Որոնել

Խաղաղութիւնը կը կառուցի ընկալուած եւ շնորհուած ներումով. Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Քոլլեմաճոյի մէջ

«Մինչեւ այն ժամանակ որ պիտի չի հասկնանք Աւետարանի յեղափոխութիւնը պիտի շարունակենք ականատես ըլլալ պատերազմներու, բռնութիւններու եւ անարդարութիւններու, որոնք ուրիշ բան չեն եթէ ոչ ներքին ազատութեան պակասը, եւ այնտեղ ուր այս ազատութիւնը կը պակսի տեղ կը գրաւեն անհատապաշտութիւնը, շահերը եւ ճնշումները»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 օգոստոսին, Աքուիլա կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Աքուիլայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ տարածքին հանդիպելէ ետք 2009-ի երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն, Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Սանթա Մարիա ին Քոլլեմաճճօ Պազիլիքա, ուր նախագահեց Սուրբ Պատարագին, որուն աւարտին նոյն վայրին մէջ արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, ապա կատարեց Կղեստինեան Ներումի Սուրբ Դռան բացման արարողութիւնը։

Քոլլեմաճճոյի մէջ սուրբ պատարագ
Քոլլեմաճճոյի մէջ սուրբ պատարագ

Կղեստինեան ներումը եւ Կղեստինոս Ե Պապը

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Պապը մատնանշեց, թէ այսօրուան պատարագը կը կատարուի այս քաղաքի ու եկեղեցւոյ յատուկ օրուայ մը առիթով` որ է Կղեստինեան Ներումը։

«Այստեղ պահպանուած են Կղեստինոս Ե սուրբ Պապին մասունքները։ Այս մարդը իրականացուց սուրբ գրքին խօսքերը. «Որքան դուն մեծ ես այնքանով խոնարհ դարձիր եւ շնորհք պիտի գտնես Տիրոջ մօտ», յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Կղեստինոս Պապը չեղաւ ոչ-ի Քահանայապետը ինչպէս յայտնած է Տանթէն «Աստուածային կատակերգութեան» մէջ, այլ եղաւ Այո-ի մարդը։

Հեզերու ուժը

Արդարեւ չկայ այլ կերպ մը Աստուծոյ կամքը կատարելու եթէ ոչ ընդունելով խոնարհներու ուժը։ Անոնք մարդոց աչքերուն կը յայտնուին որպէս տկարներ եւ պարտուածներ, բայց իրականութեան մէջ անոնք իսկական յաղթողներ են, որովհետեւ միակներն են, որոնք կը վստահին Տիրոջ ու կը ճանչնան Անոր կամքը, արդարեւ գրուած է «Աստուած հեզերուն պիտի յայտնէ իր գաղտնիքները»։

«Աշխարհական հոգիին մէջ ուր կը գերակշռէ հպարտութիւնը, Աստուծոյ այսօրուան Խօսքը մեզ կը հրաւիրէ դառնալու հեզ ու խոնարհ։ Խոնարհութիւնը չի կայանար մենք մեզ թերագնահատելու մէջ, այլ այն առողջ իրազեկութիւնն է` որով կը գիտակցինք մեր ուժերուն ու մեր թշուառութիւններուն, որոնցմէ մեկնելով է, որ մեր հայեացքը մեր վրայէն վերցնելով զայն կը սեւեռենք Աստուծոյ` Անոր, որ կարող է ամէն բան», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Խոնարհներուն ուժը Տէրն է ոչ թէ ռազմավարութիւնները» ու դիտել տալով որ «այս իմաստով Կղեստինոս Ե եղաւ Աւետարանի արի վկան, որովհետեւ ոչ մէկ իշխանութեան տրամաբանութիւն կարողացաւ զինք կալանաւորել կամ կառավարել»։

Ողորմութեան ուժը

«Անոր մէջ կը տեսնենք աշխարհի տրամաբանութիւններէ ազատ Եկեղեցի մը եւ լիապէս վկայ Աստուծոյ այն անունին` որ է Ողորմութիւն։ Այս է Աւետարանին սիրտը, որովհետեւ ողորմութիւն կը նշանակէ գիտնալ թէ սիրուած ենք» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով, որ «Հաւատացել ըլլալ չի նշանակեր մօտենալ մեզի վախ պատճառող Աստուծոյ» ու թէ «մենք յարեցանք Յիսուսին, Աստուծոյ Որդւոյն, որ Հօր Ողորմութիւնն է եւ փրկող սէր է»։

