Որոնել

Պահրէյնի մէջ կղերական դասին հետ հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Պապը յիշեց Լիբանանը եւ Եթովպիան

Սրբազան Պապը Պահրէյնի Եպիսկոպոսներն ու կղերական դասը հրաւիրեց ապրելու ուրախութեամբ, միութեամբ եւ մարգարէական հոգիով։ Հանդիպումը հանդիսացաւ Քահանայապետին վերջին պաշտօնական հանդիպումը որմէ ետք Ան ուղղուեցաւ օդակայան վերադարձ կատարելու Հռոմ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 նոյեմբեր 2022ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պահրէյն կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը աւարտեց Մանամա քաղաքին մէջ հանդիպում ունենալով տեղական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նուիրեալ անձանց, նորընծաներուն եւ հովուական ծառայութեամբ զբաղող անհատներուն հետ, Մանամայի Սուրբ Սիրտ Եկեղեցւոյ մէջ։

Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը

Արաբական Տարածաշրջանի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը իր մէջ կը համախմբէ Իսրայէլի, Յորդանանի, Պաղեստինի, եւ Արաբական Ծոցի մէջ գտնուող, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ, Սոմալիայի եւ Կիպութիի եպիսկոպոսները։ Դասը հաստատուած է 31 մարտ 1967ին եւ 1989ին վաւերացուած սահմանադրութեան համաձայն անոր նախագահութիւնը վերապահուած է Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքին, որ այժմ Գերապայծառ Փիեր Պաթթիսթա Փիցցապալլան է, Երուսաղէմի պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչը։

Սուրբ Սիրտ եկեղեցի ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն ժողովրդապետի եւ Հիւսիսային Արաբիոյ Առաքելական փոխանորդի կողմէ, որոնք Սրբազան Պապին հետ միասին ուղղուեցան մինչեւ կեդրոնական խորան, ուր տեղի ունեցաւ աղօթք, ապա Առաքելական Կառավարիչին բարի գալուստի խօսքը, վկայութիւններ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ

Քահանայապետին պատգամը

Եպիսկոպոսներու ու կղերական դասին հետ հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած իր սրտի խօսքին մէջ նախ ուրախութիւն յայտնեց այնտեղ գտնուելուն համար «այս կաթողիկէ հասարակութեան մէջ, որ լաւապէս կը բացայայտէ իր «կաթողիկէ» դիմագիծը, այսինքն «տիեզերական» դիմագիծը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով անոր մաս կազմող տարբեր ազգութիւններու պատկան եւ տարբեր երկիրներէ եկող գաղթականներէ կազմուած հաւատացեալներուն։

Լիբանանին համար աղօթք

Ան յատուկէն ակնարկեց Լիբանանցի հաւատացեալներու ներկայութեան ապահովեցնելով իր աղօթքները եւ մօտիկութիւնը «սիրելի Երկրին», այնքան յոգնած ու վիրաւոր, ըսաւ Սրբազան Պապը, իր մօտիկութիւնը արտայայտելով նաեւ բոլոր Միջին Արեւելքի մէջ ապրող ու տառապող ժողովուրդներուն։

Տարբեր պատմութիւններով ու դիմագիծերով կազմուած Եկեղեցի

Նորին Սրբութիւնը «գեղեցիկ» համարեց պատկանիլ տարբեր պատմութիւններով ու դիմագիծերով կազմուած Եկեղեցիին, որուն ադամները «Յիսուսի միակ դիմագիծին մէջ կը գտնեն ներդաշնակութիւն», յարեց Ան, մատնանշելով իր խօսքէն առաջ ընթերցուած Յովհաննէսի աւետարանէն (Յովհ. 7,37-39) քաղուած հատուածին, որուն մէջ Յիսուս կը խոստանայ կեանքին ջուրը։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ

Անապատը եւ ջուրի աղբիւրները

Այդ խօսքերը, ըսաւ Քահանայապետը, ինծի մտածել կու տան այս երկրին` «ուր լայնատարած անապատ կայ բայց կան նաեւ քաղցրահամ ջուրի աղբիւրներ, որոնք լուռ կը հոսին գետնի տակ՝ զայն ոռոգելով»։ Նորին Սրբութիւնը այս մէկը նմանեցուց իւրաքանչիւրի սրտին ու հոգւոյն մէջ հոսող Սուրբ Հոգիի քաղցրահամ լուռ ջուրին, որ «կ՛ոռոգէ մեր անապատները, կը վերապարգեւէ եռանդ, կը լուայ այն բաները, որոնք մեզ տգեղ կը դարձնեն, եւ կը յագեցնէ մեր երջանկութեան ծարաւը։ Ապա մշտապէս կը նորոգէ կեանքը», հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով, որ այս ջուրի մասին է, որ կը խօսի Յիսուս, «Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը», եւ ասկէ մեկնելով մէջբերեց Յիսուսին խօսքերը. «Եթէ մէկը ծարաւի է թող ինծի գայ եւ թող խմէ, ան, որ կը հաւատայ Գիրգի խօսքին համաձայն, անոր ծոցէն պիտի հոսին գետեր կենսատու ջուրի»։

