Որոնել

«Ղազախստանը հանդիպումի Երկիր» Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը` քաղաքական գործիչներուն

«Ես կու գամ ուժեղացնելու շատերուն աղաղակը, որոնք կը խնդրեն խաղաղութիւն, որ զարգացման հիմնական ուղի է մեր համաշխարհայնացած աշխարհի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը, հրատապ ու անհրաժեշտ նկատելով ընդլայնել դիւանագիտական յանձնառումը ի նպաստ հանդիպումի ու երկխօսութեան, որովհետեւ ըսաւ Ան «մէկու մը խնդիրը այսօր բոլորին խնդիրն է»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբաթի 13 սեպտեմբերին ժամանեց Ղազախստանի մայրաքաղաք Նու Սուլթան, ուր Ան վաղը եւ միւս օրը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 7րդ Համագումարին»։

Սրբազան Պապին Ղազախստանի այցելութեան առաջին պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Աք Օրտա» Նախագահական Պալատէն ներս, Նորին Սրբութեան Նախագահ Թոքայեւին տուած քաղաքավարական այցելութեամբ, որմէ ետք Ան փոխադրուեցաւ պալատէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող «Qazaq Concert Hall», ուր Նախագահի ներկայութեամբ հանդիպում ունեցաւ Կառավարութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններուն ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու ու մշակոյթի աշխարհին ներկայացուցիչներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Ուխտաւոր, երկխօսութեան եւ միութեան փնտռտուքով

Սրբազան Պապը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար, «այս լայնատարածք ու հնագոյն հողամասին վրայ», ուր «եկած եմ որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր, երկխօսութեան եւ միութեան փնտռտուքով», ըսաւ Ան հաստատելով, որ «աշխարհը այսօր հրատապ կարիք ունի վերագտնելու ներդաշնակութիւնը» եւ ասկէ մեկնելով ակնարկեց Ղազախստանի նուագային ու երաժշտութեան մշակոյթի խորհրդանիշներէն` միջնադարի մէջ արդեն գոյութիւն ունեցող «Տոմպրային», զայն ներկայացնելով` որպէս ներդաշնակութեան տիպար, որ «անցեալը կը կապէ ներկային», «Երկրի յիշողութեան զարկն է» ու այս տնտեսական եւ ընկերային արագընթաց փոփոխութիւններուն ընթացքին կը հրաւիրէ «չանտեսել կապերը` անոնց հետ, որոնք մեզ կանխեցին, նոյնիսկ այն աւանդոյթներու միջոցաւ, որոնք թոյլ կու տան գնահատել անցեալը և արժեւորել այն` որ ժառանգուած է», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 22 սեպտեմբեր 2001ին այնտեղ արտասանած խօսքերուն, որով Ղազախստանը որակեց. «Մարտիրոսներու եւ հաւատացեալներուն Երկիր, Երկիր տեղահաններու եւ հերոսներու, Երկիր մտածողների և արուեստագէտներու ...»։

Մարդը ու անոր արժանապատուութիւնը առաջնակարգ

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ Սովետական Միութեան շրջանին կալանաւորման ճամբարներուն և զանգուածային տեղահանումներուն ու Ղազախստանի ժողովուրդին ապրած այլ տառապանքներուն, որոնց յիշողութիւնը պէտք է դառնայ «դէպի ապագայ նայելու համար անփոխարինելի ուղեբեռ՝ առաջին տեղ դնելով մարդու, իւրաքանչիւր մարդու և իւրաքանչիւր ցեղային, սոցիալական եւ կրօնական խումբի արժանապատուութիւնը», նշեց Սրբազան Պապը:

Տոմպրան եւ անոր լարերը ներդաշնակութեան յատկանիշ

Մատնանշելով հուսկ «Տոմպրայի» երկու լարերուն, Ան հաստատեց, որ «Ղազախստանը եւս բնութագրուած է երկու զուգահեռ լարերու միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու կարողութեամբ», խօսելով Երկրին կլիմայի մասին, հին ու նոր քաղաքներու միջեւ հանդիպումի մասին ապա ասիական եւ եւրոպական հոգիներու համակեցութեան մասին, ապա ակնարկեց Երկիրն մէջ ապրող 150-է աւելի ցեղային խումբերուն ու խօսուած աւելի քան ութսուն լեզուներուն, իրենց պատմութիւններով եւ մշակութային աւանդութիւններով, որոնք կը կազմեն «արտակարգ սինֆոնիա մը», յարեց Քահանայապետը շեշտը դնելով Ղազախստանի «հանդիպումի Երկիր» ըլլալու կոչումին վրայ ու այս առնչութեամբ կարեւորելով «Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 8րդ Համագումարը»։

