Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Խաչվերացի տօնին առթիւ Նուր Սուլթանի մէջ մատուցած պատարագին քարոզը

Քրիստոսի խաչէն մենք կը սորվինք սէրը եւ ոչ ատելութիւն, կը սորվինք գթութիւնը ու ոչ անտարբերութիւն, կը սորվինք ներումը ոչ ոխակալութիւն։ Յիսուսին բազկատարած ձեռքերը քնքշութեան ողջագուրումն են որոնք Աստուած կ՜ուզէ մեզ ընկալել։ Եւ անոնք մեզի ցոյց կու տան եղբայրութիւնը զոր կոչուած ենք ապրիլ իրար միջեւ ու բոլորին հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 14 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ղազախստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Նուր Սուլթանի «Expo Grounds» 2017-ի Միջազգային ցուցահանդէսի կեդրոնին մէջ նախագահեց Խաչվերացի տօնին նուիրուած սուրբ պատարագին որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղական ու Կեդրոնական Ասիայէն ժամանած հաւատացեալներ ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերական դասը։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Յիսուս իր վրայ առաւ աշխարհին չարիքը, ու զայն յաղթեց իր սիրով

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ օրուայ տօնակատարութեան վրայ հաստատելով, որ «Խաչը մահուան կախարան է, այսուհանդերձ մենք այսօրուայ մէջ կը յիշատակենք Քրիստոսի Խաչի վերացումը։ Որովհետեւ այդ փայտին վրայ Յիսուս իր վրայ առաւ մեր մեղքերը ու աշխարհին չարիքը, ու զանոնք յաղթեց իր սիրով։ Ահա ասոր համար է որ կը յիշատակենք զայն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, որոնցմէ մին քաղուած էր հին կտակարանի Թիւերու գիրքէն, ուր կը պատմուի Իսրայէլացի ժողովուրդին Եգիպտոսէն դէպի աւետեաց երկիր ճանապարհորդութեան ընթացքին Մովսէսի դէմ ըմբոստութեան ու անոնց Աստուծոյ վրայ վստահութեան պակասի մասին, որուն բերումով «Տէրը ժողովուրդին վրայ կիզող օձեր ղրկեց, որոնք խածին ժողովուրդը, այնպէս որ Իսրայէլէն շատ ժողովուրդ մեռաւ»։

Նուր Սուլթանի մէջ սուրբ պատարագ
Նուր Սուլթանի մէջ սուրբ պատարագ

Վստահութեան նուազումը` անապատի չորութիւնը

«Աստուծոյ ժողովուրդը յուսալքուած ու յոյսը կտրած էր եւ մոռցած էր Տիրոջ խոստումը» ըսաւ Քահանայապետը նկատել տալով «փորձիչն է, որ կը թունաւորէ մարդուն սիրտը ու զինք կը մղէ տարակոյս ունենալու Աստուծոյ վրայ», ինչպէս ըրած էր նաեւ Ադամի եւ Եւայի հետ։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս պատմուածքը մեզմէ կը խնդրէ մօտիկէն դիտել մեր անձնական ու հասարակական պատմութեան պահերը, որոնց ընթացքին նուազեցաւ վստահութիւնը Տիրոջ վրայ ու մեր միջեւ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով անապատի չորութեան, որ շատ անգամ կը կրենք մեր սրտին մէջ։

«Յոգնութեան եւ փորձութեան պահերուն ընթացքին է, որ մեր ուժերը կը պակսին ու կարող չենք հայեացքը վեր բարձրացնել դէպի Աստուած։ Անոնք անձնական կեանքի, եկեղեցական ու ընկերային կեանքի իրադարձութիւններն են երբ յուսահատութեան օձը մեզ կը խայթէ, որը մեր մէջ կը ներարկէ հիասթափութեան ու յուսահատութեանն, յոռետեսութիւն ու համակամութեան թոյնը՝ մեզ փակելով մենք մեր մէջ, մարելով խանդավառութիւնը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Ղազախստանի «ցաւալի խայթոցներուն», բռնութեան, հալածանքի խայթոցներուն որոնց ընթացքին սպառնալիքի տակ էր ժողովուրդին ազատութիւնը ու անոր արժանապատւութիւնը վիրաւորուած»։