«Յիսուս ասիկա ըսաւ Հոգիին մասին, զոր պիտի ընդունէին անոնք, որ իրեն հաւատացին, որովհետեւ տակաւին Հոգին չկար, քանի ինք դեռ չէր փառաւորուած» կը գրէ Աւետարանիչը։

Եկեղեցին ծնաւ Յիսուս կողէն հոսած ջուրէն

«Այս մէկը յղում է Յիսուսի խաչին վրայ մահուանն, երբ Անոր կողէն կը հոսի նոր կեանքին ջուրը» յարեց Սրբազան Պապը, հաստատելով, որ «Եկեղեցին ծնաւ այնտեղ, Քրիստոսի բաց կողէն» եւ մենք Քրիստոնեայ ենք ոչ թէ մեր արժանիքներուն համար, այլ «Մկրտութեամբ` որով ընդունեցանք Սուրբ Հոգին, որմէ կը բխի ամէն բան» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգիին մեզի յանձնած պարգեւներուն վրայ, ուրախութիւնը, միութիւնը եւ մարգարէութիւնը։

Ուրախութիւնը

«Ամէնէ առաջ Հոգին սուրբ աղբիւր է ուրախութեան» ըսաւ Քահանայապետը, նկատել տալով, որ Ան երբեք մեզ առանձին չի թողուր, ան Մխիթարիչն է, ու մեզի կ՜ընկերանալ սիրով, թիկունք կը կանգնի դժուարութիւններուն մէջ եւ կը քաջալերէ մեր ամենագեղեցիկ երազները։ Անոր ուրախութիւնը ժամանակաւոր չէ, կը ծնի Աստուծոյ հետ յարաբերութենէն, այն գիտակցութեամբ, թէ Անոր հետ մենք կարող ենք յաղթահարել ամէն բան, նոյնիսկ մահուան ու ցաւին անդունդը։

«Պահպանեցէք այդ ուրախութիւնը ու կրկնապատկեցէք զայն» թելադրեց Սրբազան Քահանայապետը խրատելով նաեւ նուիրել զայն ուրիշներուն։

Միութիւնը

«Սուրբ Հոգին աղբիւր է միութեան», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը եւ անոնք որոնք զԱյն կ՛ընկալեն կ՛ընդունին Հօր սէրը ու կը դառնան Անոր զաւակները, ուստի նաեւ իրար միջեւ քորեր եւ եղբայրներ։

«Աշխարհի բաժանումները, ինչպէս նաև էթնիկ, մշակութային և ծիսական տարբերութիւնները չեն կրնար վնասել կամ խախտել Հոգիին միասնութիւնը», յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով, թէ ինչպէս երբ Հոգին Սուրբ իջաւ վերնատան մէջ համախմբուած առաքեալներուն վրայ դարձաւ միութեան եւ եղբայրութեան աղբիւր, ի դէմ եսասիրութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ

Եկեղեցւոյ պարտականութիւնը` պահպանել միութիւնը

«Ան զարկ տուաւ սիրոյ միակ լեզուին, որպէսզի մարդկային տարբեր բարբառները չմնան հեռու իրարմէ եւ անհասկնալի, տապալեց ատելութեան պատնէշները բանալու համար հիւրընկալութեան եւ երկխօսութեան վայրեր» աւելցուց Քահանայապետը շեշտելով, թէ «մեր եկեղեցական պարտականութիւնն է պահպանել այդ միութիւնը եւ մշակել միասնութիւնը»։

Ան ակնարկեց հուսկ Քրիս անունով հովուական խնամակալութեան գործիչին ներկայացուցած վկայութեան, որուն մէջ ան խօսած էր իր երիտասարդական տարիներու մէկ փորձառութեան մասին, երբ հմայուած մնացած էր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ հասարակական պաշտամունքի իրականութենէն, ուր բոլոր հաւացեալները անկախ իրենց մորթի գոյնէն, աշխարհագրական ծագումէն եւ լեզուէն, հաւաքուած էին մէկ ընտանիքի մէջ, բոլորը միասին Տէրը փառաբանելու համար։ «Այս է ահա քրիստոնեայ հասարակութեան ուժը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւիրելով դարձեալ` «ըլլալու միութեան կառուցողները եւ անոր պահապանները»։

