Մալթայի կարգը. Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց նոր սահմանադրութիւնը եւ նշանակեց ժամանակաւոր Ինքնիշխան Խորհուրդ մը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց Մալթայի, Ռոտիի, Երուսաղեմի Սուրբ Յովհաննէսի Հիւանդանոցային Ինքնիշխան Ասպետական Կարգի նոր սահմանադրութիւնն ու օրինագիրքը, յայտարարելով անոնց ուժի մէջ մտնելը։
Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանագիրով կը սահմանուի բարձր պաշտօններու չեղարկումը եւ ներկայ Ինքնիշխան խորհուրդի լուծարումը, կը հաստատուի նոր ժամանակաւոր Ինքնիշխան խորհուրդ, ինչպէս նաեւ 2023 թուականին 25 յունուարի, արտակարգ ընդհանուր ժողովոի գումարումը, Սուրբ Պօղոս առաքեալին դարձի գալու տօնին օրը։
Ինքնագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ի յայտ կը դնէ, թէ ինչպէս Մալթայի կարգը «միշտ արժանացած է Առաքելական Աթոռին պաշտպանութեան» ընդգծելով նաեւ թէ ինչպէս դարերու հոլովոյթին, տարբեր քահանայապետեր միջամտած են հաստատելու համար Կարգի ինքնութիւնը եւ կարգաւորելու անոր գործունէութիւնը, օգնելու եւ յաղթահարելու համար ճգնաժամերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