Որոնել

Մարդկային և համապարփակ զարգացման էական պայմանը կրօնի ազատութիւնն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Նուր Սուլթանի մէջ սեպտեմբերի 14-էն 15-ը տեղի ունեցող «Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու համաժողովը» այս տարի նուիրուած է համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու յետհամավարակային շրջանի մարդկութեան հոգևոր և սոցիալական զարգացման ի սպաս դերակատարութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր: Թոյլ տուէք դիմել ձեզ այս անմիջական և մտերիմ բառերով. կը փափաքիմ այսպէս ողջունել ձեզ՝ կրօնական առաջնորդներ և իշխանութիւններ, դիւանագիտական անձնակազմի և միջազգային կազմակերպութիւններու անդամներ, ակադեմիական և մշակութային հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան և տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, յանուն այն եղբայրութեան, որ կը միաւորէ մեզ բոլորիս՝ որպէս միևնոյն Երկնքի որդիներ ու դուստրեր»:

Այս խօսքերով է որ Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր ճառը` սեպտեմբերի 14-ին Ղազախստանի Նուր Սուլթան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Համաշխարհային և աւանդական կրօնական ղեկավարներու 7րդ համաժողովի» բացման առիթով:

Քահանայապետը նշեց, որ «կրօնները կը յիշեցնեն, որ ամենակարող չենք, այլ նոյն երկնային նպատակի ձգտող կանայք ու տղամարդիկ ենք» և մաղթեց, որ Ղազախստանը կարողանայ, ինչպէս անցեալին մէջ «Մետաքսի ճանապարհը», կրկին միահիւսումի վայր ըլլայ անոնց համար, որոնք հեռու կը գտնուին:

«Թող ան բանայ հանդիպման նոր ուղի մը՝ կենտրոնացած մարդկային յարաբերութիւններու վրայ՝ յարգանքի, երկխօսութեան ազնւութեան, իւրաքանչիւրի բուն արժէքի, համագործակցութեան վրայ. եղբայրական ուղի՝ միասին քալելու դէպի խաղաղութիւն» հաստատեց Ան:

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Հոգին արթուն պահել միտքը՝ մաքուր

Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա, իր միտքը յանձնեց քնարական պատկերներուն ըսելով, որ տոմպրայի (սազի նման երաժշտական գործիք), պատկերը փոխառութեան առնելով անոր կը զուգակցի այդ Երկրի ամենէ յայտնի բանաստեղծ Ապայի (1845-1904) ձայնը, որ յաւէրժական հարց կ’ուղղէ. «Ի՞նչ է կեանքի գեղեցկութիւնը, եթէ մինչև խորքը չ’երթաս»։ (Բանաստեղծութիւն, 1898): Այնուհետև Սրբազան Պապը մէջբերեց իտալացի յայտնի բանաստեղծ Լէոփարտիի նոյնքան կենսական հարցը. «Ո՞ւր կը տանին ինձ իմ այս կարճ թափառումները»։ (Գիշերային երգ մի թափառական հովուի Ասիայից): Եւ ամփոփեց, որ ճիշտ նման հարցերը կ’առաջացնեն կրօնի անհրաժեշտութիւն, կը յիշեցնեն, որ մարդ չպէտք է բաւարարուի երկրային շահերով և միայն տնտեսական բնոյթի յարաբերութիւններով, այլ պէտք է իմաստաւորէ յաւերժական հարցերը, զարգացնէ հոգևորութիւնը և «հոգին արթուն և միտքը մաքուր պահէ»։

Կրօնները խնդիրներ չեն ստեղծեր, այլ ներդաշնակ համակեցութեանն ուղղուած լուծումի մաս են

«Եղբայրներ և քոյրեր, աշխարհը մեզմէ կ’ակնկալէ արթուն հոգիներու և պարզ միտքերու օրինակներ, իսկական կրօնականութիւն կ’ակնկալէ։ Եկած է ժամանակը արթննալու արմատականացումներէ, որ կ’ապականէ և կը քայքայէ իւրաքանչիւր համոզմունք, եկած է սիրտը մաքուր և կարեկից դարձնելու ժամանակը»՝ շեշտեց Սրբազան Պապը և, յղում կատարելով խորհրդային տարիներու թողած պետական անաստուածութեան ժառանգութեան, ըսաւ, որ «կրօնները խնդիրներ չեն ստեղծեր, այլ ներդաշնակ համակեցութեանն ուղղուած լուծումի մաս են», «ուստի կրօնի կարիքը կա՝ արձագանքելու աշխարհի խաղաղութեան և անսահմանութեան ծարաւին, որ կը բնակուի իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ», հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Յառաջ տանելով իր միտքը՝ Ֆրանչիսկոսը նշեց, որ «մարդկային և համապարփակ զարգացման էական պայմանը կրօնի ազատութիւնն է: ... Կրօնական ազատութիւնը հիմնարար, առաջնային և անօտարելի իրաւունք է, որը պէտք է տարածուի ամենուրէք, և որ չի կարող սահմանափակուիլ միայն պաշտամունքի ազատութեամբ», ընդգծեց Ան և ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ դաւանանքի մասին հրապարակային վկայութիւնը և զայն առաջարկելը դաւանափոխութեան քարոզչութենէ տարբերուող գործողութիւն է: Սրբազան Պապը նաև աւելցուց, որ կրօնական, ցեղային և մշակութային բազմազանութեան յարգելից համակեցութիւնը, լաւագոյն միջոցն է իւրաքանչիւրի ինքնատիպութիւնը բարձրացնելու համար, մարդկանց միաւորելու և ոչ միատեսակ դարձնելու համար, անոնց բարձրագոյն ձգտումները առաջ մղելու համար՝ չը բեկանելով անոնց սլացքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

