Քահանայապետի ներկայութեամբ Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ Ընտանիքներու համաշխարհային 10րդ հանդիպումը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 22 Յունիս 2022 երեկոյեան 6,15ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս սկիզբ առաւ «Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ ճանապարհ սրբութեան» խորագիրով Ընտանիքներու համաշխարհային 10րդ հանդիպումը որուն բացումը կատարուեցաւ`«Ընտանիքներու փառատօն» ձեռնարկով, որուն միացաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Ընտանիքներու փառատօնը` վկայութիւններ
Փառատօնը սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրով, որուն առթիւ ելոյթ ունեցան «Իլ Վոլօ» իտալացի աշխարհածանօթ երեք «թենոր» երգիչները ու նաեւ կապ հաստատուեցաւ Քիեւի մէջ համախմբուած ընտանիքներուն հետ։
Նորին Սրբութիւնը փառատօնին միացաւ ժամը 18.45ին եւ անոր բարի գալուստի խօսք ուղղեց Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը։
Կարդինալ Ֆարրելէն ետք հինգ ընտանիքներ ներկայացուցին իրենց կեանքի վկայութիւնը. Առաջինը խօսեցաւ Ամուսնութեան կոչումի եւ ամուսնութեան ընտրանքը կատարելու մասին։ Երկրորդը շեշտը դրաւ սրբութեան ուղեւորութեան վրայ, պատմելով նաեւ ապրուած ցաւը Քիարա անունով իրենց դուստրին հիւանդութեան եւ վաղահաս մահուան բերումով։ Երրորդ վկայութիւնը ներկայացուցին Քոնկոյէն ժամանած զոյգ մը, որոնք ապրեցան ընտանեկան մեծ տագնապ մը `դաւաճանութիւնը, ապա ներումի եւ Աստուծոյ ողորմութեան միջոցաւ անոնք վերագտան իրենց անդորրութիւնը։ Չորրորդ վկայութիւնը. Ներկայացուցին Փիեթրօ եւ Էրիքա Չիրիաքօ ամոլը, որոնք իրենց վեց զաւակներով իրենց ընտանեկան յարկին տակ հիւրընկալած են Իրինան եւ անոր դուստրը Սոֆիան, որոնք փախուստ տուած են Ուքրանիայի պատերազմէն։ Անոնք շեշտը դրին հիւրընկալութեան վրայ եւ Ընտանիքը որպէս հիւրընկալութեան վայր նիւթին վրայ։
Հինգերորդ ու վերջին վկայութիւնը ներկայացուց մահմետական կրօնի պատկան Զաքիա Սըտտիքին` Քոնկոյի մէջ 2021ին սպաննուած Լուքա Աթանազիօ Իտալացի դեսպանին այրին իր երեք զաւակներով։
Քահանայապետին ճառը
Վկայութիւններէն ետք խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ նախ եւ առաջ իր խնդակցութիւնը արտայայտեց համախմբումին համար ու իր մասնակցութեան համար վերջին ժամանակաշրջանի «ցնցիչ» իրադարձութիւններէն ետք, որոնք «նշանաւորեցին մեր կեանքը» ըսաւ Ան, ակնարկելով, համավարակին ու Եւրոպայի մէջ պատերազմին, որոնց կ՛աւելնան այլ պատերազմներ «որոնք կը տառապեցնեն մարդկային ընտանիքը» յարեց Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Կարդինալ Ֆարրելին եւ Կարդինալ Տէ Տոնաթիսին ու բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան Աշխարհականներու Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան ու Հռոմի Թեմին հետ կարելի դարձնելով այս հանդիպումը։
