Խաղաղութեան համար համամիութենական հանդիպում եւ աղօթք Պահրէյնի Արաբիոյ Տիրամայր եկեղեցւոյ մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Պահրէյն կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երկրորդ օրուան յայտագիրը աւարտեց Արաբիոյ Տիրամօր Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կայացած Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթք հանդիպումի մասնակցութեամբ։
Հանդիպումին առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու եւ Եկեղեցիներու տարբեր ներկայացուցիչներուն խաղաղութեան համար աղօթքը իսկ աղօթքէն առաջ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ետքը Սրբազան Պապը ներկաներուն ուղղեց ճառ մը, որուն սկիզբը մէջբերեց Գործք առաքելոցէն քաղուած Պենտեկոստէի դրուագը պատմող հատուածը (Գործք Առաքելոց 2,9-11) որուն մէջ հաստատուած է, թէ հակառակ զանազանութիւններուն «կը լսենք, որ մեր լեզուներով կը պատմեն Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին»։
Սուրբ Հոգին` որ կը միացնէ բոլոր անդամները աւելի մեծ է մեր մարդկային բաժանումներէն
«Այս խօսքերը ըսաւ Սրբազան Պապը, կարծես գրուած են մեզի համար այսօր` որ կազմուած ենք տարբեր ժողովուրդներէ, տարբեր լեզուներէ եւ տարբեր վայրերէ ու ծէսերէ ու կը գտնուինք այստեղ միասին»։ Ան ապա ակնարկեց Պենտեկոստէի օրուան երբ Սուրբ Հոգին իջաւ աշակերտներուն վրայ նշելով, որ «բոլորս ալ մկրտուեցանք մէկ Հոգիի միջոցաւ», ապա խօսեցաւ բաժանումներուն մասին, «որոնք վիրաւորեցին Տիրոջ մարմինը», նկատել տալով, որ «Սուրբ Հոգին` որ կը միացնէ բոլոր անդամները աւելի մեծ է մեր մարդկային բաժանումներէ»։ «Ուստի, ըսաւ Սրբազան Պապը, արդար է հաստատել, որ «մեզ միացնող բաները կը գերազանցեն մեզ բաժնող բաներուն, եւ այն չափով. որ քալենք Սուրբ Հոգիին համաձայն, այնքան աւելիով մղուած ենք փափաքելու եւ Աստուծոյ օգնութեամբ, վերահաստատելու մեր միջեւ լիակատար միութիւնը»։
Տարբերութեան մէջ միութիւն եւ կեանքի վկայութիւն
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ Պենտեկոստէի դրուագէն քաղուած երկու տարրերու վրայ, այն է տարբերութեան մէջ միութիւնը եւ կեանքին վկայութիւնը։
«Սուրբ Հոգին իւրաքանչիւրին վրայ կ՜իջնէ այն պահուն երբ անոնք բոլորը միասին էին» յարեց Քահանայապետը, դիտել տալով, որ քրիստոնեայ ժողովուրդը կոչուած է միանալու, որպէսզի Աստուծոյ սքանչելիքները իրականութիւն դառնան։
Միութիւնը կ՛աճի աղօթքի միջոցաւ
«Մեր ներկայութիւնը այստեղ՝ Պահրէյնի մէջ, որպէս Քրիստոսի փոքրիկ հօտ՝ ցրուած տարբեր վայրերու եւ դաւանանքներու մէջ, կ՛օգնէ զգալու միասնութեան եւ հաւատքը կիսելու անհրաժեշտութիւնը. Եւ այնպէս ինչպէս այս արշիպեղագոսին մէջ չեն պակսիր կղզիներուն միջև ամուր կապերը, այնպէս ալ թող ըլլայ մեր միջեւ, որպէսզի չի մեկուսանանք, այլ ըլլանք եղբայրական հաղորդութեան մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով, որ «այդ միութիւնը կարող է աճիլ Աստուած փառաբանելով, աղօթքի միջոցաւ»...։
«Փառաբանական աղօթքը կը ներքաշէ Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնը, կը բիւրեղացնէ սիրտը, կը վերակառուցէ ներդաշնակութիւնը, կը դարմանէ միութիւնը։ Անիկայ հակաթիւնն է տխրութեան ու փորձութեան մենք մեզ համարելու փոքր ներքնապէս, ի տես արտաքինի մեր թիւերուն փոքրութեան» յարեց Քահանայապետը, հաստատելով նաեւ, որ «աղօթքը մեզի թոյլ կու տայ զգալ Բարի Հովիւին մօտիկութիւնը, նոյնիսկ այն պահուն երբ ծանր կը կշռէ մօտիկ Հովիւներուն պակասը»։