Նուր Սուլթանի մէջ սուրբ պատարագ
Նուր Սուլթանի մէջ սուրբ պատարագ

Օձերու խայթոցները

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ապա պահպանել տառապանքի յիշողութիւնը, չի մոռնալ խաւարի պահերը. «Ոչ, ըսաւ Ան, խաղաղութիւնը երբեք ձեռք չի բերուին մէկ անգամ ընդմիշտ, ան պէտք է նուաճել ամէն օր, ու նոյնը պէտք է ըլլայ ցեղերու ու տարբեր կրօններու աւանդութիւններու միջեւ համակեցութիւնը, համապարփակ զարգացումը, ընկերային արդարութիւնը։ Եւ որպէսզի Ղազախստանը աւելիով աճի «եղբայրութեան, երկխօսութեան ու հասկացողութեան մէջ....կերտելու համար միւս ժողովուրդներու, ազգերու ու մշակոյթներու հետ զօրակից համագործակցութեան կամուրջներ, կարիքը կայ բոլորի յանձնառութեան» հաստատեց Սրբազան Պապը, եւ «ամենէ առաջ կարիքը կայ Տիրոջ նկատմամբ հաւատքի նորոգուած ներգործութեան» աւելցուց Ան։

Նուր Սուլթանի մէջ սուրբ պատարագ
Նուր Սուլթանի մէջ սուրբ պատարագ

Փրկարար օձը` Քրիստոս։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ ակնարկեց երկրորդ օձի մը` փրկարար օձը։

Իսրայէլի ժողովուրդը ի տես ապրուած պատուհասին Մովսէսին կը դիմէ. «Տիրոջը դէմ ու քեզի դէմ խօսելով մեղանչեցինք. աղօթք ըրէ՛ Տիրոջը, որ մեր վրայէն օձերը վերցնէ» կ՛ըսեն անոնք։ Մովսէս ժողովուրդին համար կ՛աղաչէ։ Եւ Տէրը Մովսէսին կ՛ըսէ. «Քեզի կիզող օձ մը շինէ ու զանիկա ձողի մը վրայ դիր։ Ով որ օձէն խածուի, անոր թող նայի ու ապրի»։

«Կարող ենք այս առընչութեամբ հարց տալ. Ինչո՞ւ Աստուած, փոխան Մովսէսին տուած այս աշխատատար հրահանգներու պարզապէս չի կործանեց թունաւոր օձերը», ըսաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց, թէ այս ձեւով Աստուած կ՛ուզէ մեզի յայտնել իր վարուելակարգը չարին դիմաց, մեղքին ու մարդկութեան յուսահատութեան դիմաց։ Ան չոչնչացներ փոքրութիւնները, զոր մարդս կը հետապնդէ ազատօրէն եւ այդ թունաւոր օձերը կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ, սակայն նորութիւն մը կայ եւ այդ նորութիւնը մեզի կը յայտնէ նոյնինքն Յիսուս Աւետարանին մէջ. «Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է, որ Որդին մարդոյ բարձրանայ, Որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովս 3,14-15)։

«Ահա շրջադարձը» ըսաւ Սրբազան Պապը եկաւ փրկարար օձը` Յիսուս, որ բարձրացած խաչին վրայ, թունաւոր օձերուն թոյլ չի տար, որ մեզ տանին մահուան։

Նուր Սուլթանի մէջ սուրբ պատարագ
Նուր Սուլթանի մէջ սուրբ պատարագ

Մեր Հայեացքը սեւեռել Յիսուսին

«Եթէ մեր հայեացքը Յիսուսին սեւեռենք, չարին խայթոցները չեն կարող մեր վրայ գերիշխել, որովհետեւ Ան խաչին վրայ իր վրայ առաւ մեղքին ու մահուան թոյնը ու յաղթեց անոր։ Ահա թէ ինչ ըրաւ Աստուած աշխարհի մէջ չարին ծաւալումին ի տես։ Մեզի պարգեւեց Յիսուսը», նշեց հուսկ Քահանայապետը հաստատելով, որ Ան է մեր փրկութեան ուղին, մեր յարութիւնը։

«Քրիստոսի խաչէն մենք կը սորվինք սէրը եւ ոչ ատելութիւն, կը սորվինք գթութիւնը ու ոչ անտարբերութիւն, կը սորվինք ներումը ոչ ոխակալութիւն։ Յիսուսին բազկատարած ձեռքերը քնքշութեան ողջագուրումն են, որոնք Աստուած կ՜ուզէ մեզ ընկալել։ Եւ անոնք մեզի ցոյց կու տան եղբայրութիւնը, զոր կոչուած ենք ապրիլ իրար միջեւ ու բոլորին հետ։ Մեզի ցոյց կու տան ճանապարհը, քրիստոնէական ճանապարհը, ոչ թէ պարտադրանքի և կաշկանդման.... «Յիսուսին ճանապարհը փրկութեան ճանապարհ է, խոնարհ սիրոյ ճանապարհ, ձրի եւ տիեզերական» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը որ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով աղօթել, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով միշտ աւելիով քրիստոնեայ դառնանք ու դառնանք նոր կեանքի, սիրոյ ու խաղաղութեան վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2022, 13:24