Որոնել

viaggio-apostolico-in-irlanda---xxiv-incontro-1535229128362.JPG

Ընտանիքներու հաւաքը` Հռոմը աշխարհին միացնող ժամադրութիւն

Հռոմը պիտի հանդիսանայ հաւաքի կեդրոնական վայրը բայց ան պիտի նշուի նաեւ աշխարհի տարբեր թեմերէն ներս, տեղական գետնի վրայ, ընտանիքներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Հաւաքը կազմակերպուած է Քահանայապետին «Սիրոյ ուրախութիւնը» շրջաբերականի վեցերորդ տարեդարձի եւ «Gaudete et Exsultate» առաքելական յորդորագիրի չորրորդ տարեդարձին առիթներով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 22 յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ սկիզբ կ՜առնէ Ընտանիքներու Համաշխարհային 10րդ հաւաքը, որ պիտի աւարտի յառաջիկայ կիրակի 26 յունիսին, որպէս բնաբան ունենալով «Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ճանապարհ»։

Անցեալ կիրակի օր, Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցուցած էր այս կարեւոր ձեռնարկի մեկնարկը , շնորհակալութիւն յայտնելով եպիսկոպոսներուն, ժողովրդապետներուն եւ ընտանիքներու Հովուական խնամակալութեամբ զբաղողներուն, իրենց ընտանիքներուն հետ ու անոնց ի նպաստ տարած գործունէութեան համար։ ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած էր նաեւ « ամուսնացեալներուն եւ ընտանիքներուն, որոնք պիտի վկայեն ընտանեկան սէրը, որպէս կոչում եւ ճանապարհ սրբութեան» ըսած էր Սրբազան Պապը։

Հռոմը արդարեւ պիտի հանդիսանայ վերոնշեալ հաւաքի կեդրոնական վայրը բայց ան պիտի նշուի նաեւ աշխարհի տարբեր թեմերէն ներս, տեղական գետնի վրայ, ընտանիքներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Հաւաքը կազմակերպուած է Քահանայապետին «Սիրոյ ուրախութիւնը» շրջաբերականի վեցերորդ տարեդարձի եւ «Gaudete et Exsultate» առաքելական յորդորագիրի չորրորդ տարեդարձին առիթներով։

Հանդիպումին օրակարգը

Հանդիպումի բացումը նախատեսուած է ինչպէս ըսինք վաղը` 22 Յունիսին երեկոյեան 6,45 անց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս «Ընտանիքներու փառատօնով», որուն կը մասնակցի նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ 23 Յունիսին նախատեսուած են չորս կլոր սեղաններ որոնց շարքին «Ամուսնացեալներ եւ քահանաները միասին` կառուցելու համար Եկեղեցին», եւ երկու բանախօսութիւններ որոնցմէ մէկը կեդրոնացած է «Ամուսնութեան առաջին տարիներուն ընկերանալ» նիւթին վրայ։

Ուրբաթ 24 Յունիսին կը քննարկուին զանազան նիւթեր, որոնց շարքին «կոչում եւ առաքելութիւն գոյութենական արուարձաններուն մէջ», իսկ շաբաթ 25 Յունիսին նախատեսուած է համաժողով` նուիրուած Պերլթրամէ - Քուաթրոքքի ընտանիքին ապա Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Քահանայապետին նախագահած Սուրբ Պատարագը։

Կիրակի 26 Յունիսին հաւաքը կ՛եզրափակուի Քահանայապետին Մարեմեան աղօթքով եւ Ընտանիքներուն յանձնուելիք առաքելութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2022, 13:00