Սրբազան Պապը հրաժեշտ առաւ Պահրէյնէն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 6 նոյեմբեր 2022ի առաւօտեան, Պահրէյնի մէջ առաջին քրիստոնեայ կաթողիկէ Եկեղեցի` Սուրբ Սիրտ Եկեղեցիին մէջ եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին եւ հովուական խնամակալութեան գործիչներուն հետ ունեցած հանդիպումով Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտեց իր Քահանայապետութեան 39րդ միջազգային ճամբորդութիւն հանդիսացող Պահրէյնի մէջ պաշտօնական հանդիպումներու յայտագիրը եւ նախ քան Աուալիի Sakhir Air Base օդակայան փոխադրուիլը առանձնական այցելութիւն տուաւ Սուրբ Սիրտ հնագոյն եկեղեցւոյ, որմէ ետք ուղղուեցաւ օդակայան, ուր զինք կը սպասէր Երկրին Թագաւոր Նորին Մեծութիւն Համատ պին Իսա պին Սալման Ալ Խալիֆան, որուն ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի արարողութիւնը եւ Սրբազան Պապը վերջին անգամ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Թագաւորին իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար, բարձրացաւ օդանաւ վերադարձ կատարելով Իտալիա, Հռոմ ապա Վատիկան, ուր ժամանումը նախատեսուած է կէսօրէն ետք Հռոմի ժամով 16,35-ին։
Չորս օրուայ այց յատկանշական հանդիպումներով
Այս չորս օրերուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կարողացաւ մօտէն ծանօթանալ Պահրէյնի եւ ընդհանրապէս Արաբական Ծոցի երկիներուն մէջ ապրող քրիստոնեայ հասարակութեան իրականութեան, որ ընդհանրապէս կազմուած է աշխատանքի բերումով այնտեղ գտնուող գաղթական անհատներէ եւ ընտանիքներէ, եւ որոնք, ինչպէս ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հակառակ իրենց փոքր քանակին, կը շարունակեն ճառագայթել Եկեղեցւոյ կաթողիկէութիւնը, անոր տիեզերական բնոյթը, քաջալերելով զանոնք յառաջ ընթանալու այդ ուղղութեամբ ու մասնաւորապէս միութեան հոգիով։
Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու պատկան ղեկավարներու հետ ընդգծելով երկխօսութեան եւ եղբայրութեան կարեւորութիւնը ու նաեւ միասին գործակցելու հարկաւորութիւնը, արմատախիլ ընելու համար, թշնամանքը, անհանդուրժողականութիւնը եւ ատելութիւնը ու յանձնառու ըլլալու հասարակաց բարիքին եւ ամէն մէկ անհատի արժանապատւութեան խթանումին ուղիով։
Նորին Սրբութեան յատուկ հանդիպումներէն մին եղաւ նաեւ երիտասարդներուն հետ հանդիպումը, Սուրբ Սիրտ դպրոցին մէջ ուր Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց զանոնք աշխարհը չի դիտելու «զբօսաշրջիկի» աչքերով, այլ ըլլալու դերակատարներ իրենց կեանքին ու հասարակութեան ապագան կերտելուն մէջ։
«Սիրելի երիտասարդներ, մենք կարիքն ունինք ձեր ստեղծագործութեան, ձեր երազանքներու և քաջութեան, ձեր համակրանքի և ժպիտներու, ձեր վարակիչ ուրախութեան և նաև պտղունց մը այն խենթութեան, որ կը հաղորդէք ամէն մէկ իրավիճակի մէջ և որ կ’օգնէ մեզ դուրս ելլելու սովորոյթներու և կրկնուող օրինաչափութիւններու կաղապարներէն, որոնց մէջ յաճախ կը զետեղենք մեր կեանքը: Որպէս Պապ՝ կ’ուզեմ ըսել. Եկեղեցին ձեր հետ է և ձեր կարիքը շատ ունի, ձեզմէ իւրաքանչիւրի կարիքը՝ երիտասարդանալու, նոր ուղիներ ուսումնասիրելու, նոր լեզուներ փորձարկելու, աւելի ուրախ և հիւրընկալ դառնալու համար» ըսաւ անոնց Սրբազան Քահանայապետը:
Վերադարձ դէպի Հռոմ
Նորին Սրբութիւնը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը Իտալիոյ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան կը ժամանէ հինգ ու կէս ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք սաւառնելէ ետքը Քուէյթի, Իրաքի, Թուրքիոյ, Յունաստանի ե Ալպանիյի ե Իտալիոյ օդային տարածքներուն վրայէն, որոնց պետական իշխանութիւններուն Սրբազան Պապը կ՜ուղղէ քաղաքավարական հեռագիրներ։ Հեռագիրներ կ՛ուղղէ նաեւ Պահրէյնի Թագաւորին։
Հաւանական է որ Նորին Սրբութիւնը Հռոմ ժամանելէն ետքը սովորութեան համաձայն այցելէ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար Աստուածամօր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան սրբապատկերին ոտքին աղօթելու եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնելու Տիրամօր, ճամբորդութեան յաջողութեան համար։ Եւ Հաւանական է նաեւ ,որ Ան հանդիպում ունենայ եւ զրուցէ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