Ֆրանչիսկոս Պապ. «Բացուածքը, ուրախութիւնն ու բաժնեկցութիւնը ապագայի եկեղեցւոյ նշաններն են»։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 15 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ղազախստանի ժամով 10,30-ին, Հռոմի ժամով 6,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Նուր Սուլթանի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Կեդրոնական Ասիայի եպիսկոպոսներուն հետ, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, նորընծաներուն ու հովուական խնամակալութեան գործիչներուն հետ, անոնց փոխանցելով իր պատգամը։
Եկեղեցւոյ մէջ օտարներ չկան
Հանդիպումին սկիզբը քահանայ մը, մայրապետ մը, երեց կին մը ու աշխարհական հաւատացեալ մը ներկայացուցին իրենց հաւատքի կեանքի վկայութիւնները որմէ ետք խօսք առաւ Սրբազան Պապը իր ուրախութիւն արտայայտելով անոնց հետ հանդիպելուն համար` «Եկեղեցւոյ մը հետ, որ կազմուած է տարբեր դէմքերէ, պատմութիւններէ եւ աւանդութիւններէ, որոնք բոլորն ալ միացած են Յիսուս Քրիստոսի միակ հաւատքին մէջ», ըսաւ Ան, մատնանշելով թէ` թէեւ անոնք տարբեր վայրերէ եւ երկիներէ կու գան, Եկեղեցւոյ հանար օտարներ չեն։ «Եկեղեցւոյ մէջ չկան օտարականներ, բոլորս Աստուծոյ միակ ժողովուրդն ենք հարստացած բազմաթիւ ժողովուրդներով» ու «մեր ուժը կը կայանայ այդ տարբերութիւնները հարստութիւն դարձնելու մէջ ու զայն կիսելու ուրիշներուն հետ», յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «երբ մենք մեր փոքրութիւնները բաժնեկցինք ան կը բազմապատկուի»։
Աստուծոյ խորհուրդը սահմանուած է բոլորին
Ակնարկելով հուսկ Սուրբ Պօղոսին Եփեսացիներուն ուղղած նամակին Քահանայապետը հաստատեց, որ «Աստուծոյ խորհուրդը յայտնուեցաւ բոլորին, ոչ միայն ընտրեալ ժողովուրդին» մէջբերելով առաքեալին խօսքերը. «Որպէս զի հեթանոսները Քրիստոսով ժառանգակից ու մարմնակից եւ անոր խոստումին հաղորդ ըլլան աւետարանով» (Եփ 3,6), եւ այս խօսքերէն մեկնելով Ան շեշտը դրաւ երկու բառերու վրայ` «ժառանգութիւն» ու «խոստում»։
Ժառանգութիւն եւ խոստում
«Եկեղեցին մէկ կողմէն ժառանգորդն է առաջին Աւետարանի հռչակումին, միւս կողմէն հասարակութիւնն է անոնց` որոնք Յիսուսին մէջ ականատես եղան Աստուծոյ խոստումին», եւ յարութեան զաւակներու իրենց ինքնութեամբ «կ՜ապրին ապագայի իրականացումի յոյսին մէջ», ըսաւ Քահանայապետը։
«Անցեալի ժառանգութիւնը մեր յիշողութիւնն է եւ Աւետարանի խոստումը Աստուծոյ ապագան է, որ դէպի մեզի կու գայ» յարեց Ան, շեշտը դնելով այլ երկու բառերու վրայ` յիշողութիւն եւ ապագայ, ու նաեւ «յիշողութեան ու ապագայի միջեւ քալող Եկեղեցւոյ մը» պատկերին վրայ։
Յիշողութիւն ու ապագայ
«Եթէ այսօր այս լայնածաւալ բազմամշակութային ու բազմակրօն Երկրին մէջ կարող ենք տեսնել աշխոյժ քրիստոնեայ համայնքներ և կրօնական զգացում, որ տարածուած է բնակչութեան կեանքին մէջ, անիկա առաջին հերթին ձեր նախորդներու հարուստ պատմութեան շնորհիւ է», ըսաւ Սրբազան Պապը, ակնարկելով, Կեդրոնական Ասիայի մէջ առաջին դարերու քրիստոնէութեան տարածումին, «որով տարածուեցաւ Աւետարանին լոյսը, հիմնուեցան համայնքներ, կառուցուեցան վանքեր, սրբավայրեր ու պաշտամունքի վայրեր», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ գոյութիւն ունի «համամիութենական քրիստոնեայ ժառանգութիւն մը», որ պէտք է յարգուի ու պահպանուի։
Յիշողութիւնը անցեալի մէջ կաշկանդում չէ
«Հաւատքի փոխանցումը, ունեցաւ բազմաթեւ դերակատարներ, հայրեր, մայրեր, մեծ մայրեր ու մեծ հայրեր» նշեց Սրբազան Պապը, «ուստի հոգեւոր ուղեւորութեան ընթացքին պէտք չէ կորսնցնենք յիշատակն անոնց` որոնք հռչակեցին հաւաքը, որովհետեւ յիշելը մեզի կ՛օգնէ զարգացնելու խոկումի կարողութիւնը` բոլոր այն սքանչելիքներուն մասին, զոր Աստուած գործեց պատմութեան մէջ» աւելցուց Ան։
Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց ապա այդ յիշողութիւնը չի նկատելու դէպի ետեւ նայելու կարօտ մը, ու կաշկանդուած մնալու անցեալի իրողութիւններուն մէջ….