Քոլլեմաճճոյի մէջ սուրբ պատարագ
Քոլլեմաճճոյի մէջ սուրբ պատարագ

«Ողորմութիւնը փորձառութիւնն է մենք մեզ զգալու ընկալուած, վերականգնուած, վերազօրացած, բժշկուած եւ քաջալերուած» աւելցուց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Ներուած ըլլալը կը նշանակէ փորձարկել այսօր եւ այժմ, այն ինչ որ յարութեան կը նմանի։ Ներումը մահէն կեանք անցնում է, յանցաւորի անձկութենէն ազատութեան եւ ուրախութեան անցնելու փորձառութիւնն է։ Թող` որ այս ժամանակը ըլլայ ներումի ժամանակ ոչ միայն տարին մէկ անգամ այլ մշտապէս։ Այդպէս է, որ կը կառուցի խաղաղութիւնը, ընկալուած եւ շնորհուած ներումով» յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը, եւ ակնարկեց առաւօտեան Աքուիլա ժամանումին մարախուղի պատճառաւ ինքնաթիռին գտած դժուարութեան։ «Ուղղաթիռի օդաչուն չէր կարող վայրէջք կատարել, ու կը դառնար, կը դառնար, մինչեւ այն պահուն երբ նշմարեց փոքր խորշ մը եւ այնտեղէն մուտք գործեց ու վայրէջք կատարեց` վարպետութեամբ։

«Այդ պահուն մտածեցի թշուառութեան։ Յաճախ երբ մենք կը նայինք մենք մեզի կը հասկնանք թէ ոչինչ ենք, ու կը դառնանք, կը դառնանք...եւ Տէրը յաճախ փոքր անցք մը կը բանայ. «Հոն մտիր` անոնք Տիրոջ վէրքերն են։ Հոն կայ ողորմութիւնը. Անիկա քու թշուառութեանդ մէջ Տիրոջ բացած խորշն է» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Տառապանքէն քաղուած դասը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, դուք շատ տառապեցաք երկրաշարժին պատճառաւ, եւ որպէս ժողովուրդ կը փորձէք վերականգնիլ։ Այն անձը, որ տառապեցաւ պէտք է դաս քաղէ այդ տառապանքէն, պէտք է հասկնայ որ փորձարկուած խաւարին մէջ իրեն պարգեւուեցաւ շնորհք մը, հասկնալու համար ուրիշներուն ցաւերը ։

«Դուք կարող էք կառուցել ողորմութեան պարգեւը, որովհետեւ գիտէք ի՞նչ ըսել է ամէն բան կորսնցնել, որովհետեւ ապրեցաք թշուառութեան փորձառութիւնը», շարունակեց Քահանայապետը ու ակնարկեց «հոգեկան երկրաշարժին», որ կը փորձարկէ մեզմէ իւրաքանչիւրս, ուր կարելի է ամէն բան կորսնցնել, բայց նաեւ կարելի է դաս քաղել հեզութենէն»։

Քոլլեմաճճոյի մէջ սուրբ պատարագ
Քոլլեմաճճոյի մէջ սուրբ պատարագ

Ծառայել եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունիլ

Սրբազան Պապը ակնարկեց հուսկ օրուան Աւետարանին, ուր կը պատմուի որ Յիսուս հրաւիրուած էր փարիսեցիի մը տունը եւ կը նշմարէ թէ ինչպէս ամէն ոք կը ջանայ առաջին տեղերը գրաւել եւ ասկէ մեկնելով կը պատմէ առակ մը` որուն մէջ կը յորդորէ առաջին տեղերը չգրաւել, այլ վերջինները։

Քրիստոնեան գիտէ, որ իր կեանքը այս աշխարհին ոճով յաջողակ ապրելակերպի մը կեանք չէ այլ Քրիստոսի ոճով կեանք է, որ իր մասին ըսաւ` թէ եկած է ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու։

Քոլլեմաճճոյի մէջ սուրբ պատարագ
Քոլլեմաճճոյի մէջ սուրբ պատարագ

Աւետարանի յեղափոխութիւնը

«Մինչեւ այն ժամանակ որ պիտի չի հասկնանք Աւետարանի յեղափոխութիւնը պիտի շարունակենք ականատես ըլլալ պատերազմներու, բռնութիւններու եւ անարդարութիւններու, որոնք ուրիշ բան չեն եթէ ոչ ներքին ազատութեան պակասը, եւ այնտեղ ուր այս ազատութիւնը կը պակսի տեղ կը գրաւեն անհատապաշտութիւնը, շահերը եւ ճնշումները», յարեց ապա Սրբազան Պապը ու մաղթեց որ Աքուիլան իսկապէս ըլլայ Ներումի, խաղաղութեան եւ հաշտութեան մայրաքաղաք եւ գիտնայ բոլորին նուիրել Յիսուսին մեզի յիշեցուցած խօսքերը. «Ան` որ իր անձը պիտի բարձրացնէ պիտի խոնարհի եւ ով որ խոնարհի պիտի բարձրանայ»։

Սրբազան Պապը ապա քարոզը աւարտեց դիմելով Սուրբ Կոյս Մարիամին որպէսզի իր Մայրական բարեխօսութեամբ համայն աշխարհին համար ընդունի ներում եւ խաղաղութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2022, 10:44