Որոնել

WhatsApp-Image-2022-11-06-at-18.06.47-1.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձաւ Պահրէյնէն եւ այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար

Հարիւրմէկերորդդ անգամ ըլլալով Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը շնորհակալութիւն յայտնելու համար Տիրամօր

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Կիրակի 6 նոյեմբերին, աւարտելէ ետք իր Քահանաապետութեան 39րդ միջազգային ճամբորդութիւնը, որ որպէս հանգրուան ունեցաւ Պահրէյնի թագաւորութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապը հազիւ Հռոմ ժամանեց ուղղուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար ուր 101րդ անգամն ըլլալով այցելեց տաճարի Սալուս Փոփւլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող մատուրը այնտեղ ամփոփուելով աղօթքի մէջ Տիրամօր շնորհակալութիւն յայտնելով ճամբորդութեան յաջող ընթացքին համար։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2022, 18:04