Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ «Խաղաղութեան» մրցումին մասնակցողներուն հետ. Անոնց շարքին էր Հէնրիխ Մխիթարեանը

Կործանման մէջ ցանեցէք բարեկամութեան սերմեր
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

200 մարզիկներ իրենց ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն հետ առիթը ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, ընդունելով Անոր օրհնութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, նախ քան Հռոմի «Օլիմփիքօ» դաշտին մէջ «յանուն խաղաղութեան» ոտնագունդի մէկ խաղին մասնակցելուն։ Խաղ` որ երրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուած է Քահանայապետական հիմնարկ «Սքոլաս Օքուրենդէսի» կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ «Խաղաղութեան» մրցոյթի խաղացողներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ «Խաղաղութեան» մրցոյթի խաղացողներուն հետ

“We Play For Peace” կարգախօսով խաղը այս տարի յատուկ կերպով պիտի յիշէ Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնան, որ եղած է ձեռնարկին մեծ համակիրներէն մին։

Ընդունելով ոտնագունդի աշխարհածանօթ մարզիկները, որոնց շարքին էր նաեւ  Հէնրիխ Մխիթարեանը, Սրբազան Պապը նշեց, թէ անոնք  «խաղաղութեան փոքր սերմեր են», պատերազմի, կործանումի աշխարհի մը մէջ, ուր ամենամեծ ներդրումները սահմանուած են զէնքի գործարաններուն։ 

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք, «եկած են տարբեր վայրերէ ու հեռաւոր վայրերէ» խաղալու համար «յանուն խաղաղութեան» խաղ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ «Խաղաղութեան» մրցոյթի խաղացողներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ «Խաղաղութեան» մրցոյթի խաղացողներուն հետ

«Դուք ձեր ժամանակը վատնեցէք այստեղ գալու եւ խաղաղութեան ձրիութիւնը ապրելու»։ Խաղաղութիւնը, որ յառաջ կ՜ընթանայ այսպիսի արարքներով. մօտիկութեան, բարեկամութեան, երկարած ձեռքի արարքներով, ոչ թէ ձեռքին մէջ նետուելիք քար մը բռնելով»։

«Ասոնք փոքր արարքներն են բայց խաղաղութեան սերմեր են, որոնք կարող են աշխարհը փոխել» հաստատեց Սրբազան Պապը, շնորհակալութիւն յայտնելով խաղին համար, որ կը պատգամէ «Խաղաղութիւն կ՛ուզենք, աշխարհի մը մէջ, որ մշտապէս կը փնտռէ պատերազմ եւ կործանում» յարեց Նորին Սրբութիւնը բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։

«Կ՛ուզեմ օրհնել ձեզ բոլորդ, ձեր ընտանիքները, ձեր սիրտը. Թող որ Ան ըլլայ ազատ սիրտ մը, սիրտ մը, որ յառաջ կ՛ընթանայ կերտելով բարեկամութիւն։ Աշխարհը կարիքը ունի բարեկամութեան, ձրիութեան», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Մխիթարեանը Քահանայապետին նուիրեց մարզաշապիկը
Մխիթարեանը Քահանայապետին նուիրեց մարզաշապիկը

Մարզիկները առիթը ունեցան ապա մօտենալու Քահանայապետին եւ անոր յանձնելու զանազան նուէրներ։ Մխիթարեանը Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց իր ստորագրութիւնը կրող սեփական մարզաշապիկը։

Շապիկին վրայ Մխիթարեանը հետեւեալ գրառումը կատարած էր առ ի շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումին։

“«Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ, ինծի եւ հայրենիքիս համար մեծ պատիւ է սատարել ձեր ջանքերուն խթանելու համար խաղաղութիւնը իմ երկրիս եւ համայն աշխարհին մէջ։ Հաւատարմաբար։ Հէնրիք Մխիթարեան. Խաղաղութեան համար խաղ։ 14.11. 2022»։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2022, 18:01