«Կրօնի անմահ արժէքի կողքին տեղ գտած է ներկայիս համաշխարհային մակարդակի Համաժողովը՝ որը հրատապ կերպով կը մղէ մեզի խորհելու յետհամավարակային շրջանին մարդկութեան հոգևոր և սոցիալական զարգացման գործին մէջ մեր դերի մասին», նշեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը և ուրուագծեց «չորս ընդհանրական մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն առաւելագոյնս միասնական մօտեցումներ բոլորի, բայց յատկապէս կրօններու կողմէ», որոնք են.

- Համավարակը խոցելիութեան և խնամքի միջև

- խաղաղութեան մարտահրաւէրը

- եղբայրական ընդունելութիւնը

- հասարակաց տան խնամքը

Համավարակը խոցելիութեան և խնամքի միջև

Քովիտ 19 Համավարակը որպէս մահկանացուներ բոլորիս նոյն հիմքերու վրայ դրած է՝ հասկցնելով, որ ոչ ոք լիովին ինքնաբաւ է և զգացնել տալով զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ուր կրօնները պէտք է առաջնագիծին վրայ ըլլան միասնաբար, այլապէս այսօրուան փորձութիւնները կը սպառնան առ աւելիով պառակտել մարդկային ընտանիքը:

Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց չ’իյնալ շահոյթի և օգուտի որոգայթներուն մէջ, թոյլ չտալ սպառողականութեանը անզգայացնելու մեզ, քանի որ «ունեցուածքը մարդու համար է, այլ ոչ թէ մարդը՝ ունեցուածքին համար»։

Պապը նկատեց, որ մարդկային հասարակութեան ընդհանուր խոցելիութիւնը, որ ի յայտ եկած է համավարակի ժամանակ, պէտք է խրախուսէ մեզի չի շարունակելու ինչպէս նախկինի ժամանակ, այլ յառաջ ընթանալու աւելի խոնարհութեամբ և հեռատեսութեամբ։ Իսկ փխրունութեան և պատասխանատուութեան գիտակցումը պիտի մղէ մեզի հոգ տանելու մարդկութեանը՝ բոլոր հարթութիւններու վրայ՝ սկսելով օգնել ամենէ աղքատներուն ու կարիքաւորներուն, վերացնելով անհաւասարութիւններու անօրինութիւնները, ինչպէս օրինակ պատուաստանիւթերու առումով, որ բոլորին հասանելի չէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Երկրորդ մարտահրաւէրը՝ խաղաղութեան մարտահրաւէրը

«Քանի դեռ անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները կը շարունակեն մոլեգնել, չեն դադրիր Քովիտէն աւելի վատ ՝ ատելութեան, բռնութեան, ահաբեկչութեան ժահրերը», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը և նշեց, որ այստեղէն կը բխէ երկրորդ ընդհանրական մարտահրաւէրը՝ խաղաղութեան մարտահրաւէրը:

Այս համատեքստին մէջ Ան ընդգծեց, որ չնայած վերջին տասնամեակներու ընթացքին կրօններու առաջնորդներու երկխօսութիւնը նուիրուած եղած է այս հարցին, ներկան սակայն յատկանշուած է պատերազմի պատուհասով և, հաշուի առնելով անցեալի սարսափներն ու սխալները, Ֆրանչիսկոս կոչ ըրաւ միաւորել ուժերը, որպէսզի Ամենակարողն այլևս երբեք չդառնայ մարդկային իշխանութեան կամքի պատանդը:

Նորին Սրբութիւնը կրկին ապաւինեցաւ ղազախ բանաստեղծին «անիկա, որ թոյլ կու տայ չարը և չի հակադրուիր չարին, չէ կարող համարուիլ իսկական հաւատացեալ, այլ լաւագոյն պարագային՝ գաղջ հաւատացեալ» (տես Խօսք 38):

