Որոնել

1667569379966.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապը Պահրէյնի մէջ առանձնական զրոյցներ ունեցաւ Բարթողոմէոս Պատրիարքի եւ Իմամ Ալ-Թայըպի հետ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Պահրէյնի «Sakhir Royal Palace»ի Պապական ժամանակաւոր Նստավայրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նախ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա;ի հետ ապա Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 4 նոյեմբերին Պահրէյն կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակցելէ ետք «Երկխօսութեան» Ֆորումին եւ նախ քան «Muslim Council of Elders»ի հետ ունեցած հանդիպումին, «Sakhir Royal Palace»ի իր նստավայրին մէջ երկու անկախ հանդիպումներ ունեցաւ նախ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա.ի հետ ապա Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Մուհամմատ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէթոս Ա
Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէթոս Ա

Բարթողոմէոսի հետ հանդիպումը

Բարթողոմէոս Պատրիարքին հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ տեղական ժամով 15,30ի մօտերը «եղբայրական եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ», ինչպէս տեղեկացուց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը։ Արդարեւ նկատները եւս կը բացայայտեն երկու եկեղեցապետերու միջեւ այդ բարեկամական ողջագուրումը որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ անոնց տարբեր առիթներով փոխանակած սիրալիր ողջագուրումին` սկսեալ Սուրբ Երկրէն եւ Իսթանպուլէն։

Աւագ Իմամին հետ հանդիպումը

Սրբազան պապը հանդիպում ունեցաւ ապա Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ փոխանակած խօսակցութեան ժամանակ Քահանայապետը գնահատանք արտայայտեց անոր «երկխօսութեան» Ֆորումին առթիւ արտասանած ճառին համար, որ կեդրոնացած էր իսլամական աշխարհէն ներս լուրջ «երկխօսութեան մը անհրաժեշտութեան» վրայ, ի սպաս հաշտութեան եւ միութեան, որուն մէջ ներգրաւել նաեւ շիիթ իսլամները։

Ֆրանչիսկոս Պապ Ահմատ Ալ Թայըպ հանդիպում
Ֆրանչիսկոս Պապ Ահմատ Ալ Թայըպ հանդիպում

Շնորհակալութիւն այս այցելութեան համար ըսաւ Քահանայապետը Ալ Թայըպին, «շատ քաջ գտնուեցար այսօր, երբ խօսեցար իսլամներու միջեւ երկխօսութեան մասին»։

Հանդիպում աւարտին Սրբազան Պապը Ալ Թայըպին նուիրեց ձիթենիի ծառ մը, որպէս խաղաղութեան եւ եղբայրութեան խորհրդանիշ, ապա երկուքը միասին փոխադրուեցան «Sakhir Royal Palace»ի մզկիթ «Muslims Council of Elders» Խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպումին համար, Խորհուրդ` որուն Աւագ Իմամը նախագահն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2022, 15:00