Մարգարէական կոչումը

Վերջապէս, Հոգին մարգարէութեան աղբիւրն է: Փրկութեան պատմութիւնը, ինչպէս գիտենք, պարուրուած է բազմաթիւ մարգարէներով, զոր Աստուած կոչեց, օծեց և ուղարկեց մարդոց մէջ` խօսելու իր անունով: Մարգարէները Սուրբ Հոգիէն կը ստանան ներքին լոյսը, որ զանոնք կը դարձնէ իրականութեան ուշադիր մեկնաբաններ, որոնք կարող են ըմբռնել Աստուծոյ ներկայութիւնը պատմութեան երբեմն անհասկանալի իրականութիւններուն մէջ և զայն ցոյց տալ մարդկանց:

«Մենք ալ ունինք այս մարգարէական կոչումը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ասոր համար կոչուած ենք լոյսը տանելու մեր կեանքի վկայութեամբ, Աւետարանի միջոցաւ, աւելցուց Ան հաստատելով, որ մարգարէութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ ի գործ դնելու աւետարանական երանութիւնները առօրեայի իրադարձութիւններուն մէջ, այսինքն կառուցելու Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որուն մէջ սէրը, արդարութիւնն եւ խաղաղութիւնը կը հակադրեն ամէն տեսակ եսասիրութեան, բռնութեան եւ ապականումի։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ

Յիսուսը տեսնել կարիքաւորին մէջ

Քահանայապետը առ այդ մատնանշեց Քոյր Ռոզիի վկայութեան, որ իր առաքելութիւնը կը կատարէ բանտերուն մէջ, այս մէկը եւս նկատելով մարգարէական առաքելութիւն, որ հոգ կը տանի տառապանքի մէջ գտնուող մարդոց, ուշադրութիւն կը դարձնէ կարիքաւոր եղբայրներուն, որոնց մէջ կայ Յիսուսը, անոնց տալով արժանապատւութեան յոյսը։

Եթովպիան ու խաղաղութեան պայմանագիրը

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ յատուկէն յիշեց Եթովպիան, ուր ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որ Սրբազան Քահանայապետը գնահատեց «յոյսի» նշան, ի տես նաեւ խաղաղութեան համար կատարուած աղօթքներուն։

«Կը քաջալերեմ բոլորը թիկունք կանգնելու այդ յանձնառումին ի նպաստ տեւական խաղաղութեան, որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ, շարունակենք քալել երկխօսութեան ճանապարհով ու ժողովուրդը գտնէ անդորր եւ արժանավայել կեանք մը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով նաեւ խնդրանքը` աղօթելու Ուքրանիոյ համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պահրէյնի կղերական դասին հետ

Շնորհակալութիւն

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց «շնորհակալութիւն» ըսելով ներկաներուն ապա իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլորին, յատկապէս անոնց` որոնք կազմակերպեցին ճամբորդութիւնը։

«Եւ տրուած ըլլալով, որ ասոնք իմ վերջին հրապարակային խօսքերն են, թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել Նորին Մեծութիւն Թագաւորին և այս Երկրի իշխանութիւններուն, ու նաեւ արդարութեան նախարարին որ մեր մէջ կը գտնուի, սիրալիր հիւրընկալութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց «հոգևոր և եկեղեցական ճանապարհը` հաստատուն և ուրախ կերպով»։

Մարեմեան աղօթք

«Եւ հիմա եկէք հայցենք Մարիամ Աստուածածնի մայրական բարեխօսութիւնը», թող որ «Ան օգնէ մեզի, որ միշտ թոյլ տանք, որ առաջնորդուինք Սուրբ Հոգով և մեզ ուրախ պահէ, համախմբուած սիրով և աղօթքով» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու ներկաներէն հրաժեշտ առնելէն առաջ խնդրեց, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար եւ բոլորի մասնակցութեամբ արտասանեց հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Սիրտ հնագոյն եկեղեցւոյ մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Սիրտ հնագոյն եկեղեցւոյ մէջ

 

Եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը կ՜այցելէ Սուրբ Սիրտ հնագոյն եկեղեցին ապա կը տեղափոխուի Աուալիի Sakhir Air Base օդակայան, ուր Թագաւորին ներկայութեամբ տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութենէն ետքը կը բարձրանայ օդանաւ, վերադարձ կատարելու Իտալիա, Հռոմ, ապա Վատիկան,  վերջ տալով Քահանայապետութեան 39րդ միջազգային ճամբորդութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2022, 08:23