«Եթէ յիշողութիւնը կորսնցնենք, հաւատքը, պաշտամունքը ու հովուական բոլոր գործունէութիւնները կարող են նմանիլ ծղոտի կրակին, որ անմիջապէս կը վառի, բայց արագ ալ կը մարի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ակնարկելով հանդիպումին սկիզբը Հայր Ռուսլանին եւ Քոյր Քլարային ներկայացուցած վկայութիւններուն ու հաստատելով, որ «հաւատքը փոխանցուած է վկայութեամբ անոնց` որոնք իրենց սրտին մէջ կրեցին Աւետարանին կրակը»։
Հաւատքը կը փոխանցուի եւ կ՜աճի վկայութեան միջոցաւ
«Յիշողութիւն կատարելով կը սորվինք, որ հաւատքը կ՛աճի վկայութեան միջոցաւ», ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով բոլորը երբեք չի յոգնելու վկայելու Յիսուսին բերած նորութիւնը, «նորութիւն` որ է Յիսուս» ըսաւ Ան եւ աւելցուց «հաւատքը այժմէական իրադարձութիւն մըն է, Քրիստոսին հետ հանդիպումն է այսօր, մեր կեանքին մէջ, ու կը հաղորդուի Աւետարանի նորութիւնը փոխանցելով։ Այդպիսով ան կը մնայ կենդանի եւ ունի ապագայ»։
«Անցեալի յիշողութիւնը մեզ չի փակեր մեր մէջ այլ մեզ կը բանայ Աւետարանի խոստումին» յարեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ «Յիսուս մեզի վստահեցուց թէ միշտ մեր հետն է» ու այս կը նշանակէ թէ այդ խոստումը հեռու ապագայի խոստում մը չէ, այլ ներկայի մէջ արդեն իսկ իրականացուող խոստում է եւ Յիսուս երբեք չի յոգնիր մեզի մօտիկ ըլլալէ, ու մեր հետ միասին կը կառուցէ իր ու մեր եկեղեցւոյ ապագան։
Աւետարանի փոքրութիւնը Երանութիւն է
Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց հուսկ Ղազախստանի փոքրաթիւ կաթողիկէ հասարակութեան, հրաւիրելով Յիսուսին յոյսի հայեացքը ունենալ ու բացայայտել Աւետարանին խօսքը, որ կ՛ըսէ` թէ «փոքր ըլլալը, հոգիով աղքատ ըլլալը. Երանութիւն մըն է, առաջին երանութիւնը, որովհետեւ փոքրութիւնը մեզ խոնարհաբար կը յանձնէ Աստուծոյ զօրութեան ու մեզ կը մղէ եկեղեցական գործունէութիւնը չի հիմնելու մեր կարողութիւններուն վրայ, այլ թոյլ տալու առաջնորդուիլ Տիրոջմէ»։
«Փոքր ըլլալը մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք ինքնաբաւ չենք, թէ կարիքը ունինք Աստուծոյ ու նաեւ միւսներուն, միւս դաւանանքներու եղբայրներուն ու քոյրերուն, անոնց` որոնք տարբեր կրօններ կը դաւանին, բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով նաեւ, որ «Հեզութեան հոգիով կարող ենք նկատել, որ միայն միասին, երկխօսութեան ու փոխադարձ հիւրընկալութեան մէջ կարող ենք իսկապէս իրականացնել բոլորին համար բարի բան մը»։
Ապրիլ եղբայրութիւնը
Ան ապա հրաւիրեց ապրիլ եղբայրութիւնը, մեր վրայ առնել աղքատներուն, կեանքէն վիրաւորուած մարդոց հոգերը, ոչ ըսելով կաշառակերութեան եւ սուտին։