Կրօնի ազատութիւնը, անհատներու իրաւունքներու ճանաչումը

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ Երկրին մէջ տիրող կրօնի ազատութեան ու կրօններու նկատմամբ յարգանքին, ազատութեան պաշտպանութեան ու իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքներու ճանաչումին, ինչպէս նաեւ մարդկային կեանքի յարգանքին, որուն համար ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Երկրին կողմէ մահապատիժի վերացման օրէնքը ընդունելուն համար։

Խթանել հասարակաց բարիքը

Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց քաղաքական ներկայացուցիչները խթանելու հասարակաց բարիքը ու այնպէս ընելու, որ իշխանութիւնը թարգմանուի ծառայութեան` ի սպաս համայն բնակչութեան ու ոչ թէ միայն քիչերուն։

Պայքարիլ կաշառակերութեան դէմ 

[ «Ամենուրեք անհրաժեշտ է, որ ժողովրդավարութիւնը և արդիականացումը չի վերածուին լոկ հռչակագիրերու, այլ դառնան ժողովրդին մատուցուող գործնական ծառայութիւն։ Լաւ քաղաքականութիւն, որ կազմուած է ժողովրդի ունկնդրութեամբ ու անոնց օրինական կարիքներուն պատասխաններով, ներգրաւելով քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ ոչ կառավարական ու մարդասիրական կազմակերպութիւնները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով աշխատաւորներուն, երիտասարդներուն և առաւել խոցելի խաւերուն», ] ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ հրաւէր ուղղելով պայքարիլ նաեւ «կաշառակերութեան» դէմ։

Հարստութիւններու հաւասար բաշխում

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ տնտեսական ապահովութիւն երաշխաւորելու հարկաւորութեան մասին, ապա ակնարկեց հարստութիւնները հաւասար կերպով բաշխելու եւ անարդարութիւնները կասեցնելու անհրաժեշտութեան մասին հաստատելով, որ «Պետութեան պարտականութիւնն է, բնակչութեան հատուածներուն հետ վարուիլ արդարութեան եւ իրաւունքներու ու պարտաւորութիւններու հաւասարութեամբ ու խթանել տնտեսական զարգացում, ոչ միայն քիչերու շահերուն հիման վրայ, այլ իւրաքանչիւր աշխատաւորի արժանապատուութեան համար»։

«Ես կու գամ ուժեղացնելու շատերու խաղաղութեան աղաղակը»

Դարձեալ յիշելով Յովհաննէս Պօղոս Բ այցը 2001-ին Նիու Եորքի երկուորեակ աշտարակներու դէմ գործուած ահաբեկչութենէն մի քանի օրեր ետքը, Քահանայապետը հաստատեց, թէ ինք եւս այստեղ ժամանած է «Ուկրանիոյ վրայ ներխուժումէն առաջացած խելագար ու ողբերգական պատերազմի ընթացքին, մինչդեռ այլ բախումներն ու հակամարտութեան սպառնալիքները կը վտանգեն մեր ժամանակները»։

«Ես կու գամ ուժեղացնելու շատերուն աղաղակը, որոնք կը խնդրեն խաղաղութիւն, որ զարգացման հիմնական ուղի է մեր համաշխարհայնացած աշխարհի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը, հրատապ ու անհրաժեշտ նկատելով ընդլայնել դիւանագիտական յանձնառումը ի նպաստ հանդիպումի ու երկխօսութեան, որովհետեւ ըսաւ Ան «մէկու մը խնդիրը այսօր բոլորին խնդիրն է», այս ուղղութեամբ ընդգծելով` որ կարիքը ունինք «Ղեկավարներու, որոնք միջազգային գետնի վրայ թոյլ կու տան, որ ժողովուրդները իրար հասկնան ու երկխօսութեան մէջ մտնեն իրար հետ, խթանելու համար «Հելսինքի»ի նոր հոգի մը, որպէսզի «կառուցուի աւելի կայուն ու խաղաղ աշխարհ մը, մտածելով ապագայ սերունդներուն»։

Հասկացողութիւն, համբերութիւն ու բոլորի հետ երկխօսութիւն

«Այս ընելու համար պէտք են հասկացողութիւն, համբերութիւն ու բոլորի միջեւ ու բոլորի հետ երկխօսութիւն։ Բոլորի հետ» շեշտեց Սրբազան Պապը, կոչ ընելով համաշխարհային խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումի մը։

Ան ապա գնահատեց Ղազախստանի հիւլէական զէնքերէն հրաժարելու որոշումը, ինչպէս նաեւ ուժանիւթային և բնապահպանական քաղաքականութեան մշակումը, այս ծիրէն ներս ապահովելով Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը եւ ակնարկելով Սուրբ Աթոռի եւ Ղազախստանի միջեւ տիրող երեսուն տարուայ դիւանագիտական բարի յարաբերութիւններուն։

Աստուած օրհնէ Ղազախստանը

Սրբազան Պապը ճառը աւարտեց հայցելով Ամենաբարձրեալին խաղաղութեան եւ միութեան օրհնութիւնները` հանդիպումի Երկիր Ղազախստանի վրայ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2022, 16:02