Որոնել

1663343364423.jpg

Խաղաղութիւնը կարելի է երբ զէնքերը կը լռեն եւ կը սկսի երկխօսութիւնը. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւ` Ատրպէյճան-Հայաստան մարտերուն համար։

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Քահանայապետի ցաւը յայտնեց Ազրպէյճան Հայաստան հակամարտութիւններուն համար. Մօտիկութիւն` Մարքէ շրջանի բնակիչներուն եւ աղօթք խնդրեց վասն խաղաղութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

“«Ես կը ցաւիմ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցող վերջին մարտերուն համար։ Եւ Հոգեւոր մտերմութիւնս կը յայտնեմ զոհուածներու ընտանիքներուն ու կողմերուն կը յորդորեմ յարգել հրադադարը, խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման նպատակով։ Չմոռնանք. Խաղաղութիւնը կարելի է` երբ զէնքերը կը լռեն եւ կը սկսի երկխօսութիւնը»։”

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչը, հայող Ազրպէյճանի վերջին օրերուն Հայաստանի վրայ կատարած յարձակումի հետեւանքով տեղի ունեցած հակամարտութիւններուն, որուն մէջ Ան իր ցաւը յայտնեց ու նաեւ «հոգեւոր» մօտիկութիւնը զոհուածներու ընտանիքներուն, անգամ մը եւս ընդգծելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Քահանայապետը ապա խնդրեց շարունակել աղօթել Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար ու նաեւ խաղաղութեան հաստատման համար` «իւրաքանչիւր երկրի մէջ, որ պատերազմէն կ՛արիւնի»։

Ղազախստան

Նախ քան այս կոչը Սրբազան Պապը նշեց, թէ ինք շնորհակալ է Աստուծոյ անցեալ օրերուն Ղազախստան կատարած ճամբորդութեան համար, Համաշխարհային ու աւանդական կրօնապետերու համագումարին առիթով, որուն մասին «պիտի խօսիմ յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին», ըսաւ Ան։

Մարքէի բնակչութեան մօտիկութիւն եւ աղօթք

Նորին Սրբութիւնը հուսկ աղօթքներ ապահովեց իտալիոյ Մարքէ շրջանի բնակչութեան, որ թիրախ եղաւ զօրեղ ջրհեղեղի, իր աղօթքները ապահովեցնելով նաեւ մեռեալներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն, վիրաւորներուն ու անոնց` որոնք ծանր վնասներ կրեցին։ «Աստուած ուժ պարգեւէ այդ հասարակութեան», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը եւ յատուկ ողջոյն ուղղեց «Economy of Francesco» ձեռնարկի երիտասարդներուն, անոնց ժամադրութիւն տալով Ասսիզիի մէջ։

Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով  բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն խնդրեց` որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2022, 12:33