Որոնել

Պերկոլիօ ընտանիքը Պերկոլիօ ընտանիքը 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը իր հօր ծննդավայր` Ասթի քաղաք

Ասթի քաղաքը մեծ հրճուանքով կը սպասէ Քահանայապետին այցին։ Անոր ընտրութենէն անմիջապէս ետքը բազմաթիւ եղան այս ուղղութեամբ ուղղուած հրաւէրները եւ ահա ի վերջոյ Քահանայապետը որոշեց այցելել իր հօր ծննդավայրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ շաբաթ օր` 19 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իտալիոյ Ասթի քաղաքը պիտի այցելէ, առանձնական հանդիպում ունենալու համար իր ազգականներուն հետ ու ներկայ գտնուելու իր զարմուհիին Daniela Gai di Tigliole. ծննդեան 90-րդ տարեդարձի տօնախմբութեան։ Յաջորդ օրը Կիրակի 20 նոյեմբերին, Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 11ին, Ան պատարագ կը մատուցէ Ասթի քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի հանդիպի թեմի հաւատացեալներուն հետ, թեմը ուրկէ դէպի Արժանթին մեկնած ու գաղթած են իր հայրը, մեծ մայրն ու մեծ հայրը։ 

Ասթի քաղաքը Պերկոլիօ ընտանիքին օրրան

Ֆրանչիսկոս Պապը այլ առիթով մը եւս հանդիպած էր իր ընտանեկան պարագաներուն հետ երբ 2015-ի Յունիսին այցելութիւն տուաւ Թորինօ քաղաքին։

Ասթի քաղաքը արդարեւ օրրանը եղած է Պերկոլիօ ընտանիքին։ «Gazzetta d’Asti» պարբերաթերթի հին էջերուն մէջ է որ կը գտնենք Պերկոլիօ ընտանիքի մասին տեղեկութիւններ։ Անոր մեծ մայրը Ռոզա Վասսալլօ` ծնած էր 27 փետրուար 1884 եւ ամուսնացած Թորինօ քաղաքին մէջ 1907 թուականին, Ճովաննի Պերկոլիոյի հետ, որ ծնած էր Ասթի քաղաքին մէջ 1884ին եւ իր մահկանացուն կնքած Պուէնըս Այրէսի մէջ 1964 թուականին։

Քահանայապետին մեծ մայր ու մեծ հայր` Ռոզան եւ Ճովաննին

Քսանական թուականներուն Ռոզան եղած է Ասթիի Կաթողիկէ Կիներու Միութեան ղեկավար մինչ անոր զաւակը Մարիոն մաս կազմած է Երիտասարդներու Թեմական դաշնութեան։

Ռոզա եւ Ճովաննի Պերկոլիօ Արժանթին կը մեկնին մէկ փետրուար 1929 թուականին։ Անոնք Պուէնըս Այրէս կը մեկնին Ճենովայի նաւահանգիստէն եւ հրաշքով կ՛ազատին նաւաբեկութենէ մը, որովհետեւ նաւը` որով պիտի ճամբորդէին եւ վերջին պահուն փոխեցին ընկղմեցաւ։

Մարիօ եւ Ռեճինա Մարիա` Քահանայապետին ծնողքը

Արժանթինի մէջ Մարիոն, Քահանայապետին Հայրը կը ծանօթանայ Ռեճինա Մարիա Սիվորիին, ինք եւս իտալացի գաղթական, եւ կ՛ամուսնանայ անոր հետ ու բնակութիւն կը հաստատեն Պուէնըս Այրէսի Պոքա թաղամասին մէջ։ Մարիոն աշխատանք կը գտնէ Արժանթինի շոգեկառգի ընկերութեան մօտ։ 17 դեկտեմբեր 1936 կը ծնի անոնց անդրանիկ զաւակը Եորկէ Պերկոլիոն։ 1940 կը ծնի Մարթա Ռեճինան, 1942ին Ալպերթօ Հորասիոն եւ 1948ին Մարիա Էլէնան։

Ֆրանչիսկոս Պապը բազմաթիւ անգամներ իր ճառերուն մէջ յիշած է իր մեծ մայր` Ռոզան ու անոր ուսուցումները։ Արդարեւ մեծ մայր Ռոզան մեծ դեր ունեցած է ապագայի Քահանայապետ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի քրիստոնէական դաստիարակութեամբ կազմաւորումին մէջ։ Ան է` որ մանկութեան տարիներուն փոքրիկն Եորկէին սորվեցուցած է աղօթել։ Շատ տարիներ առաջ Ան Ասթիի մէջ եղած էր նաեւ հաւատքի դաստիարակը իր որդոյն՝ Ֆրանչիսկոսի ապագայ հօր Մարիոյին։

Յովհաննէս Պօղոս Բ Ասթիի մէջ

Ասթի քաղաքը մեծ հրճուանքով կը սպասէ Քահանայապետին այցին։ Անոր ընտրութենէն անմիջապէս ետքը բազմաթիւ եղան այս ուղղութեամբ ուղղուած հրաւէրները եւ ահա ի վերջոյ Քահանայապետը որոշեց այցելել իր հօր ծննդավայրը։ Այցելութիւն մը` որ կը յաջորդէ այլ Քահանայապետի մը Ասթի քաղաքին տուած այցելութեան։ Արդարեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը եւս 1993 թուականին հովուական այցելութիւն տուած էր Ասթիի թեմին ուր նաեւ պատարագ մատուցած էր Campo del Palio հրապարակին վրայ, որուն առթիւ Երանելի հռչակած էր Յովսէփեան միաբանութեան հիմնադիրը Giuseppe Marello-ն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2022, 10:39