«Թող, որ քրիստոնեայ հասարակութիւնները ու մասնաւորապէս նորընծայարանները ըլլան «անկեղծութեան դպրոցներ», ճշմարտութեան, բացուածքի եւ բաժնեկցութեան մարզասրահներ։ «Եւ մեր հասարակութիւններուն մէջ յիշենք` թէ բոլորս ալ Տիրոջ աշակերտներն ենք, հաւասար արժանապատւութեամբ։ Ոչ միայն եպիսկոպոսներն ու քահանաները, այլ իւրաքանչիւր մկրտեալ» հաստատեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, յորդորելով ներգրաւել աշխարհականները ու դառնալ սիւնհոդոսական եկեղեցի մը` որ կը քալէ դէպի ապագայ։
Եկեղեցւոյ անցեալի ու ապագայի նշանները
«Բացուածքը, ուրախութիւնն ու բաժնեկցութիւնը սկզբնական Եկեղեցւոյ նշաններն են ու նաեւ ապագայի Եկեղեցւոյ նշանները», շեշտեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց դիմել Երկրի հաւատքի վկաներուն, յիշելով Երանելի Պուքովինսքին, քահանայ մը` որ իր բոլոր կեանքը նուիրեց հիւանդներու կարիքաւորներու եւ խոցելիներու խնամքին, իր կեանքով վճարելով Աւետարանի նկատմամբ հաւատարմութիւնը։
«Նոյնիսկ երանացումէն առաջ անոր շիրիմին վրայ մշտապէս վարուած մոմ մը կար ու թարմ ծաղիկներ» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, «ասիկա հաստատումն է, որ Աստուծոյ ժողովուրդը գիտէ ինչպէս ճանչնալ սրբութիւնը, գիտէ թէ ուր կայ Աւետարանի սիրահար հովիւ մը»։
Ըլլալ մարդոց մօտիկ հովիւներ եւ ոչ թէ սրբութիւններու մատակարար
Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը խրախուեց Եպիսկոպոսներն ու քահանաները ըլլալու ոչ թէ «սրբութիւններու մատակարարներ», այլ «մարդոց մօտիկ հովիւներ»։
Ան յիշեց նաեւ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ երանելիները` Պուտքա Եպիսկոպոսը եւ Հայր Զարիզքին ու Ճերթրուտ Տեդզելը, որոնց երանամցան դատավարութիւնը արդեն սկսած է։ Անոնք աշխարհին բերին Քրիստոսին սէրը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով. «դուք անոնց ժառանգներն էք, եղէք նոր սրբութեան խոստում մը»։
Ապրիլ ու վկայել ժառանգութիւնը նոր յոյսով եւ խանդավառութեամբ
Նորին Սրբութիւնը առ այդ քաջալերեց ներկաները ուրախութեամբ ապրելու այդ ժառանգութիւնը ու զայն վեհանձնօրէն վկայելու ապա ակնարկելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ գործուած մէկ հրաշքին, երբ Ան ունկնդրելով իր զաւակներուն աղօթքը, խիստ ձմռան մը ընթացքին հալեցուց ձիւնը եւ ի յայտ եկաւ բազմաթիւ ձուկերով լիճ մը, որով կերակրուեցան սոված մարդիկը, իր կարգին դիմեց Տիրամօր հայցելով` որ Ան «հալեցնէ մեր սրտերուն սառնութիւնը, մեր հասարակութիւններուն մէջ զեղու եղբայրական ջերմութիւնը, մեզի պարգեւէ Աւետարանին համար նոր յոյս ու խառնավարութիւն»։
Քահանայապետը պատգամը աւարտեց ներկաներուն շնորհելով իր օրհնութիւնները ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