Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ երիտասարդներուն արտասանած Խաղաղութեան աղերսներ

Աղօթքները արտասանուեցան Պահրէյնի Սուրբ Սիրտ դպրոցէն ներս ուր Սրբազան Քահանայապետր հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ 5 նոյեմբերի կէսօրէն ետք Պահրէյնի մէջ Սրբազան Քահանայապետին երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումին առթիւ տարբեր երկիրներէ ժամանած վեց երիտասարդներ իրենց լեզուներով կարդացին խաղաղութեան նուիրուած աղերսներ զոր կը ներկայացնենք հայերէն թարգմանութեամբ։

Արաբերէն լեզուով աղօթքը արտասանեց Եուսէֆ Քարիմը` Պահրէյնէն.

Ողորմած Հայր, կ՝աղօթենք աշխարհի մէջ ներդաշնակութեան եւ համերաշխութեան համար։ Շարժէ աշխարհի առաջնորդներուն սիրտերը, որպէսզի սէրն ու խաղաղութիւնը կրկին տիրեն իւրաքանչիւր երկրի մէջ։ Այնպէս ըրէ, որ քու շնորհքդ թագաւորէ այս աշխարհին մէջ, եւ իւրաքանչիւր մարդ կարենայ ճանչնալ իսկական խաղաղութիւնը, քու առատ ողորմութեան միջոցաւ։

Անգլերէնով աղօթքը արտասանեց Ֆեպի Տեննիսը, հնդկաստանէն

Երկնաւոր Հայր, կ՝աղօթենք մեր երկրի՝ Պահրէյնի, բոլոր երիտասարդներուն համար, ինչպէս նաեւ Ծոցի համագործակցութեան Խորհուրդի հարեւան երկիրներուն ու աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն համար։ Քու սիրառատ հայեացքդ ուղղէ մեր վրայ, մինչ մենք սիրտերու մեր կը կրենք, արդարութեան եւ խաղաղութեան ապագայ մը կերտելու մեծ յոյսը։

Ֆրանսերէն աղօթքը արտասանեց Ռէանա Քանթիփուտին, հնդկաստանէն

Ամենակարող Հայր, կ՝աղօթենք բոլոր դաստիարակներուն, ծնողներուն եւ տարեցներուն համար։ Թող անոնք լուսաւորեն երիտասարդներուն սիրտերն ու միտքերը, որպէսզի անոնք լոյս տանին, հոն ուր խաւար կը տիրէ, սէր՝ հոն ուր ատելութիւն կայ, խաղաղութիւն` հոն ուր հակամարտութիւն կ՝իշխէ։ Թող անոնք ոգեշնչուին ջանասիրութեամբ աշխատելու՝ արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար, ու այդպիսով սատարեն բոլորին բարօրութեան։

Հնդկերէնով աղօթքը յանձնուած էր Սինթա Սիրիլին, հնդկաստանէն

Սիրելի Տէր, կ՝աղօթենք արուեստագէտներուն համար եւ բոլոր անոնց համար, որոնք ներգրաւուած են մշակոյթի աշխարհին մէջ։ Քու ճշմարտութիւնդ փայլեցուր արուեստի, երաժշտութեան եւ գրականութեան մէջ, որպէսզի այսօրուան երիտասարդ սերունդը գտնէ աճումի եւ հասկացողութեան հնարաւորութիւնը։

Սրի Լանքացի Ռամիզա Իզմայիլը աղօթք արտասանեց Սինիկալերէն լեզուով

Սիրալիր Աստուած, կ՝աղօթենք բոլոր անոնց համար որոնք ցանցն ու ընկերային հաղորդամիջոցները կ՛օգտագործեն։ Օրհնէ եւ պաշտպանէ զանոնք բոլոր վտանգներէն, որ այսօր թագնուած են աշխարհին մէջ։ Կ՝աղօթենք նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կախեալ են թմրեցուցիչներէն ու կը տառապին շահագործումին պատճառով։ Ներշնչէ մարդիկը՝ որպէսզի օգնեն անոնց, այնպէս որ անոնց կարենան գտնել աւելի լաւ կեանքի մը ուղին։

Վերջին աղօթքը կարդաց Ֆիլիփինեան լեզուով Ֆիլիփփինցի Երեմեայ Քիլլէն

Աբբա, Հայր, կ՝աղօթենք մեզի համար, որ հոս հաւաքուած ենք։ Շարժէ մեր սիրտերը քեզ սիրելու եւ ծառայելու համար։ Օգնէ մեզի համտեսելու քու բարեկամութիւնդ։ Լեցուր մեր անձերը քու խաղաղութեամբ։ Օգնէ մեզի յաղթահարելու դժուար պահերը։ Շնորհէ մեզի քաջութիւնը մեր ժամանակուայ մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ ուրախութիւնը` մէկը միւսին եւ ուրիշներուն հետ հաղորդութեան մէջ ապրելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2022, 16:24