Շնորհակալութիւն ընտանիքներուն
Նորին Սրբութիւնը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց ընտանիքներուն որոնք ժամանած են աշխարհի տարբեր վայրերէն ու յատկապէս անոնց` որոնք իրենց վկայութիւնները տուին։
Բազմաթիւ ընտանիքներու ձայնը. Քալել Միասին
«Դուք ձայն տուիք աշխարհի բազմաթիւ ընտանիքներուն, որոնք ձեր նման կ՜ապրին միեւնոյն ուրախութիւնները, ցաւերը, տարակոյսներն ու յոյսերը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը արտայայտելով աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն, ապա քաջալերելով զանոնք մեկնիլ իրական կացութենէն ու ջանալ քալել միասին, «միասին այլ ընտանիքներու հետ, միասին Եկեղեցւոյ հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը մտաբերելով Բարի Սամարացին որ օգնեց ճամբուն ծայրը գտնուող վիրաւոր մարդուն։
Եկեղեցին` բարի սամարացի
«Ես կ՛ուզեմ որ այս ըլլայ ձեզի համար Եկեղեցին։ Բարի սամարացի մը` որ ձեզի կը մօտենայ ու ձեզ կ՜օգնէ շարունակելու ուղեւորութիւնը եւ քայլ մը աւելի յառաջ երթալու, նոյնիսկ եթէ այդ քայլը փոքր է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու շեշտը դրաւ իր ճառէն առաջ ներկայացուած ընտանիքներուն վկայութիւններուն վրայ որպէս առանցք ընտրելով «մէկ քայլ աւելի» խօսքը։
Մէկ քայլ աւելի դէպի ամուսնութիւն
Մեկնաբանելով առաջին վկայութիւնը Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ «Մէկ քայլ աւելի դէպի ամուսնութեան» մասին։ Լուիճին ու Սերենան պատմած էին թէ ինչպէս իրենց ապրած ընտանեկան փորձառութեան մէջ դժուարութիւն գտած են զիրենք ընդունող եկեղեցական հասարակութեան մը մէջ տեղ գտնելու։ Ասկէ մեկներով Քահանայապետը հրաւիրեց խորհրդածել ապա դարձի գալ եւ սկսիլ քալել որպէս Եկեղեցի, «որպէսզի թեմերը եւ ժողովրդապետութիւնները դառնան «բաց ձեռքերով ընկալող հասարակութիւններ»։
Ամուսնութիւնը սքանչելի պարգեւ
Քահանայապետը հաստատեց ապա թէ Ամուսնութիւնը սքանչելի պարգեւ մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ աստուածային սէրը, որ զօրեղ է, մնայուն, հաւատարիմ ու կարող վերականգնելու որեւէ անկումէ կամ ձախողութենէ ետք։
«Ամուսնութիւնը ձեւականութիւն չէ» ըսաւ Սրբազան Պապը Ամուսնութեան չենք դիմեր հնազանդելու համար օրէնքի մը կամ կանոնի մը կամ որովհետեւ զայն կը պահանջէ Եկեղեցին։ Կ՛ամուսնանաք որովհետեւ կ՛ուզենք ամուսնութիւնը հիմնել Քրիստոսի սիրոյն վրայ, որ հաստատ է ժայռի նման» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ընտանիքները յառաջ ընթանալու վստահելով Աստուծոյ որ ամուսնութեան եւ ընտանիքին մէջ իր ներկայութեամբ թիկունք կը կանգնի ամէն օր։
Մէկ քայլ աւելի ողջագուրելու Խաչը
