Որոնել

Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ պատերազմը Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ պատերազմը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Տիրամօր վստահինք Ուքրանիան եւ աշխարհի ճակատագիրը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութիւնը եզրափակելէ առաջ դարձեալ խնդրեց, որ չմոռնանք Ուքրանիան ապա մտաբերելով Լեհաստանի Չեսթոքոա սրբավայրին մէջ կայացած ուխտագնացութիւնը յիշեց Լեհաստանի մէջ հիւրընկալուած ու բնակարան գտած բազմաթիւ Ուքրանացիները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 17 օգոստոսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ հաւատացեալներուն ու ուխտաւորներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց Ուքրանիան շեշտելով, որ պէտք չէ մոռնալ Ուքրանիան որ վերջին վեց ամիսներու մէջ կ՝ապրի պատերազմի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց նաեւ այն շատ մը Ուքրանացիները որոնք հիւրընկալուած ու բնակարան գտած են Լեհաստանի մէջ ու անոնցմէ շատեր այս օրերուն կը գտնուին հազարաւոր ուխտաւորներու մէջ, որոնք կը կը ժամանեն Եասնա Կորա Տիրամօր սրբավայրը, աղօթելու համար աշխարհի խաղաղութեան համար։

Յայտնենք, թէ ֆրանչիսկոս Պապ շատ անգամ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Լեհաստանին, Ուքրանացի գաղթականները ընդունելու համար։ Անոնց շարքին կը յիշենք անցեալ աւագ չորեքշաբթի մոխրոց օրուան արարողութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս պապին շնորհակալութեան խօսքը որուն մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լեհաստանի նշելով թէ անոնք առաջինները եղան որ աջակցեցան Ուքրանիոյ բանալով իրենց սահմանները, սիրտերը եւ տան դռները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2022, 12:33