«Եկէք մաքրուինք մեզ արդար զգալու և ուրիշներէն սորվելու ոչինչ չունենալու կանխավարկածէն. եկէք ազատուինք այդ նուազեցնող և կործանարար պատկերացումներէն, որոնք կը վիրաւորեն Աստուծոյ անունը կարծրութեան, ծայրայեղականութեան և արմատականութեան միջոցաւ և կը պղծեն այն ատելութեան, մոլեռանդութեան և ահաբեկչութեան միջոցաւ՝ այլանդակելով նաև մարդու կերպարը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը որուն յաջորդ հաստատակամ կոչը ուղղուած է «հակամարտութիւնները ոչ թէ ուժի և զէնքի կիրառման անվերջ սպառնալիքներով լուծելու, այլեւ հանդիպումի, երկխօսութեան, համբերատար բանակցութիւններու պարտաւորութեան ստանձնում՝ իրականացնելով, յատկապէս մանուկներու և երիտասարդ սերունդներու մասին մտածելով:

Որպէս Խաղաղութեան հասնելու լուծում` Ֆրանչիսկոս առաջարկեց մշտական կրթական յանձնառութիւնը, որ կը նպաստէ զարգացման և ապագայի երազանքներուն:

«Եկէք ներդրում կատարենք, կը խնդրեմ, ասոր մէջ՝ ոչ թէ սպառազինութեան, այլ կրթութեան մէջ» ըսաւ Քահանայապետը։

Կրօններու համաշխարհային հաւաքը
Կրօններու համաշխարհային հաւաքը

Երրորդ մարտահրաւէրը՝ եղբայրական ընդունելութիւն

Ան կրկին անգամ անդրադարձ կատարեց ընդհանրական ներկայ աշխարին մէջ ընթացող պատերազմներուն, կլիմայական փոփոխութեան, աղքատութեան, որոնց հետևանքով մեծ է արտագաղթը: Այս առընչութեամբ Պապը հրաւիրեց վախերով չառաջնորդուիլ, այլ եղբօր հայեացքով ընդունիլ օտարները և այս համատեքստին մէջ ընդգծեց ղազախերէնի լեզուական իւրայատկութիւնը, ուր «սիրել» բառացի կը նշանակէ «ինչ-որ մէկուն լաւ հայեացք նետել» և ասացուածքները. «Եթէ մէկուն հանդիպիս, փորձէ ուրախացնել զայն, գուցէ վերջին անգամն է որ զայն կը տեսնես» և անգամ մը ևս Ապայի խօսքերը մէջբերեց. «բոլոր մարդիկ միմեանց հիւր են» և «մարդն ինքը հիւր է այս կեանքին մէջ» (Խօսք 34)։

«Եկէք նորէն բացայայտենք հիւրընկալութիւնն, ողջունելու, կարեկցանքի արուեստը: Եւ սորվինք նաև ամչնալ. այո, զգալ այն առողջ ամօթը, որ կու գայ տառապող մարդու հանդէպ խղճահարութիւնէ, անոր վիճակի համար մեր յուզմունքէն և զարմանքէն և անոր ճակատագրի համար, որու մաս կը կազմենք: Ասիկա կարեկցանքի ուղին է, որ կը դարձնէ աւելի մարդ և աւելի հաւատացեալ:

«Իւրաքանչիւր մարդու անձեռնմխելի արժանապատւութիւնը հաստատելէն զատ մեզմէ կախուած է սորվեցնել լալ ուրիշներու համար, որովհետև միայն այն պարագային, երբ մենք մարդկութեան տանջանքները ընկալենք` որպէս մեր սեփականը, մենք իսկապէս մարդ կը հանդիսանանք» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց վերջին ընդհանրական մարտահրաւէրին` հասարակաց տան խնամքը։

Հասարակաց տան խնամք

«Սիրալիր հոգատարութեամբ Բարձրեալը կազմակերպած է կեանքի համար ընդհանուր տուն. և մենք, որ զայն կը դաւանինք, ինչպէ՞ս կարող ենք թոյլ տալ, որ ան աղտոտի, չարաշահուի և կործանուի», հարց տուաւ Սրբազան Պապը և շեշտեց, որ այս մէկն կարևորութեամբ վերջինը չէ ու թէ հասարակաց տունը պէտք է պահպանուի ու աւելի մաքուր փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։

Սրբազան Քահանայապետը ճառը եզրափակեց յորդորելով առաջ ընթանալ այնպէս, որ կրօններու ճանապարհը աւելի բարեկամական ըլլայ՝ չփնտռելով կեղծ հաշտարար միաձուլումներ, այլ պահպանելով ինքնութիւնները՝ բաց ըլլալով այլոց քաջութեան, եղբայրական հանդիպման համար: Ան այս ուղղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Ղազախստանի ջանքերուն եւ օրինակին համար, փնտռելով միութիւնը, երկխօսութեան խթանումը, բարեկամութիւնը։ «Մենք պէտք է հետեւինք այս օրինակին» ըսաւ Քահանայապետը։

«Միայն այս կերպով, մեր ապրած խաւար ժամանակներուն, մենք կրնանք ճառագայթել մեր Արարիչի լոյսը» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը իր շնորհակալութիւնները յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2022, 06:59