Ակնարկելով այլ ամոլի մը վկայութեան, որոնք ապրեցան իրենց դուստրին հիւանդութիւնը ու զայն կորսնցնելու ցաւը` որպէս իրենց կեանքի խաչ, Սրբազան Պապը դիտել տուաւ որ «Խաչը մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր մարդու եւ ընտանիքի կեանքին» ապա մատնանշեց անոնց մեծ հաւատքին, որ զիրենք մղեց ցաւէն անդին երթալու եւ բացուելու աւելի մեծ ծրագիրի մը. Աստուծոյ խորհրդաւոր ծրագիրը, յաւիտենականութիւնը, Երկինքը։
Մէկ քայլ աւելի դէպի ներում
Մէկ քայլ աւելի դէպի ներումը եղաւ ապա Քահանայապետին խօսքը ուղղուած Քոնկոյէն Փոլ եւ Ժերմէն զոյգին, որոնք ապրեցան ամուսնական կեանքին տագնապը, անհաւատարմութեան, անկեղծութեան պակասի, դրամի սխալ օգտագործման ու սրտերու կարծրացումի պատճառաւ։
Բայց եւ այնպէս անոնց պատմութիւնը այսօր յոյս կը ներշնչէ։ Արդարեւ ամենախաւար պահուն Տէրը լսեց Փոլին աղաղակը եւ փրկեց ամուսնութիւնը։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ամովսականն կեանքէն ներս դժուարութիւններուն ու սիրոյն` որ կը կապէ զոյգը, որ չի փափաքիր անշուշտ որ այդ կապը խզուի կամ սէրը ու միասին կառուցուած պատմութիւնը խորտակուի եւ ասոր համար, երբ վրայ կը հասնի տագնապը անիկայ միայն չարչարանք կը պատճառէ։
Փոթորիկին մէջ Աստուած կը տեսնէ մեր սիրտը
«Բայց նոյնիսկ փոթորիկին մէջ Աստուած կը տեսնէ այն ինչ` որ ունինք մեր սրտին մէջ» յարեց Սրբազան Պապը, դիտել տալով, որ Ան մեր օգնութեան կը հասնի ինչպէս պատահեցաւ Փոլին եւ Ժէրմէնին, որոնք հանդիպելով աշխարհական խումբի մը, որ կը զբաղի ընտանեկան հարցերով, սկսան մօտեցումի նոր ճանապարհ մը, որով կարողացան վերականգնել իրենց յարաբերութիւնը, խօսիլ իրար հետ, բացուիլ անկեղծութեամբ, ընդունիլ սխալները, աղօթել միասին ապա յանգիլ հաշտութեան ու ներումին։
Ներումը վէրքեր կը բուժէ
«Ներումը կը բուժէ բոլոր վէրքերը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով Անառակ Որդիի առակին ու տօնախմբութեան,« թէեւ, ըսաւ Ան, այս պարագային կորուստի մատնուածը զաւակը չէր այլ ծնողները», նշելով, որ այս մէկը կրնայ օրինակ մը ըլլալ միւսներուն ու նոյնիսկ զաւակներուն, որոնք կարող են սայթաքիլ բայց պիտի յիշեն, որ Տէրը միշտ մեզ կը վերականգնեցնէ։
Քայլ մը աւելի դէպի հիւրընկալութիւն
Քայլ մը աւելի դէպի հիւրընկալութիւն եղաւ Սրբազան Պապին խօսքը ուղղուած Ուքրանացի Իրինային եւ անոր դուստր Սոֆիային, որոնք փախչելով Ուքրանիոյ պատերազմէն բախտը ունեցան հիւրընկալուելու վեց զաւակներով իտալացի ընտանիք մը յարկին տակ։
Ձեր մէջ կը տեսնենք բազմաթեւ մարդոց եւ կիներու դիմագիծերը եւ պատմութիւնները, որոնք ստիպուած եղան փախչիլ իրենց երկրէն եւ փորձարկեցին բարի մարդոց զօրակցութիւնը։ «Մարդուս ամենավատ եւ ամենագեղեցիկ կողմը ապրեցաք» յարեց Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով նաւ Փիեթրոյին եւ Էրիքային, իրենց այդ հիւրընկալ կեցուածքին համար եւ հակառակ իրենց բազմանդամ ընտանիքին, չի հրաժարեցան օգնութեան ձեռք երկարելէ անոր որ կարիքի մէջ էր։
Ընտանիքը հիւրընկալութեան վայր
