Որոնել

vlcsnap-2022-09-07-15h31m44s221.png

Հաւատքի ապագան կ՛անցնի քրիստոնեաներու միութենէն. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը յոյս կը յայտնէ, որ հաւաքը կարողանայ «առիթ ընծայել վերապրելու համար քրիստոնեաներու միութեան իղձը», նկատել տալով, որ «հաւատքին ապագան կ՛անցնի քրիստոնեաներու միութենէն» եւ թէ նոյնիսկ եթէ խոր բաժանումները չեն պակսիր, սէրը աւելի զօրեղ է քան անհամաձայնութիւններն ու բաժանումները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ընտրել հասարակութեան կեանքի խոնարհ ճանապարհը, աւելի մեծ արժէք ունի քան հազար բառեր»։ Ֆրանչիսկոս Պապին շեշտադրումն է սա, զոր Ան կատարեց Նիու Եորքի “Saint John the Divine” եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ մէջ, “The Community At The Crossing” կազմաւորումի ծրագրին մեկնարկին առիթով լսատեսողական պատգամին մէջ, ուղղած ծրագրին մասնակցող տարբեր քրիստոնեայ դաւանանքներու պատկան եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ եկած երիտասարդներուն, որոնք ընտրած են մխրճուիլ հասարակական կեանքին մէջ, փորձարկել աղօթքի պահերու զարկը եւ իրենք զիրենք դնել աղքատներու ծառայութեան տակ։

Այս ուղղութեամբ պատգամին մէջ Քահանայապետը յոյս կը յայտնէ, որ հաւաքը կարողանայ «առիթ ընծայել վերապրելու համար քրիստոնեաներու միութեան իղձը», նկատել տալով, որ «հաւատքին ապագան կ՛անցնի քրիստոնեաներու միութենէն» եւ թէ նոյնիսկ եթէ խոր բաժանումները չեն պակսիր, սէրը աւելի զօրեղ է քան անհամաձայնութիւններն ու բաժանումները։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը խրախուսէ հուսկ բոլոր անոնք որոնք որոշեցին «The Community At The Crossing» ուղիին վրայ քալելու աշխատելու միասին ի նպաստ միութեան։

Յիսուս Քրիստոս, աւելի ամուր կապ է, քան մշակոյթները, քաղաքական ընտրութիւնները և նոյնիսկ վարդապետութիւնները: Մենք պէտք է նայենք Յիսուսին, «որ իր կեանքը տուաւ մեզի համար», հաստատեց Սրբազան Պապը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան, ինչպէս նաեւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Քանթըրպուրիի Արքեպիսկոպոս «եղբայր եւ բարեկամ» Ժասթին Ուելպիին, որոնց նախաձեռնութեամբ է, որ կ՛իրականացուի վերոնշեալ ծրագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2022, 08:30