Որոնել

Եղէ՛ք եղբայրութիւն սերմանողներ և ապագայի բերքահաւաքներ. Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն

Նոյեմբերի 5-ին Աուալի քաղաքի Սուրբ Սիրտ դպրոցին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ տարբեր վայրերէ ժամանած հարիւրաւոր երիտասարդներուն հետ. «Որպէս Պապ՝ կ’ուզեմ ըսել. Եկեղեցին ձեր հետ է և ձեր կարիքը, ձեզմէ իւրաքանչիւրի կարիքը շատ ունի՝ երիտասարդանալու, նոր ուղիներ ուսումնասիրելու, նոր լեզուներ փորձարկելու, աւելի ուրախ և հիւրընկալ դառնալու համար»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պահրէյն քառօրեայ ուղևորութեան ծիրէն ներս, այսօր՝ նոյեմբերի 5-ին Աուալի քաղաքի Սուրբ Սիրտ դպրոցին մէջ հանդիպեցաւ տարբեր ազգերու և մշակոյթներու պատկանող հարիւրաւոր երիտասարդներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը
Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը

Լսելով Դպրոցի տնօրինուհի` քոյր Ռոզալիի իրեն ուղղուած բարի գալստեան խօսքը, ինչպէս նաև տարբեր երիտասարդներուն ներկայացուցած վկայութիւնները, Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ ըսելով.

«Ուրախ եմ, որ Պահրէյնի Թագաւորութեան մէջ գտայ տարբեր մշակոյթներու և հաւատքներու հանդիպման և երկխօսութեան վայր: Եւ հիմա, նայելով ձեզի, տեսնելով, որ չէք դաւանիր միևնոյն հաւատքը և չէք վախնար միասին ըլլալէ, կը կարծեմ, որ առանց ձեզի՝ տարբերութիւններու այսպիսի համակեցութիւն հնարաւոր չէր ըլլար»:

Ֆրանչիսկոս Պապը շարունակեց պատգամը՝ գովեստի ու քաջալերանքի խօսքեր ուղղելով երիտասարդներուն.

«Աշխարհի խմորի մէջ դուք այն բարի թթխմորն էք, որուն վիճակուած է աճիլ, յաղթահարել սոցիալական և մշակութային խոչընդոտները և խթանել եղբայրութեան և նորութեան ծիլերը: Դուք՝ երիտասարդներդ էք, որ որպէս անյայտի հանդէպ բաց ու անհանգիստ ճամփորդներ, չէք վախնար մէկը միւսին հետ առերեսուելու, երկխօսելու, «աղմկելու» ու խառնուելու ուրիշներու հետ՝ դառնալով բարեկամական ու զօրակից հասարակութեան, (...) աւելի եղբայրական աշխարհի հիմքը՝ նոյնիսկ եթէ այդ մէկը կը նշանակէ դիմակայել բազմաթիւ մարտահրաւէրներ»:

Եւ ճիշտ այդ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու նպատակով Սրբազան Պապը անոնց ուղղեց իր յորդորները՝ «ոչ թէ խրատելու, այլ խրախուսելու համար», ըսաւ Ան:

Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը
Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը

Փարիլ «խնամքի մշակոյթին»

Առաջին յորդորը՝ փարիլ «խնամքի մշակոյթին», որ, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, կը նշանակէ զարգացնել կարեկցանքի ներքին վերաբերմունք, ուշադիր հայեացք, որ կը յաղթահարէ անտարբերութիւնը՝ մղելով մեզ հետաքրքրուել ուրիշներով: «Ասիկա շրջադարձային կէտ է, ուրկէ կը սկսի նորութիւնը և կ’առաջնորդէ ճաշակելու ընկերութեան և անվճար պարգևի բերկրանքը», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը և նկատել տուաւ, որ հակառակ պարագային՝ անհատականութեան մէջ ընկղմուած աշխարհի մը մէջ կը նմանինք անոնց, որոնք կը վազեն, կը տքնին, բազում բաներ կընեն կեանքի ընթացքին, բայց, ի վերջոյ, տխուր կը մնան:

