Սուրբ Մատթէոսի տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորեց ամէն օր Մատթէոսի Աւետարանը կարդալ
«Յիսուս Ալփէոսի որդին՝ Ղեւին տեսնելով որ մաքսատան մէջ նստած էր ըսաւ անոր.« Ետեւէս եկուր։ Ան ելաւ ու Յիսուսի ետեւէն գնաց»։( Մարկ 2, 14)
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբերին, Սուրբ Մատթէոսի տօնին առիթով, ֆրանչիսկոս Պապ թուիթրեան կայքին վրայ կատարած գրառումով յորդորեց ամէն օր Մատթէոսի Աւետարանը կարդալ, որպէսզի Յիսուսի խօսքերուն մէջ մեր ուղեւորութեան լոյսն ու զօրութիւնը գտնենք։
Սրբազան Պապը գրեց.
Մատթէոս Աւետարանիչը, որ մաքսաւոր մըն էր, Յիսուսի 12 առաքեալներէն մին էր։ Անոր կոչումը նկարագրուած է Մարկոս Աւետարանիչին կողմէ. «Յիսուս Ալփէոսի որդին՝ Ղեւին տեսնելով որ մաքսատան մէջ նստած էր ըսաւ անոր.« Ետեւէս եկուր»։ Ան ելաւ ու Յիսուսի ետեւէն գնաց», Մարկ (2,14)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
21/09/2022, 11:30