքշութիւնը, եթէ մենք այդ կ’ուզենք, ապա չենք կրնար զայն կատարել առանց Սուրբ Քամիլուս տէ Լելիսի շնորհապարգևին»։

Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտէն առաջ մաղթեց, որ Տէրն օրհնէ անոնց աշխատանքը, Աստուածամայրը միշտ ուղեկցի անոնց և խնդրեց չմոռնալ աղօթելու նաև իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2022, 12:13
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031