Որոնել

Սնունդի համաշխարհայի հանդիպում Սնունդի համաշխարհայի հանդիպում 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Անօթիին կերակուր տալը, ապրանք տալ չէ, դա արժանապատուութիւն տալ է»։

Պարէնի համաշխարհային համագումարի առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան ընդհանուր տնօրէն տիար Քու Տոնկեույի, պարէնի համաշխարհային համագումարին առիթով։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց պարէնի համաշխարհային համագումարին երկրորդ փուլին մասնակիցները ու բոլոր անոնք, որոնք ամէն օր յանձնառու են ու ամէն ջանք կը թափեն արմատախիլ ընելու անօթութիւնն ու աղքատութիւնը աշխարհին մէջ, նկատել տալով որ սնունդը հիմնական է մարդկային կեանքին համար եւ ուտելիքները Արարչին բարութեան շօշափելի նշաններն են ու երկրին պտուղները են։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշց մեծ հայրերը ու անոնց ունեցած յարգանքը հացին հանդէպ, որոնք հացը կը համբուրեն սեղան տանելու ժամանակ եւ չեն թողուր որ հացէն փշուր մը գետին իյնայ։ «Քրիստոս ինքը, սուրբ հաղորդութեան մէջ հաց դարձաւ, կենդանի հաց աշխարհի կեանքին համար։ (Յովհ 6,11), նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով, որ սնունդի հանդէպ յարգանքը ու մարդկային կեանքին մէջ անոնց ունեցած գերակայ տեղ շնորհելը, կարելի է միայն այն ատեն երբ գիտակից կը դառնանք, որ անոնք Աստուծոյ պարգեւներն են  ու  մատակարարներն մենք ենք։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր այս փոխկապակցուած ճգնաժամերուն ժամանակաշրջանին, Քրիստոսին պատգամը, նաեւ անհաւատացեալներուն, մեզ կը հրաւիրէ չտալու պարզապէս ուտելիքներ, այլ մեր անձը տալու ուրիշներուն ծառայութեան մէջ, ճանչնալով եւ երաշխաւորելով մարդկային անձին կեդրոնականութիւնը։ Այս առաջնահերթութիւնը կարելի է պաշտպանել լոկ երբ կը վերադառնանք հաւատալու եղբայրութեան եւ զօրակցութեան, որոնք կ՝ոգեւորեն անձերուն եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները։» Նշեց Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2022, 15:03