Պապը օրինակ բերաւ Յիսուսին, որուն գործողութիւնները միշտ աշխուժացած են բոլորի հանդէպ տածած հոգատարութեամբ: Մարդոց աչքերու մէջ նայելով Ան կը լսէր անոնց օգնութեան խնդրանքները, կը մօտենար և կը հպէր անոնց վէրքերուն: Յիսուս եկաւ յիշեցնելու մեզի, թէ Աստուծոյ կողմը ըլլալը կը նշանակէ հոգ տանիլ մէկու մը և բանի մը, յատկապէս առաւել կարիքաւորներուն, յարեց Սրբազան Քահանայապետը և շեշտեց, որ՝ հոգալով համայնքի, համադասարանցիներու, աշխատանքային գործընկերներու, արարչագործութեան, լաւ հետք կը թողունք:

Ան յորդորեց չմոռնալ նաև առաջին հերթին հոգ տանելու սեփական անձին, բայց ոչ արտաքինին, այլեւ՝ հոգիին և սիրտին: Մի ըլլաք «կեանքի զբօսաշրջիկներ», որոնք միայն մակերեսօրէն կը նային: Զբօսաշրջիկի մտածելակերպով ապրելով, բաց կը թողունք ներկայ պահը և կը վտանգենք դեն նետել կեանքի մէկ մասը, հաստատեց Նորին Սրբութիւնը:

Խնամքի մշակոյթը գրկելով՝ կը նպաստենք աճեցնելու եղբայրութեան սերմերը, նշեց Ան որուն երկրորդ յորդորը եղաւ՝ սերմանեցէք եղբայրութիւն:

Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը
Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը

Արուեստգիտական առաջընթացը բաւարար չէ աշխարհը խաղաղ ու եղբայրական դարձնելու համար

Արդիականութեան առաջարկած արուեստագիտական առաջընթացը բաւարար չէ աշխարհը խաղաղ ու եղբայրական դարձնելու համար և ցաւով կ’արձանագրենք, որ պատերազմի քամիները չեն մարիր, շատ տարածաշրջաններու մէջ լարուածութիւնն ու սպառնալիքները կ’աճին՝ յաճախ վերածուելով հակամարտութիւններու, ըսաւ Քահանայապետը և նկատեց, որ պատճառը ազգային, մշակութային, կրօնական և այլ տարբերութիւններու հանդէպ վախերն են, որոնք կը մեկուսացնեն և երբ անոնք մեզ կապող եղբայրութենէ աւելի ուժեղ կը թուան, կը նշանակէ թէ բախման վտանգ կայ:

Աշխարհը ապագայ կ’ունենայ միայն եղբայրութեան մէջ

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոսը խրախուսեց երիտասարդները՝ որոնք «աւելի անմիջական և ընդունակ են, կապեր ու բարեկամութիւն ստեղծելու՝ նախապաշարմունքներն ու գաղափարական արգելքները յաղթահարելու նպատակով», ըլլալու «եղբայրութիւն սերմանողներ և ապագայի բերքահաւաքներ», որովհետև աշխարհը ապագայ կ’ունենայ միայն եղբայրութեան մէջ, ըսաւ Ան:

«Ա՛ն որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել Աստուած՝ որ չի տեսներ: ... «ո՛վ որ կը սիրէ Աստուած, թող սիրէ նաեւ իր եղբայրը» (Ա Յովհաննէս 4։20-21), Աստուածաշունչէն մէջբերում կատարեց Պապը և պատուիրեց չի սահմանափակուիլ միայն բառերով այլեւ արտայայտել այդ սէրը առարկայական վարմունքներով:

Ճամբորդութեան հանդէպ երիտասարդներու տածած սիրոյ անդրադառնալով, Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորեց գիտնալ ճամբորդել նաև սիրտերէն ներս, լայնացնել ներքին սահմանները, տապալելու համար ուրիշներու հանդէպ նախապաշարմունքները և վախի ցանկապատերը, որպէսզի հոն բուսնի եղբայրական բարեկամութիւնը։ Այս համատեքստի մէջ Պապը Մաղաքիա մարգարէի խօսքերը մէջբերեց. «Միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ։ Ինչո՞ւ մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ»: (Մաղաքիա 2.10):

«Եղբայրութեան ուսուցման վայր» կարող են դառնալ այն հասարակութիւնները, որոնք ունին տարբեր հաւատքներու, աւանդոյթներու և լեզուներու զգալի հարստութիւն, հաստատեց ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը
Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը

Աստուծոյ լոյսը կ’օգնէ մեզ տարբերակելու էականը աւելորդէն

Ընտրութիւն կատարելու մարտահրաւէրը Ֆրանչիսկոս Պապի երրորդ պատգամն էր երիտասարդներուն. ձեր առօրեայ փորձէն լաւ գիտէք, որ չկայ կեանք առանց մարտահրաւէրներու, զոր պէտք է դիմակայել: Շատ են այն հարցերը, որ կ’առաջանան ընտրութեան ժամանակ:

Պապի առաջարկած լուծումն է՝ ապաւինել Աստուծոյ. «Անոր ուղղելով մեր լուռ աղօթքները, Անոր հետ մտերմիկ երկխօսութեան մէջ մտնելով, կարող ենք հասկնալ, թէ որն է լաւը և ինչն է որ խաղաղութիւն կը բերէ: Աստուծոյ լոյսը կը լուսաւորէ մեր միտքերու, հոյզերու և զգացմունքներու լաբիւրինթոսը, կ’օգնէ մեզի տարբերակելու էականը աւելորդէն, լաւը այն վատէն, որ կը պատճառենք մեզ և միւսներուն, ճիշտը այն ամենէն, որ կ’առաջացնէ անարդարութիւն և անկարգութիւն: ... «Տէրը միշտ կը հսկէ և կը պահպանէ մեզ», հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը կարիք ունի կեանքի ճանապարհին ուղեկիցի

Ընտրութիւն կատարելու համար Պապը խորհուրդ տուաւ նաև յառաջ ընթանալ առանց վախի և երբեք միայնակ՝ առաջարկելով, նախքան համացանցին դիմելը, փնտռել լաւ խորհրդատուներ, իմաստուն և վստահելի մարդիկ, որոնք կարող են ուղղորդել և օգնել. այդպիսիք են ծնողները և ուսուցիչները, տարեցները, մամիկները ու պապիկները և լաւ հոգևոր ուղեկիցները:

Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը
Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը աւարտեց հետևեալ բառերով.

«Սիրելի երիտասարդներ, մենք կարիք ունինք ձեր ստեղծագործութեան, ձեր երազանքներու և քաջութեան, ձեր համակրանքի և ժպիտներու, ձեր վարակիչ ուրախութեան և նաև պտղունց մը այն խենթութեան, որ կը հաղորդէք ամէն մէկ իրավիճակի մէջ և որ կ’օգնէ մեզ դուրս ելլելու սովորոյթներու և կրկնուող օրինաչափութիւններու կաղապարներէն, որոնց մէջ յաճախ կը զետեղենք մեր կեանքը: Որպէս Պապ՝ կ’ուզեմ ըսել. Եկեղեցին ձեր հետ է և ձեր կարիքը շատ ունի, ձեզմէ իւրաքանչիւրի կարիքը՝ երիտասարդանալու, նոր ուղիներ ուսումնասիրելու, նոր լեզուներ փորձարկելու, աւելի ուրախ և հիւրընկալ դառնալու համար»:

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը խոստանալով երիտասարդներուն, որ զիրենք պիտի կրէ իր սրտին մէջ եւ հաւաստիացնելով, որ պիտի յիշէ իր աղօթքներուն մէջ անոնցմէ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2022, 16:18