«Միութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ» կարգախօսով սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ղազախստան այցելութիւնը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի 13 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Վատիկանէն փոխադրուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն ժամը 7,36-ին, իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն ու լրագրողներուն հետ միասին ուղղուեցաւ Ղազախստանի մայրաքաղաք` Նուր Սուլթան մասնակցելու համար, 14 եւ 15 սեպտեմբերին կայանալիք Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 7րդ Համագումարին ու նաեւ այցելելու տեղական կաթողիկէ փոքր հասարակութիւնը, որպէս ճամբորդութեան կարգախօս ունենալով «Միութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ»։
38րդ առաքելական ճամբորդութիւն
Այս առաքելական ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Քահանայապետութեան միջազգային 38րդ ճամբորդութիւնը, որ սկիզբ առաւ այսօր 13 սեպտեմբերին ու պիտի աւարտի միւս օր 15 սեպտեմբերին։ Ֆրանչիսկոս Պապը երկրորդ Քահանայապետն է, որ կ՜այցելէ Ղազախստանը Սուրբ Յովհանէս Պօղոս Բ 2001ին կատարած առաքելական այցելութենէն ետք։ Այցելութիւնը, որ երջանկայիշատակ Քահանայապետը կատարած էր ճիշդ Նիու Եորքի երկուորեակ աշտարակներուն վրայ յարձակումէն մի քանի օրեր ետքը, երբ աշխարհը կ՜ապրէր տակաւին վախի մթնոլորտի մէջ։ Եւ ահա Ֆրանչիսկոս եւս Երկիրը կ՜այցելէ երբ պատերազմի ստուերը ու հիւլէական ռումբի սպառնալիքը մտավախութիւն կը յառաջացնէ ամենուրէք։ Կ՜ապրինք համաշխարհային երրորդ պատերազմ մը հաստատեց վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապը, ինչպէս իր նախորդները ինք եւս պատերազմը որակելով «անհեթեթութիւն» որուն հակաթոյնը տիեզերական եղբայրութիւնն է։ Եղբայրութիւն` զոր Քահանայապետը մեծ հաւանութեամբ պիտի առաջարկէ իր այս եռօրեայ ճամբորդութեան ընթացքին։
Հանդիպումները
Այս առթիւ Ան պիտի մասնակցի վերոնշեալ կրօնապետերու համագումարին, հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղական Իշխանութիւններուն հետ, աղօթք պիտի կատարէ միւս կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ, պիտի հանդիպի տեղական կաթողիկէ փոքր հասարակութեան անդամներուն ու կղերական դասին հետ։
Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը վեց ու կէս ժամ տեւող ճամբորդութեան աւարտին կը հասնի Ղազախստանի մայրաքաղաքի օդակայան, սաւառնելէ ետք Խրուաթիայի, Պոզնիա Էրծիկովինայի, Սերպիոյ, Մոնթենեկրոյի, Պուլկարիայի, Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի օդային տարածքներէն այդ երկիրներու իշխանութիւններուն ուղղելով քաղաքավարական հեռագիրներ։
Իր սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապը թռիչքի ընթացքին ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագրողները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց իրենց աշխատանքին եւ օգնութեան համար։
Ճառերը
Երկխօսութիւն, հանդիպում, կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ խաղաղութեան փնտռտուքը, Քահանայապետի այս ճամբորդութեան բանալի բառերը կը հանդիսանան։ Նորին Սրբութիւնը երեք օր տեւող այցելութեան ընթացքին պիտի արտասանէ հինգ ճառեր, որոնց շարքին քարոզ մը։
Ֆրանչիսկոս Պապին հետ կը ճամբորդեն գրեթէ 80 լրագրողներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