Որոնել

Foto.jpg

Քահանայապետին շնորհակալութիւնը Տիրամօր

Յայտնենք, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սանթա Մարիա Մաճճորէ կատարած այցելութիւններուն թիւը գերազանցած է ինիսունը, Անոր Քահանայապետութեան սկզբէն ի վեր, 2013-ի Մարին։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ երէկ երեկոյեան աւարտեց Ղազախստան կատարած Քահանայապետութեան 38-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը, այսօր` ուրբաթ 16 սեպտեմբերի առաւօտեան, այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան ու Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Սրբապատկերին առջեւ ամփոփուեցաւ լռելեան աղօթքի մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրբ Կոյս Մարիամին ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով, որ «աղօթքէն ետք Սրբազան Պապը վերադարձաւ Վատիկան»։

Յայտնենք, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սանթա Մարիա Մաճճորէ կատարած այցելութիւններուն թիւը գերազանցած է ինիսունը, Անոր Քահանայապետութեան սկզբէն ի վեր, 2013-ի Մարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2022, 10:40