Որոնել

1663154376440.JPG

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 38րդ առաքելական ճամբորդութեան երրորդ ու վերջին օրը

Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 7րդ Համագումարին փակման արարողութենէն ետք Սրբազան Պապը վերադարձ կը կատարէ Հռոմ ապա Վատիկան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ղազախստանի առաքելական ճամբորդութեան երրորդ ու վերջին օրուայ յայտագիրը կը նախատեսէր Եպիսկոպոսներուն ու տեղական կղերին հետ հանդիպում ապա Անոր մասնակցութիւնը «Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 7րդ Համագումարի» փակման արարողութեան։

Սրբազան Քահանայապետին օրակարգը սկիզբ առաւ տեղական ժամով առաւօտեան ինին, (Հռոմի ժամով ժամը` 5-ին) Անոր Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներուն հետ ունեցած առանձնական հանդիպումով որմէ ետք Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Նուր Սուլթանի կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի, որուն անկիւնաքարի օրհնութիւնը տեղի ունեցած էր 2001 թուականին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ձեռքով, Անոր Ղազախստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս։

Եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպում

Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մուտքին Քահանայապետը կը դիմաւորուի երկու մանուկներէ ու կրօնաւորուհիէ մը, որոնք Անոր կը նուիրեց փունջ մը ծաղիկ մինչ այլ ընտանիք մը աւանդական երգ մը կը ներկայացնէ, հուսկ տեղւոյն առաջնորդը եւ աթոռանիստս եկեղեցւոյ ժողովրդակերը Քահանայապետին կը յանձնեն խաչն ու օրհնուած ջուրը ու միասին մուտք կը գործեն Եկեղեցի, մինչեւ կեդրոնական խորան, ուր տեղի կ՜ունենայ Նորին Սրբութեան` Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն,նորընծաներուն եւ հովուական ծառայութեամբ զբաղող անձանց հետ հանդիպումը։

Հանդիպումին սկիզբը Սրբազան Պապին բարի գալուստի խօսքը կ՜ուղղէ Կեդրոնական Ասիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Խօսէ Լուիս Մումպիելա Սիրերրան, որմէ ետք քահանայ մը, մայրապետ մը, աշխարհական հաւատացեալ ու հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչ մը կը ներկայացնեն կեանքի վկայութիւններ, որոնց կը յաջորդէ Սրբազան Պապին պատգամը։

Քահանայապետի ճառէն ետք կը կատարուի Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրագործումի աղօթքը ապա կ՛արտասանուի «Հայր մեր» տէրունական աղօթքը, մինչ հանդիպումը կ՛աւարտի Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութեամբ։

Կրօններու համագումարին եզրափակումը

15 սեպտեմբերի յետմիջօրէին, տեղական ժամով 15-ին, որ Հռոմի ժամով 11ն է, Անկախութեան Պալատին մէջ տեղի կ՛ունենայ կրօններու Ղեկավարներու 7րդ Համագումարի փակման արարողութիւնը, որուն առթիւ, նախատեսուած է Համագումարի եզրափակիչ յայտարարութեան ընթերումը, Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ու Ղազախստանի Նախագահին Համագումարի եզրափակիչ ելոյթը։

Վերոնշեալ հանրային ձեռնարկով կ՛եզրափակուի նաեւ Նորին Սրբութեան «Միութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ» կարգախօսով երկու օր առաջ սկիզբ առած Ղազախստանի առաքելական ճամբորդութիւնը, ու Սրբազան Պապը կ՛ուղղուի Նուր Սուլթանի միջազգային օդակայան, ուր հրաժեշտի արարողութենէն ետքը, ի ներկայութեան Երկրին Նախագահին, կը բարձրանայ օդանաւ- վերադարձ կատարելու համար Հռոմ, ուր կը ժամանէ գրեթէ 7,30 ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք, երեկոյեան 8,30ի ժամանակները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2022, 06:00