Որոնել

1668846520521.JPG

Միասին քալենք դէպի լիակատար միութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապը Ավա Գ Պատրիարքին

Միջին Արեւելքը տակաւին վիրաւոր է բազմաթիւ բռնութիւններու պատճառով, անկայունութեան եւ անապահովութեան հետեւանքով, ու բազմաթիւ հաւատքի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ստիպուած են հեռանալ իրենց հողերէն։ Անոնցմէ շատեր կը պայքարին, այնտեղ գոյատեւելու համար, եւ ես ձեր հետ միասին կը նորոգեմ կոչը, որպէսզի անոնց երաշխաւորուին իրենց իրաւունքները, մասնաւորէս կրօնի ազատութիւնը եւ լիարժէք քաղաքացիութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 19 Նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը նախ քան Ասդի քաղաք մեկնիլը Վատիկանի մէջ ունեցաւ զանազան հանդիպումներ, որոնց շարքին Արեւելքի Ասորիներու եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մար Ավա Գ-ի եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան հետ։

Այս առթիւ հիւրերուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքին, իրեն ուղղած ջերմ խօսքերուն եւ եղբայրական այցելութեան համար, որ առաջինն է զոր Ան Վատիկան կը կատարէ Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրուելէն ետքը` յաջորդելով երջանկայիշատակ Կէուարկիս Գ-ին։

Միութեան ուղեւորութիւնը

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տասնամեայ կապերուն, ակնարկելով Տինքա Դ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի միջեւ 1984-ին ստորագրուած միասնական «քրիստոսադաւանութեան» հայող յայտարարութեան, որով վերջ դրուեցաւ 1.500 տարի տեւած վարդապետական վիճաբանութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ավա Գ Պատրիարքին հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ավա Գ Պատրիարքին հետ

Քահանայապետը յիշեց նաեւ 2018-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մար Կէուարկիս Գ-ին հետ հանդիպումը ու այդ առթիւ ստորագրուած այլ մէկ յայտարարութիւնը, հայող Միջին Արեւելիքի մէջ քրիստոնեաներու կացութեան, ու նաեւ իրենց միջեւ Իրաքի մէջ կայացած հանդիպումը։

Յիշելով ապա միասնական ուղեւորութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկէն ողջունեց` Կաթողիկէ եւ Ասորի եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան խառն յանձնախումբի անդամները, որ «իր ստեղծումէն` 1994էն ի վեր արտադրեց արժէքաւոր արդիւնքներ» ըսաւ Քահանայապետը, ակնարկելով այդ արդիւնքներէն ոմանց ու դիտել տալով, թէ «հանդիպումներն ու երկխօսութիւնը բարի պտուղներ պարգեւեցին, խթանելով հովուական համագործակցութիւնը, հաւատացեալներու բարիքին ի սպաս»։

Աշխարհին հռչակել Քրիստոսը

Ակնարկելով Նորին Սուրբ Օծութեան նոր փաստաթուղթի մը խորագիրին, հայող Եկեղեցւոյ մասին Լատին ու Ասորի եկեղեցիներուն Հայրաբանութեան, Ֆրանչիսկոս Պապը կարեւոր նկատեց համամիութենական ուղեւորութեան մէջ իրար միշտ աւելիով մօտենալը, «ոչ միայն վերադառնալով մեր միասնական արմատներուն, այլեւ այսօրուայ աշխարհին միասին հռչակելով, Քրիստոսի սիրոյն ու անոր հարս` Եկեղեցւոյ խորհուրդը, կեանքի վկայութեամբ ու կեանքի խօսքերով»։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ավա Գ Պատրիարքին հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ավա Գ Պատրիարքին հետ

