Որոնել

Հրդեհի պատճառով զոհ գացած անձերուն ընտանեկան պարագաները Հրդեհի պատճառով զոհ գացած անձերուն ընտանեկան պարագաները  

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Կիզայի եկեղեցւոյ մէջ հրդեհէն տուժած հաւատացեալներուն։

Կարդինալ Փարոլինին ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական գիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը ու աղօթքը կ՝ապահովուէ հրդեհէն տուժած հաւատացեալներուն ու Աստուծոյ ողորմած սիրոյն կը յանձնէ զոհերն ու անոնց ընտանեկան պարագաները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 18 օգոստոսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յանուն ֆրանչիսկոս Պապին ցաւացկագիր մը յղեց Ղպտի ուղղաբար եկեղեցւոյ պետ Թաուատրոս Բ Պատրիարքին, 14 օգոստոսին, Եգիպտոսի Կիզա Նահանգին Ապու Սէյֆէյն եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով զոհ գացած հաւատացեալներուն մահուան տխուր առիթով։

Ցաւակցագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրեցաւ Ապու Սէյֆէյն եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով զոհ գացած հաւատացեալներուն համար, որոնց շարքին կան կարգ մը մանուկներ եւ Ապտուլ Պահքիթ եպիսկոպոսը։

«Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցութիւնները եւ հոգեւոր մօտիկութիւնը ապահովուելով վիրաւորներուն եւ այդ ողբերգութենէ տուժած հաւատացեալներուն ու յանձնելով Աստուծոյ ողորմած սիրոյն զոհերն ու անոնց ընտանեկան պարագաները, բոլորին համար կը հայցէ Տիրոջ մխիթարութիւնն ու զօրութիւնը։» Գրած է ցաւակցագիրին մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղարը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2022, 09:31