Տէրը անապատներուն մէջ կը բանայ նոր արահետներ
«Տէրը արդարեւ մեր անապատներուն մէջ է, որ կը սիրէ բանալ նոր արահետներ ու այնտեղէն հոսեցնել կենդանի ջուրի աղբիւրներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով, որ փառաբանութիւնն ու երկրպագութիւնը մեզ կը տանին Սուրբ Հոգիի ակնաղբիւրին, մեզ վերադարձնելով ակունքին` միութեան։
Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը գնահատեց քրիստոնեայ հասարակութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ համայնքներու պաշտամունքային կառոյցներ իրար տրամադրելու սովորութիւնը։ Ան ակնարկեց ապա` տարբեր դաւանանքներուն պատկան բազմաթիւ քրիստոնեայ մարտիրոսներուն, «որոնք այժմ կը կազմեն «մէկ աստղային Երկինք», որ ցոյց կու տայ ճանապարհը անոր, որ կը քալէ պատմութեան անապատներուն մէջ» ըսաւ Ան ու աւելցուց, «մենք ունինք միեւնոյն նպատակը, բոլորս ալ կանչուած ենք Աստուծոյ մէջ հաղորդութեան լիութեան»։
Տարբերութեան մէջ միութիւն
Քահանայապետը յիշեցուց ապա, որ «Միութիւնը` որուն ընդմէջէն կը քալենք, տարբերութեան մէջ միութիւն է», ինչպէս պատահեցաւ Պենտեկոստէի օրը, երբ մարդիկ կը լսէին Առաքեալները իրենց սեփական լեզուներով։
Այս մէկը կը պատահի անոր, որ կ՛ապրի Սուրբ Հոգիի համաձայն, կը սորվի հանդիպիլ հաւատքի մէջ իւրաքանչիւր եղբօր ու քրոջ, որպէս միակ մարմնի անդամ, որուն կը պատկանի։ «Ահա այս է համամիութենական ուղեւորութեան հոգին», հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով բոլորը իրենք իրենց հարց տալու եթէ կը հնազանդին Սուրբ Հոգիին։
Քրիստոնեաներուն կրծքանշանը «բոլորը սիրելն է»
Նորին Սրբութիւնը ճառին երկրորդ մասը յատկացուց կեանքի վկայութեան, այստեղ եւս օրինակ ներկայացնելով Պենտեկոստէի իրականութիւնը, երբ աշակերտները վերնատունէն դուրս կու գան եւ կ՛երթան համայն աշխարհ, առանց վախի, «ամենուրէք տարածելու Աստուծոյ սիրոյ գեղեցկութիւնը» իրենց իսկ կեանքի վկայութեամբ։
Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ վկայութեան կարեւորութեան վրայ, հաստատելով որ հաւատքը պարգեւ մըն է, որ պէտք է բաժնեկցիլ ու թէ քրիստոնեաներուն կրծքանշանը «բոլորը սիրելն է», որ է նաեւ վկայութեան էութիւնը։ Ան ապա ակնարկեց Պահրէյնի մէջ քրիստոնեաներուն ապրած իրականութեան քաջալերելով ներկաները հետեւողական ըլլալու իրենց վկայութեան մէջ խուսափելով «գունաթափութենէն»։
Միութեան եւ խաղաղութեան ուղեւորութիւն
«Միութիւնն ու վկայութիւնը համատեղ են. մենք չենք կարող իսկապէս ականատես ըլլալ սիրոյ Աստուծոյն, եթէ միասնական չըլլանք մեր միջեւ, ինչպէս, որ Ան կը փափաքի։ Եւ կարելի չէ միանալ՝ մնալով իւրաքանչիւրս ինքնուրոյն, առանց բացուելու վկայութեան, առանց ընդլայնելու մեր շահերու և մեր համայնքներու սահմանները՝ յանուն Սուրբ Հոգւոյն, որ կ՛ողջագուրէ իւրաքանչիւր լեզու և ցանկանայ հասնիլ բոլորին:Ան կը միացնէ եւ կ՛առաքէ, կը համախմբէ հաղորդութեան մէջ եւ կ՛ուղարկէ առաքելութեան, Անոր յանձնենք մեր միասնական ուղեւորութիւնը եւ մեր վրայ հայցենք Անոր շունչը, նորոգուած Պենտեկոստէի մը համար, որ մեզի պարգեւէ նոր հայեցաք եւ արագ քայլեր մեր միութեան եւ խաղաղութեան ուղեւորութեան մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր ճառը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