Նայինք Խաչին, դառնանք ծառաներ, եւ ներգրաւուինք Քրիստոսի սիրոյն մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Ասդիի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ երէկ` շաբաթ 19 նոյեմբերին ժամանած էր իր հօրը ծննդավայր Ասդի քաղաք, իր ազգականներուն այցելութիւն տալու նպատակով, Կիրակի 20 նոյեմբեր 2022ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Ասդիի Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր տօնին օրը, գլխաւորեց Երիտասարդներու համաշխարհային թեմական օրուան նուիրուած պատարագը, մասնակցութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներու։
Դպրութեան կարգ եւ խաղաղութեան համար աղօթքներ
Սրբազան արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը դպրութեան կարգը շնորհեց Stefano Accornero անունով նորընծային մինչ դէպի երկինք բարձրացած հաւատացեալներու աղօթքի դիտաւորութիւններու շարքին, ներկաները աղօթեցին պատերազմի պատճառաւ տառապող ժողովուրդներուն համար ու խնդրեցին, որ լռեն զէնքերը եւ համայն աշխարհին մէջ մարի ատելութեան եւ ոխի ծարաւը։ Հաւատացեալները աղօթեցին նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք այսօր կը տառապին տնտեսական կացութեան բերումով, որպէսզի գտնեն մխիթարութիւն եւ օգնութիւն։
Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնի քարոզը
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրաւ օրուան տօնին վրայ Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնը։
«Ան քարոզը սկսաւ մատնանշելով նորըծային, որ այսօր դպրութեան կարգը կ՜ընդունի, հաւատացեալներէն խնդրելով, որ աղօթեն անոր համար եւ աղօթեն նաեւ եկեղեցւոյ համար որպէսզի նոր կոչումներ ունենայ»։
Հաւատքին արմատները
Քահանայապետը ապա նշեց. «Այս հողերէն հայրս հեռացաւ Արժանթին գաղթելու համար. և այս հողերուն վրայ, որոնք թանկ դարձան հողի լաւ արտադրանքի և առաջին հերթին մարդոց իսկական աշխատասիրութեան շնորհիւ, ես եկած եմ նորէն բացայայտելու արմատներու համը: Բայց այսօր Աւետարանը անգամ մը եւս մեզ կը տանի հաւատքի արմատներուն, որոնք կը գտնուին գողգոթայի հողին վրայ, ուր Յիսուս մեռնելով ծիլ տուաւ յոյսին, իր մահով մեզի պարգեւելով յաւիտենական կեանքը եւ իր խաչի տախտակով մեզի պարգեւեց փրկութեան պտուղները։ Նայինք ուրեմն իրեն` Խաչեալին ու խաչին` որուն վրայ գրուած է «Ասիկա հրեաներու թագաւորն է», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ երբ մենք կը նայինք Յիսուսին, Թագաւոր տիտղոսը իր իմաստին հակառակ կը ներկայնանայ։
Խաչին յարակարծութիւնը
«Ան բազմած չէ հանգստաւէտ գահի մը վրայ այլ կախուած է կախաղանի վրայ։ Աստուած, որ հզօրները կը տապալէ իրենց գահերէն, կը գործէ որպէս ծառայ, որ խաչին վրայ դրուեցաւ հզօրներէն, մերկացած ամէն բանէ սակայն հարուստ սիրով։ Խաչի գահէն Ան ձեռքը չի բարձրացնէր ուսուցանելու համար, այլ բազուկները կը բանայ բոլորին։ Այսպէս է, որ կը յայտնուի մեր Թագաւորը` բազկատարած», յարեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ միայն «Անոր բազուկներուն մէջ մտնելով է, որ մենք կը հասկնանք թէ Աստուած ինքզինք մղեց մինչեւ խաչին յարակարծութիւնը վրայ, որպէսզի ողջագուրէ մեզ բոլորս ու մեր էութիւնը»։
Աստուած ներկայ է պատմութեան իւրաքանչիւր խաչելութեան մէջ
«Ան դարձաւ ծառայ, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրս ինքզինք զգայ զաւակ. Թոյլ տուաւ, որ վրան ծիծաղին եւ զինք անարգեն, որպէսզի ոչ մէկը ինքզինք միայնակ զգայ նուաստացումներուն մէջ։ Թոյլ տուաւ մերկանալ, որպէսզի եւ ոչ մէկը մերկանայ իր արժանապատւութենէն։
