Որոնել

logo-visita-papa-francesco-laquilaAEM.jpg

Աքուիլա քաղաքը կը պատրաստուի ընդունելու Ֆրանչիսկոս Պապին

Նորին Սրբութիւնը քաղաքը պիտի այցելէ Կեղեստինեան Ներումի 728րդ տօնախմբութեան առիթով, որ սկիզբ կ՜առնէ Քոլլեմաճճոյի Պազիլիքային Սուրբ Դռան բացումով, որով բոլոր անոնք` որոնք մուտք կը գործեն այդ դուրէն, զղջացած եւ խոստովանած իրենց մեղքերը ու կը մօտենան Սուրբ Հաղորդութեան աղօթելէ ետք Հաւատամքը, Հայր մերը, Ողջոյն քեզ Մարիամը եւ Փառք Հօրը, Քահանայապետի դիտաւորեալութիւններուն համաձայն կ՜ընդունին լիակատար ներում
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 օգոստոսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կէս օր այցելութեամբ կը մեկնի Աքուիլա` քաղաքը, որ 2009-ին Իտալիոյ այլ շրջաններու շարքին թիրախ դարձաւ ահաւոր երկրաշարժի մը, որուն պատճառած նիւթական ու հոգեբանական հետեւանքները` տակաւին զգալի եւ տեսանելի են մինչեւ օրս։

Սուրբ Դուռը
Սուրբ Դուռը

Կեղեստինեան Ներումի 728րդ տօնախմբութիւն

Նորին Սրբութիւնը քաղաքը պիտի այցելէ Կեղեստինեան Ներումի 728րդ տօնախմբութեան առիթով, որ սկիզբ կ՜առնէ Քոլլեմաճճոյի Պազիլիքային Սուրբ Դռան բացումով, որով բոլոր անոնք` որոնք մուտք կը գործեն այդ դուրէն, զղջացած եւ խոստովանած իրենց մեղքերը ու կը մօտենան Սուրբ Հաղորդութեան աղօթելէ ետք Հաւատամքը, Հայր մերը, Ողջոյն քեզ Մարիամը եւ Փառք Հօրը Քահանայապետի դիտաւորութիւններուՆ համաձայն, կ՜ընդունին լիակատար ներում, զոր շնորհուած է Կելեստինոս Ե Քահանայապետի «Inter sanctorum solemnia» կոնդակով, 1294 թուականին` Անոր Քահանայապետ ընտրուելէն մէկ ամիս ետքը։

Բանտարկեալներու մասնակցութիւնը

Արարողութեան` զոր առաջին անգամն ըլլալով պիտի գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Պապը, պիտի մասնակցին Աքուիլայի եւ Ապրուցցօ Մարզի այլ շրջաններէն այս առթիւ Աքուիլա ժամանած բանտարկեալներ։

Քահանայապետին հարցազրոյցը

Աքուիլա չմեկնած Քահանայապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Il Centro» տեղական օրաթերթին հետ, որուն մէջ արտայայտեց իր մօտիկութիւնը` 6 ապրիլ 2009ին երկրաշարժի աղէտէն տուժողներուն, դիտել տալով որ «ցաւն ու տառապանքը միշտ խորհուրդ մըն են» ու թէ Յիսուս եւս ապրեցաւ ցաւին փորձառութիւնը բայց մեզի սորվեցուց, թէ ճիշտ այդ պահուն` երբ կը թուայ որ ամէն բան կորսուած է մենք պէտք է վստահինք Աստուծոյ։

Վստահիլ Աստուծոյ

«Կարելի չէ ոչ մէկ վերածնունդ` առանց այդ վստահութեան արարքին, Անոր հանդէպ` որ իշխանութիւնը ունի մեր ձեռքը բռնել ճիշտ այն պահուն երբ բոլոր մեր միւս վստահութիւնները փուլ կու գան» նշեց Քահանայապետը, որ ակնարկելով Ներումի արարողութեան հաստատեց` թէ «շատ աւելի մեծ ուժի կը կարօտինք ներերու համար քան պատերազմներ կատարելու», ու թէ այս մէկը կարիքը ունի «ներքին ու մշակութային հասունութեան», ապա թէ «պէտք է մշակել խաղաղութեան մշակոյթ մը, որ այդ հասունութենէն անցնելով հասնի ներումին»։

Կղեմես Ե Պապին դամփանը
Կղեմես Ե Պապին դամփանը

Ներումը  պատերազմի դէմ զէնք

«Ներումը միակ զէնքէն է որեւէ մէկ պատերազմի դէմ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմին, որուն զոհերն են միշտ անմեղները։ «Չարը կարելի չէ յաղթել չարով, այլ միայն բարիով» շեշտեց ի միջի այլոց Ան։

Աւետարանական աղքատութիւնը ազատութեան վարուելակերպ

Սրբազան Պապը խօսեցաւ նաեւ աղքատութեան մասին, ընդգծելով, որ պէտք է զանազանել աղքատութիւնը` որ պտուղն է անարդարութեան եւ աւետարանական աղքատութիւնը, որ տիրապետութենէն, սեփականացումէն ազատութիւն է։

Առաջինը պէտք է դիմագրաւել արդարութեամբ եւ զօրակցութեամբ, մինչ երկրորդը պէտք է ընտրել որպէս ճանապարհ` որ կը տանի դէպի իսկական խաղաղութիւն։

«Միայն երբ մենք ստրուկ չենք սեփականացումին, այդ ժամանակ կարելի է փորձարկել այն ներքին խաղաղութիւնը, որ մեզ երջանիկ կը դարձնէ կեանքի իւրաքանչիւր բանի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով` որ «քրիստոնեային համար աղքատութիւնը աշխարհի մէջ ապրելու ոճ մըն է` վարուելակերպն է անոր` որ իսկապէս ազատ է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2022, 10:00