Որոնել

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հասաւ Նուր Սուլթան

Օդանաւի ոտքին Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Երկրին նախագահ` Տիար Քաասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւի կողմէ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գրեթէ վեց ու կէս ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք, տեղական ժամով 17.20-ի շուրջ (հռոմի ժամով 13:20), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ անոր պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Ղազախստանի մայրաքաղաք` Նուր Սուլթանի միջազգային օդակայան, ուր օդանաւի ոտքին Ան դիմաւորուեցաւ Երկրին նախագահ Տիար Քաասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւի կողմէ։

Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան արարողութենէն ետքը, որուն առթիւ ներկայացումը կատարուեցաւ երկու Պետութիւններու պատուիրակութիւններուն, Ղազախստանի նախագահը Սրբազան Պապին հետ միասին ուղղուեցան օդակայանի բարձրաստիճան հիւրերու սրահ, ուր տեղի ունեցաւ անոնց միջեւ հակիրճ հանդիպում մը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Նուր Սուլթանի նախագահական պալատ, ուր նախատեսուած էր բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը եւ Նախագահին քաղաքավարական այցելութիւնը, որմէ ետք Ան կը փոխադրուի «Քազաք Քոնսերթ Հոլ», ուր հանդիպում կ՜ունենայ տեղական Իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ` անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2022, 13:28