Բարձրացաւ խաչին վրայ, որպէսզի պատմութեան իւրաքանչիւր խաչելութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը զգացուի։ Ահա այս է մեր Թագաւորը, Տիեզերքին Թագաւորը եւ մենք հարց տալու ենք, եթէ այս տիեզերքի թագաւորը իմ գոյութեանս եւ կեանքիս թագաւորն է», ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով անգամ մը եւս մեր հայացածը սեւեռելու Խաչեալ Յիսուսին ու խօսքը ուղղելով դպիրին հրաւիրեց որ նմանի թագաւորին ու զայն ընդունի որպէս օրինակ, «ապա թէ ոչ, կանգ առ եւ մի շարունկեր ճանապարհդ» յարեց Սրբազան Պապը ու շարունակեց. «Յիսուս մեր կեանքը կը դիտէ, տարածուած բազուկներով, լռութեան մէջ մեզի ըսելու թէ կ՛ուզէ մեզ ողջագուրել, ոտքի կանգնեցնել, փրկել, բոլոր մեր թշուառութիւններուն եւ մեղքերուն հանդերձ։ Փրկութիւնը կարելի է եթէ թոյլ տանք, որ Ան մեզ սիրէ, որովհետև միայն այդպէսով է, որ մենք կ՛ազատինք եսի ստրկութենէն» յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։
Մենք մեզ դնենք Խաչեալին առջեւ եւ թոյլ տանք որ մեզ սիրէ
«Եղբայրներ եւ քոյրեր» շարունակեց Ան, «մենք մեզ դնենք Խաչեալին առջեւ եւ թոյլ տանք, որ սիրէ մեզ եւ որպէս մերը նկատենք խօսքը, որ ան ուղղեց իր մօտ խաչուած բարի աւազակին «այսօր իմ հետս պիտի ըլլաս դրախտին մէջ», որովհետեւ այս է այն ինչ, որ կ՛ուզէ Աստուած մեզի համար»։
Ներգրաւուիլ Յիսուսի խաչի սիրոյն մէջ
Սրբազան Պապը հրաւիրեց ապա Խաչեալին դիմաց չըլլալ լոկ հանդիսատեսներ, նման անոնց, որոնք հեռուէն կը դիտէին Յիսուսը, անտարբերութեամբ, առանց հարց տալու թէ ի՞նչ պէտք է ընել, կամ նման զինուորներուն եւ անոնց, որոնք Յիսուսը կը ծաղրէին ու կամ աւազակին, որ Յիսուսին կ՛ըսէ.« Եթէ դուն թագաւոր ես դուն քեզ ազատէ»։
«Դուն քեզ ազատէ, ճիշտ Յիսուսի կատարածին հակառակն է» յարեց Նորին Սրբութիւնը Յիսուս ինքնիրեն չի մտածեր այլ կը մտածէ փրկել միւսները։
«Չարին ալիքը արագօրէն կը տարածուի» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը, կը սկսի հեռու կենալով, անհոգ կեցուածքով, եւ անտարբերութիւն ցուցաբերելով, ու վարժուելով մեր հայեացքը այլուր սեւեռելու։ Ասիկա սպառնալիք է նաեւ մեր հաւատքին համար, որ կարող է թառամիլ եթէ չկայ անձնական ներգրաւում...այդպիսով կը դառնանք քրիստոնեաներ, որոնք կ՛ըսեն թէ Աստուծոյ կը հաւատան եւ խաղաղութիւն կը փափաքին, բայց չեն աղօթեր եւ մերձաւորին հոգ չեն տանիր»։
Բարի աւազակին օրինակը. Տէր յիշէ զիս
Բայց կայ նաեւ բարիի բարի ալիքը։ Բազմաթիւ հանդիսատեսներու միջեւ կար մէկ մը, որ ներգրաւուեցաւ, բարի աւազակը։ Միւսները Տիրոջ վրայ կը ծիծաղին, Ան կը խօսի ու զայն կը կոչէ իր անոնով. Յիսուս, Անոր խոստովանելով իր սխալները եւ հայցելով. «Յիսուս զիս յիշէ»։
Այդպիսով աւազակ մը` սուրբ կը դառնայ, մէկ ակնթարթի համար Յիսուսին կը մօտենայ ու Տէրը զայն կը փրկէ առ յաւէտ։ Մենք ալ այդ բարի աւազակի նման թոյլ տանք ներգրաւուիլ, ու սկսինք մտերմութենէն, Աստուած կոչելով իր անունով եւ բարի աւազակին նման կրկնելով. «Տէր յիշէ զիս»։ «Գեղեցիկ աղօթք մըն է սա որ պէտք է յաճախ կրկնել օրուան ընթացքին» նշեց Քահանայապետը։
Մեզի կ՜իյնայ ընտրել եթէ կ՛ուզենք պարզ հանդիսատեսներ կամ ներգրաւած անձեր ըլլալ
«Մենք աշխարհ չենք եկած միայն մենք մեզ փրկելու համար այլ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն տանելու Թագաւորին ողջագուրումը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը քարոզի աւարտին հաստատելով, որ խաչին Թագաւորը այսօր մեզի կը նայի տարածուած բազուկներով, ու թէ մեզի կ՜իյնայ ընտրել եթէ կ՛ուզենք ըլլալ պարզ հանդիսատեսներ կամ ներգրաւած անձեր։
«Այսօր, մինչ Յիսուսը, խաչի վրայ մերկացած, կը կործանէ իր թագաւորութեան բոլոր կեղծ պատկերները, Նայինք Անոր, որպէսզի քաջութիւնը գտնենք՝ նայելու մենք մեզի, քալելու վստահութեան և բարեխօսութեան ճանապարհներով, մենք մեզ ծառաներ դարձնելով` որպէսզի թագաւորենք Անոր հետ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ քարոզը եզրափակեց կրկնելով «Յիշէ Տէր, յիշէ զիս» աղօթքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