Ընտանիքին մէջ կ՜ապրուի հիւրընկալութեան շարժականութիւնը, որովհետեւ նախ եւ առաջ ամուսնացեալները կ՜ընկալեն մէկը միւսին, ապա երբ աշխարհ կը բերեն զաւակները կ՜ընկալեն նաեւ անոնց կեանքը։ Ընտանիքները հիւրընկալութեան վայրեր են եւ վայ մեզի եթէ անոնք պակսին։ Ընկերութիւնը կը դառնայ շատ աւելի սար եւ անբնակելի ։
Քայլ մը աւելի դէպի եղբայրութիւն
Վերջին վկայութիւնը եղբայրութեան վկայութիւն մըն էր, որուն համար Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Զաքիային իր անձնական պատմութիւնը կիսելուն համար, ինք` որ իսլամ էր եւ ամուսինը քրիստոնեայ։ Իրենց ամուսնութիւնը հիմնած էին իսկական սիրոյ վրայ, յարգանքի, զօրակցութեան եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան վրայ»։
Լուքայի մահէն ետքը Զաիքան հիմնեց հիմնարկութիւն մը` որ յառաջ կը տանի դեսպանին առաքելութիւնը, որ դիւանագիտական արգելութենէն դարձաւ «խաղաղութեան առաքելութիւն», որ կը ներգրաւէ համայն ընտանիքը։
Զաքիայի եւ Լուքային մէջ կը տեսնենք մարդկային սիրոյ գեղեցկութիւնը, կենաքին նկատմամբ սէրը, անձնուիրումը ու նաեւ հաւատարմութիւնը սեփական կրօնի ու կրօնական աւանդութիւններու նկատմամբ, որոնք ներշնչումի եւ ներքին ուժի աղբիւր են։
Եղբայրութեան իտէալը
Ձեր ընտանիքն մէջ կ՜արտայայտուի եղբայրութեան իտէալը։ Դուք ամուսին ու կին ըլլալէն անդին ապրեցաք եղբայրութիւնը մարդկայնութեան մէջ, եղբայրներ տարբեր կրօններու փորձառութեամբ, եղբայրներ ընկերային յանձնառումին մէջ։
Այս մէկն ալ դպրոց մըն է որ կարելի է յաճախել ընտանիքին մէջ։ Ապրելով անոր հետ, որ ինձմէ տարբեր է, կը սորվինք ապրիլ որպէս եղբայր ու քոյր ընտանիքին մէջ։ Կը սորվինք յաղթահարել բաժանումները, նախապաշարումները, փակումները եւ միասին կը կառուցենք աւելի մեծ ու գեղեցիկ բան մը, մեկնելով այն բաներէն. որոնք մեզ կը միացնեն։
Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի առաքելութիւն մը
«Ձեր օրինակը մեզի յոյս կը ներշնչէ եւ թոյլ կու տայ որ յոյսով նայինք մեր այս բռնութիւններով թշնամութեամբ յօշոտուած աշխարհին» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը որ ճառը աւարտեց հաստատելով որ իւրաքանչիւր ընտանիք աշխարհին մէջ ունի իրականացնելիք առաքելութիւն մը եւ տալիք վկայութիւն մը։
Դուք ձեզ Սուրբ Հոգիի ձայնին ունկնդրութեան տակ դրէք։ Թոյլ տուէք որ Տէրը բարեփոխէ ձեզ, որպէսզի ձեր կարգին կարող ըլլաք բարեփոխել աշխարհը ու զայն դարձնէք «տուն» մը անոր համար` որ կարիքը ունի հիւրընկալուելու, անոր որ պէտք ունի հանդիպելու Քրիստոսին եւ ինքզինք սիրուած զգալու։
«Մենք պէտք է ապրինք մեր աչքերը սեւեռած դէպի Երկինք ինչպէս կ՜ըսէին Մարիա Եւ Լուիճի Պելթրամէ Քուաթթրոքքի երանելիները իրենց զաւակներուն, դիմակայելով կեանքին ուրախութիւններն ու յոգնութիւնները» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն եւ իր սովորութեան համաձայն ճառը եզրափակեց խնդրելով` որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