Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ եզրափակեց Սուրբ Հաղորդութեան ազգային 27րդ համագումարը

Եւ երբ յոյսը կը մարի, ու մենք մեր մէջ կը զգանք սրտի մենակութիւնը, ներքին յոգնածութիւնը, մեղքի տանջանքը, չյաջողելու վախը, նորէն վերադառնանք հացի համին։ Վերադառնանք Յիսուսին, պաշտենք զայն, ընկալենք Յիսուսը։ Որովհետեւ Ան կը յաղթէ մահը ու մշտապէս կը նորոգէ մեր կեանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն մեկնելով փոխադրուեցաւ Մաթերա, հովուական այցելութեամբ, եզրափակումը կատարելու Սուրբ Հաղորդութեան ազգային 27րդ համագումարին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ

Քահանայապետը Մաթերա քաղաքին մէջ

Սրբազան Պապը Մաթերա ժամանեց օդանաւով եւ ոչ թէ նախապէս նախատեսուած ինքնաթիռով`  եղանակային պայմաններու վատութեան պատճառով։ Ան մեկնեցաւ Հռոմի Չամփինօ օդակայանէն ուղղուելով «Ճոյա տէ Քոլլլէ»ի օդակայան ուղտերէն ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Մաթերա ուր դիմաւորուեցաւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփիի կողմէ, որուն կ՜ընկերանային Մաթերա-Իրսինա թեմին Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Անթոնիօ Ճուզեփէ Քայացցօ, Պազիլիքաթա Նահանգի նախագահ` Վիթօ Պարտի, Մաթերա քաղաքի ոստիկանապետ` Սանթէ Քոփփոնի, քաղաքապետ Տոմենիքօ Պեննարտի եւ Մարզի նախագահ` Փիերօ Մարրեզէ։

Սուրբ պատարագը

Սրբազան Պապը ապա Ժամը ինին քաղաքի «21 սեպտեմբեր» անուամբ քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ մատոյց Սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած եւ աղքատ Ղազարոսի առակը պատմող օրուան Աւետարանական ընթերցումին վրայ ու նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին վրայ։

«Աւետարանը, որ կարդացինք մեզի կ՛ըսէ, որ աշխարհի սեղանին վրայ միշտ չէ` որ հացը բաժնեկցուած է եւ միշտ չէ` որ ան կը տարածէ հաղորդութեան բոյրը, եւ միշտ չէ, որ ան կը բեկանուի արդարութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով աղքատ Ղազարոսին, որ կը փափաքէր հարուստ մարդուն սեղանէն ինկած փշրանքներէն փորը լեցնել։

Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ

Աստուծոյ առաջնութիւնը

Ասկէ մեկնելով Ան նշեց, որ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ առաջնութիւնը։ Հարուստ մարդը փակ է, կը մտածէ միայն իր բարեկեցութեան մասին, իր կարիքները գոհացնելու ու կեանքը վայելելու մասին։ Ան կը պաշտէ աշխարհիկ հարստութիւնը, գինովցած է դրամով, իր կեանքին մէջ տեղ չկայ Աստուծոյ համար, որովհետեւ ան կը պաշտէ ինքզինք։

Հարուստ մարդը եւ աղքատ Ղազարոսը

«Զարմանալի չէ ուստի որ անոր անունը չի յիշուիր, զայն կը կոչենք հարուստ, որովհետեւ կորսնցուած է իր անունը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «տխուր է այս իրականութեան հանդիպիլ նաեւ այսօր, երբ մարդիկը կը դատենք իրենց ունեցածին, պաշտօնի ու տիտղոսներու հիման վրայ։ Ասիկա ունենալու եւ երեւնալու կրօնն է, որ յաճախ կը գերիշխէ այս աշխարհիս տեսարանին վրայ, բայց աւարտին մեզ կը թողու դատարկ ձեռքերով»։

Արդարեւ Աւետարանին հարուստին բան չմնաց, ոչ իսկ անունը, մինչ աղքատը ունի անուն մը` Ղազարոս, որ կը նշանակէ «Աստուած կ՛օգնէ» եւ նոյնիսկ աղքատութեան ու լուսանցքային պայմաններուն մէջ, ան կարող է պահպանել իր արժանապատուութիւնը, որովհետեւ կ՜ապրի Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ

Ահա ուրեմն մշտական մարտահրաւէրը, որ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը նուիրէ մեր կեանքին. Պաշտել Աստուած ու ոչ թէ մենք զմեզ։ Զայն եւ ոչ թէ Եսին ունայնութիւնը ընտրել, որպէս կեդրոն։ Յիշելով, որ միայն Տէրը Աստուած է ու մնացած բոլոր բաները անոր սիրոյն պարգեւն են։

«Ան` որ Աստուած կը պաշտէ ոչ մէկուն ստրուկը կը դառնայ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը նշելով, որ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզ կը կոչէ նաեւ եղբայրներու սիրոյն։

