Որոնել

1667665430108.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին «Սուրբ Սիրտ» դպրոցի ոսկէ մատեանին մէջ կատարած գրառումը։

Երիտասարդներուն ուժ, սէր եւ ժամանակ նուիրումը կը համապասխանէ խաղաղութեան կերտման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 5 նոյեմբերին, Պահրէյնի ժամանակացոյցով, յետմիջօրէին 4,45ին, Ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրուեցաւ «Սուրբ Սիրտ» անուան կաթողիկէ դպրոց ուր հանդիպում ունեցաւ աւելի քան 800 անձերէ կազմուած խումբ մը երիտասարդներուն հետ։

Հանդիպումի ընթացքին, բարի գալուստի խօսք ուղղեց դպրոցի տնօրէնը, ապա վկայութիւններ տուին Կաթողիկէ եւ Իսլամ երկու աշակերտներ, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն փոխանցեց իր սիրտին խօսքը։

Նորին Սրբութեան պատգամի աւարտին, արտասանուեցաւ Հայր մեր Տէրունական աղօթքը, ապա  Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Երիտասարդներուն հետ հանդիպումը վերջ կը գտնէ հոգեւոր երգեցողութեամբ, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ դպրոցէն մեկնելէ առաջ դպրոցին ոսկէ մատեանին մէջ  կատարեց հետեւեալ գրառումը.

“«Երիտասարդները կրթելու համար, Ժամանակ, սէր եւ ուժ նուիրելը՝ խաղաղութիւն կերտել է։ Թող այս դպրոցը եւ իւրաքանչիւր դպրոց, դառնայ յոյսի եղբայրական եւ բաց շինավայր, ուր աշխատանք կը տարուի իրականացնելու համար փոքրիկներուն ամենամեծ երազները»։”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2022, 16:35