«Վեհափառ Տէր, ձեր Եկեղեցին Քաղդէացի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ կը կիսէ հաւատքի և առաքելութեան լուսաւոր պատմութիւն, մեծ սուրբերու օրինակելի կեանքը, աստուածաբանական և պատարագի հարուստ ժառանգութիւնը և, առաջին հերթին, վերջին տարիներուն վիթխարի տառապանքները և բազմաթիւ նահատակներու վկայութիւնները» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով, որ «դժբախտաբար Միջին Արեւելքը տակաւին վիրաւոր է բազմաթիւ բռնութիւններու պատճառով, անկայունութեան եւ անապահովութեան հետեւանքով, ու բազմաթիւ հաւատքի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ստիպուած են հեռանալ իրենց հողերէն։ Անոնցմէ շատեր կը պայքարին, այնտեղ գոյատեւելու համար, եւ ես ձեր հետ միասին կը նորոգեմ կոչը, որպէսզի անոնց երաշխաւորուին իրենց իրաւունքները, մասնաւորապէս կրօնի ազատութիւնը եւ լիարժէք քաղաքացիութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սիւնհոդոսական ընթացքը

Ան առ այդ խրախուսեց շարունակել աղօթել եւ գործել, «որպէսզի պատրաստենք այնքան սպասուած օրը, երբ միասին պիտի մատուցենք պատարագը, միեւնոյն խորանին վրայ, որպէս մեր Եկեղեցիներուն միջեւ միութեան լիութիւնը, միութիւն` որ ոչ ներծծում է եւ ոչ միաձուլում, այլ եղբայրական հաղորդակցութիւն ճշմարտութեան և սիրոյ մէջ» հաստատեց Քահանայապետը, որ ապա ակնարկեց Պատրիարքին յառաջիկայ օրերուն Անճելիքում համալսարանին մէջ «Արեւելքի ունկնդրութեան մէջ» խորագիրով ուսումնաժողովին առթիւ ունենալիք զեկոյցի մասին սիւնհոդոսական ուղեւորութեան փորձառութիւններու փոխանակման ծիրէն ներս, մաղթելով, որ միշտ աւելի եղբայրական կերպով կարելի ըլլայ յառաջ տանիլ միասնական ուղեւորութիւնը, իրարու հանդիպելով բաց սրտով, կիսելով յոյսեր եւ յոգնութիւնները, ու մասնաւորապէս, ինչպէս պատահեցաւ այս առաւօտ` աղօթքն ու փառաբանութիւնը Տիրոջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ավա Գ Պատրիարքին հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ավա Գ Պատրիարքին հետ

Միասն տօնել Սուրբ Զատիկը

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքին, Անոր ջանքերուն համար, ուղղուած Սուրբ Զատիկը միեւնոյն թուականին մէջ տօնելու, նշելով, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին պատրաստակամ է ընդունելու որեւէ առաջարկ։

Քահանայապետը համամիութենական ուղեւորութիւնը յանձնեց երկինքի մէջ իրարու միացած մարտիրոսներուն եւ սուրբերուն ապա պատուաւոր հիւրին յանձնեց Սուրբ Թովմաս առաքեալի մէկ մասունքը։

Սուրբ Թովմասի մասունքը 

«Սուրբ Թովմասը, որ իր ձեռքերով դպաւ Տիրոջ վէրքերուն, թող արագացնէ անցեալի մեր վէրքերուն ապաքինումը, որպէսզի շուտով մենք կարողանանք միեւնոյն զոհաբերական խորանին շուրջ ճանչնալ յարուցեալ խաչեալը ու միասնաբար ըսենք. «. Տէր իմ եւ Աստուած իմ», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ թէ ինք շատ կը փափաքէր անոնց հետ կիսել սիրոյ սեղանը, «բայց պէտք է մեկնիմ» ըսաւ Ան, ներողութիւն հայցելով ասոր համար եւ կատակով աւելցուց. «Թող չըսուի թէ քահանայապետը ագահ է ու մեզ նոյնիսկ ճաշի չի հրաւիրեց», ըսաւ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2022, 11:49