Ֆրանչիսկոս Պապ. «Վերագտնել Վատիկանեան Բ Ժողովը միասնաբար ապագան դիմագրաւելու համար»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լոյս կը տեսնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նախաբանով «Յովհաննէս ԻԳ. Վատիկան Բ տիեզերական ժողով մը աշխարհին համար» վերնագիրով հատոր մը, որուն հեղինակներն են Աստուածաբան Էթորէ Մալնաթի եւ Վատիկանի պատմութեան եւ Քահանայապետին շատ ծանօթ մենագրող Մարքօ Ռոնքալլին։
«Պոլիս» հրատարակութեան վերոյիշեալ հատորը, լոյս կը տեսնէ, ընթացիկ տարուան կարեւորագոյն տարեդարձներու մը սեմին՝ 11 հոկտեմբեր, 1962ին, մեկնարկած Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովին 60-րդ տարեդարձին զուգահեռ։
«Պոլիս» Հրատարակութիւնը հատորին մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, թէ գիրքը ստեղծագործութիւն մըն է, որուն մէջ հաճելի կերպով ամփոփուած է, այն ինչ որ ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ կը գրէ.«Շնորհքի ձեռնարկ մը՝ եկեղեցւոյ եւ աշխարհի համար, որուն պտուղները սպառած եւ ոչ իսկ տակաւին ամբողջապէս հասկցուած, ապրուած ու կիրարկուած են ։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հատորին տասներկու գլուխներուն մէջ, որոնք ընթերցանելի են բոլորին համար նոյնիսկ ոչ մասնագէտներուն նկարագրուած է Յովհաննէս քահանայապետին օրով Տիեզերական ժողովին մասին բոլոր տեղեկութիւնները, ժողովին գաղափարն ու աւետումը, նախապատրաստական եւ պատրաստական փուլերը, ժողովի աշխատանքները, մինչեւ Պօղոս Զ Պապին օրերուն։
Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանը
Գիրքին Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով եպիսկոպոսական սինոդին, յիշեալ գիրքին էջերը այժմէականացնելով՝ որոնք ոչ միայն պատմութիւն են, նշած է թէ « Կը գտնուինք Ուղեւորութեան մը մէջ ու այս ուղեւորութեան կարեւոր փուլերէն մէկն է դուրս ելլել՝«Այո միշտ այսպէս ըրած ենք»խօսքէն, ինչպէս նաեւ սովորական հին համակարգեր կիրարկելէն, գրած է Ֆրանչիսկոս աւելցնելով, որ այս գիրքը մեզ կ՝օգնէ բացայայտելու տիեզերական ժողովին ոգեշնչումը եւ ինչպէս նաեւ քայլ առ քայլ հասկնալու այդ ձեռնարկը, որ փոխակերպած է եկեղեցին։ Սոյն գիրքը առիթ է նաեւ լաւ քննարկելու սինոդականութեան ուղին, որ յատկանշուած է յատկապէս ունկնդրութեամբ, ներգրաւուածութեամբ, ինչպէս նաեւ կարողութեամբ՝ տեղ տալու համար սուրբ Հոգիին շունչին, Անոր ձգելով մեզ առաջնորդելու կարողութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ յորդորելով չմոռնալ տիեզերական ժողովին մեծ ժառանգութիւնը՝ կապուած ներկայ սինոդին նշած է, որ Վատիկանեան Տիեզերական ժողովէն շատ բաներ ստացած ենք։ Խորացած ենք, օրինակի համար, Աստուծոյ ժողովուրդին կարեւորութեան մէջ՝ որ Տիեզերական ժողովին փաստաթուղթերուն կարեւորագոյն կարգն է, յիշուած 185 անգամ ու մեզ կ՝օգնէ հասկնալու այն իրողութիւնը, որ եկեղեցին քահանաներուն եւ օծուածներու վերնախաւ մը չէ ու իւրաքանչիւր մկրտեալ աւետարանումի գործօն ենթական է։
«Չէ կարելի հասկնալ տիեզերական ժողովը, ոչ իսկ ներկայ սինոդական ուղին, եթէ կեդրոն չզտեղենք ամբողջ աւետարանումը»։ գրած է Սրբազան Հայրը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