«Քնքշութեան վարպետները».Պապին ծրագիրը տարեցներուն համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 30 յունիսին, «Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց» քահանայապետական կազմակերպութիւնը լոյս ընծայեց ֆրանչիսկոս Պապին յուլիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, որուն մէջ ֆրանչիսոս Պապ կը հրաւիրէ աղօթել տարեցներուն, մեծ հայրիկներու եւ մայրիկներուն համար նկատել տալով որ անոնք կը ներկայացնեն ժողովուրդներուն արմատներն ու յիշողութիւնը։ Սրբազան հայրը կը խնդրէ, որ աղօթենք տարեցներուն համար, որպէսզի անոնց փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը օգնեն երիտասարդներուն՝ ապագային յոյսով եւ պատասխանատուութեամբ նայելու։
«Պապին աղօթքի քահանայապետական ցանց կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Պապին յուլիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութիւնը կը զուգադիպի տարեցներուն համաշխարհային երկրորդ օրուան տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24 յուլիսին, ըլլայ հռոմի, ըլլայ աշխարհի բոլոր թեմերուն մէջ։
Պատկերասփռուած պատգամի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ
«Կարելի չէ խօսիլ ընտանիքի մասին, առանց խօսելու տարեցներու, մեծ հայրիկներու եւ մայրիկներու կարեւորութեան մասին։
Մենք երբեք այսքան բազմաթիւ չենք եղած մարդկութեան պատմութեան մէջ, սակայն չենք գիտեր ինչպէս ապրիլ այս կեանքի նոր փուլը։ Ծերութեան համար կան բազմաթիւ խնամակալութեան ծրագիրներ, բայց գոյութենականութեան քիչ ծրագիրներ։
Մենք, տարեց անձերը, ունինք յաճախ առանձնայատուկ զգայնութիւն մը խնամքի, մտորումներուն եւ սիրոյ հանդէպ։ Մենք քնշքութեան վարպետներ ենք, կամ ալ կրնանք դառնալ։ Կարիքը ունինք քնքշութեան իսկական յեղափոխութեան պատերազմով բնորոշուած այս աշխարհին մէջ։ Ասոր մէջ ունինք մեծ պատասխանատուութիւն մը նոր սերունդներուն հանդէպ։
Յիշենք, մեծ հայրիկները, մայրիներն ու տարեցները, անոնք հաց են, որ կը սնանեն մեր կեանքը, անոնք ժողովուրդի մը թաքնուած իմաստութիւնն են, ասոր համար գեղեցիկ է, որ իրենց համար տօնակատարենք եւ այս պատճառաւ է որ իրենց նուիրուած օր սահմանեցի։
Աղօթենք տարեցներուն համար, որպէսզի անոնք դառնան քնքշութեան վարպետներ, որպէսզի անոնց փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը օգնեն երիտասարդներուն՝ ապագային յոյսով եւ պատասխանատուութեամբ նայելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