Սուրբ Հաղորդութիւնը սիրոյ գերագոյն խորհուրդ

Այդ Հացը սիրոյ գերագոյն խորհուրդն է։ Քրիստոսն է, որ կը նուիրէ ինքզինք ու կը բեկանուի մեզի համար, մեզմէ խնդրելով, որ նոյնը ընենք, որպէսզի մեր կեանքը ըլլայ շաղուած ցորեն ու դառնայ հաց` որ կը կշտացնէ եղբայրները։ Հարուստ մարդը զանց կ՛ընէ այս պարտականութիւնը եւ չի նկատեր խեղճ Ղազարոսի լռելեան ճիչը։ Ան միայն կեանքին աւարտին է, որ կը նշմարէ զայն, սակայն Աբրահամ անոր կ՜ըսէ « մեր ու ձեր մէջտեղ մեծ անդունդ մը կայ» (Ղուկաս 16,26)։

Ներկայի եւ անդենականի անդունդները

«Հարուստ մարդն է, որ ստեղծեց այդ անդունդը իր ու Ղազարոսի միջեւ եւ ահա այժմ յաւիտենական կեանքին մէջ եւս այդ անդունդը կը շարունակուի» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «մեր յաւիտենական ապագան կախեալ է ներկայ կեանքէն. Եթէ մենք անդունդ մը փորենք մեր եղբայրներուն հետ, ապագայի համար փոս մը կը բանանք, եթէ այսօր պատեր բարձրացնենք մեր եղբայրներուն դիմաց կը մնանք բանտարկուած առանձնութեան ու մահուան մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ

«Ցաւալի է, ըսաւ Սրբազան Պապը, տեսնել, թէ այս առակը տակաւին մերօրեայ պատմութիւն է. անարդարութիւններ, անհաւասարութիւն, անարդար կերպով բաժնուած երկրին հարստութիւնները, հզօրներուն չարաշահումը տկարներուն նկատմամբ, աղքատներու ճիչին դիմաց անտարբերութիւն, անդունդը զոր ամէն օր կը փորենք յառաջացնելով մեկուսացում, չեն կրնար մեզ թողուլ անտարբեր» ըսաւ Ան եւ աւելցուց. «այսօր, միասին, եկէք ընդունինք, որ Սուրբ Հաղորդութիւնը նոր աշխարհի մը մարգարէութիւնն է, Յիսուսին ներկայութիւնն է, որ մեզմէ կը խնդրէ յանձնառում, որպէսզի իրականայ իսկական դարձ մը` անտարբերութենէն դէպի կարեկցութիւն, սպառողականութենէն դէպի բաժնեկցութիւն, եսասիրութենէ դէպի սէր, անհատականութենէն դէպի եղբայրութիւն»։

Հաղորդութեան Եկեղեցի

Երազենք Հաղորդութեան Եկեղեցի մը, որ կազմուած ըլլայ մարդոցմէ եւ կիներէ, որոնք կը բեկանեն հացը բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ապրին աղքատութիւնն ու առանձնութիւնը, անոնց` որոնք ծարաւն ունին քնքշութեան եւ կարեկցութեան, անոնց` որոնց կը պակսի յոյսը։ Եկեղեցի մը, որ ծունկի կու գայ Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ եւ հիացումով կը պաշտէ Տէրը, որ ներկայ է հացին մէջ։

«Որովհետև չկայ ճշմարիտ Հաղորդութեան երկրպագութիւն առանց կարեկցանքի բազմաթիւ «Ղազարոսներու» հանդէպ, որոնք նոյնիսկ այսօր կը քալեն մեր կողքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը:

Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Մաթերա քաղաքին մէջ

Վերադառնալ Յիսուսին` վերադառնալ հացի համին

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս քաղաքէն Մաթերայէն, հացի քաղաքէն, կ՛ուզեմ ձեզի ըսել. Վերադառնանք Յիսուսին, վերադառնանք Սուրբ Հաղորդութեան։ Վերադառնանք հացի համին, որպէսզի մինչ աշխարհին մէջ կը պակսի սէրը, յոյսը, ու կը շարունակուին իրականանալ անարդարութիւններ ու խտրականութիւն աղքատներուն հանդէպ, Յիսուս մեզի կը պարգեւէ բաժնեկցութեան Հացը ու մեզի ամէն օր կ՛առաքէ որպէս եղբայրութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան առաքեալներ։

Դառնանք հացի համին, ըլլալու համար հաղորդութեան Եկեղեցի, որ Յիսուսը միջնակէտ կ՛ընտրէ, ու կը դառնայ քնքշութեան եւ ողորմութեան հաց բոլորին համար։ Վերադառնանք հացի համին, որպէսզի յիշենք, որ մինչ մեր երկրային գոյութիւնը կը սպառի, Հաղորդութիւնը կը կանխէ յարութեան խոստումը և մեզ կ՛ առաջնորդէ դէպի նոր կեանք, որ կը յաղթէ մահուան:

Եւ երբ յոյսը կը մարի, ու մենք մեր մէջ կը զգանք սրտի մենակութիւնը, ներքին յոգնածութիւնը, մեղքի տանջանքը, չյաջողելու վախը, նորէն վերադառնանք հացի համին։ Վերադառնանք Յիսուսին, պաշտենք զայն, ընկալենք Յիսուսը։ Որովհետեւ Ան կը յաղթէ մահը ու մշտապէս կը նորոգէ մեր կեանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2022, 09:39