Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան շրջանի գլխաւորած արարողութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 30 նոյեմբեր 2022ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնի ու Ամանորի առթիւ գլխաւորելիք արարողութիւններուն յայտագիրը։
Շաբաթ` 24 Դեկտեմբեր 2022-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան ժամը 19.30-ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կը մատուցէ Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագը, որուն ընթացքին նախատեսուած է «Kalenda»ի շարականի երգեցողութիւնը, որով կը հռչակուի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ծիսական Ծնունդը։
Յաջորդ օր՝ դեկտեմբեր 25ին, տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան։ Սրբազան Հայրը, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն Սուրբ Ծննդեան պատգամը կ՛ուղղէ եւ «Ուրպի Էթ Օրպի» առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։
Մէկ Յունուար 2023-ին նոր տարուայ առաջին օրը` Սուրբ Կոյս Մարիամ Մայր Աստուծոյ տօնին ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով, Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան 10ին Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագը, որուն ընդհանրապէս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները։ Նախորդ օրը` 31 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5-ին, Քահանայապետը ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ գոհաբանական երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը ու քաղաքացիական տարւոյն աւարտին առթիւ Գոհաբանական աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը։
6 Յունուարին, Աստուածայայտնութեան տօնն է։ Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ Աստուածայայտնութեան տօնի հանդիսաւոր սուրբ պատարագը եւ երկու օր ետք` 8 Յունուարին, Ան աւանդութեան համաձայն, Վատիկանի Սիքստինեան մարտան մէջ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ նորածին մանուկներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