Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Պահրէյնի մէջ խաղաղութեան պատարագի քարոզը։

Յիսուս կը խնդրէ միշտ հաւատարիմ մնալ սիրոյ մէջ, հակառակ ամէն բանին, նաեւ չարին եւ թշնամիին դիմաց։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 5 նոյեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրուեցաւ BahrainNationalStadium մարզադաշտ ու Սուրբ Պատարագ մատուցանեց խաղաղութեան եւ արդարութեան դիտաւորութեան, մասնակցութեամբ աւելի քան 30,000 հաւատացեալներու։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը քաղուած Եսայի մարգարէէն, «Մեծ պիտի ըլլայ Անոր զօրութիւնը եւ խաղաղութիւնը վերջ պիտի չգտնէ» (Ես 9,6) յայտնեց, որ մարգարէին խօսքը «հակասութիւն կը թուի. այս աշխարհի տեսարանին մէջ, յաճախ կը տեսնենք, թէ որքան աւելի իշխանութիւնը փնտռենք, այնքան աւելի խաղաղութիւնը կը վտանգուի։ Մինչ Մարգարէն, արտասովոր նոր յայտարարութիւն կու տայ. Մեսիան, որ կու գայ, Այո՛ զօրեղ է, սակայն ոչ առաջնորդի մը ձեւով, որ պատերազմ կը մղէ եւ ուրիշներուն վրայ կը տիրէ, այլ որպէս իշխան, որպէս Ան, որ մարդիկ կը հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ եւ իրարու միջեւ։ Անոր զօրութեան մեծութիւնը չ՝օգտագործեր բռնութեան ուժը, այլ սիրոյ տկարութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը, ընդգծելով «ահա Քրիստոսի զօրութիւնը՝ Սէրը։ Յիսուս մեզի նաեւ կը փոխանցէ միեւնոյն զօրութիւնը, սիրելու զօրութիւնը, Իր անունով սիրել , ինչպէս նաեւ սիրել այնպէս ինչպէս ինք սիրեց»։

Միշտ սիրել

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով այսօրուան աւետարանին մէջ նշուած Յիսուսի խօսքը, (Մատթ 5, 38 -48) նշեց, որ այսօր Յիսուսին խօսքերը կը հրաւիրեն միշտ սիրել, այսինքն մնալ Անոր սիրոյն մէջ, մշակել եւ կիրակել զայն որեւէ կացութեան մէջ, որ կ՝ապրինք։

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Յիսուս կը խնդրէ միշտ հաւատարիմ մնալ սիրոյ մէջ, հակառակ ամէն բանին, նաեւ չարին եւ թշնամիին դիմաց։ Մարդկային պարզ արձագանգը կը մղէ աչք աչքի դէմ, ակռայ ակռայի դէմ, բայց դա կը նշանակէ արդարութիւն կատարել՝ ստացած չարիքին միեւնոյն զէնքերով։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Յիսուսի հրաւէրը չվերաբերիր նախ եւ առաջ մարդկային մեծ հարցերուն, այլ մեր կեանքին շօշափելի կացութիւններուն. ընտանիքի մէջ մեր յարաբերութիւնները, քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ յարաբերութիւնները, կապերը որ կը մշակենք ընկերային եւ աշխատանքային իրականութեան մէջ, որուն մէջ կը գտնուինք։

«Տեղի պիտի ունենան լարուածութեան պահեր, բախումներ, , հակամարտութիւններուն տեսակէտներու բազմազանութիւն, սակայն Ան որ խաղաղութեան իշխանին կը հետեւի, միշտ պէտք է ձգտի խաղաղութեան», ըսաւ Սրբազան Հայրը

Սիրել բոլորին

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, որ իսկական մարտահրաւէրը՝ Հօր զաւակները ըլլալու եւ եղբայրներուն աշխարհ մը կառուցելու համար, է սիրել բոլորին նաեւ թշնամին։ Դա իրականութեան մէջ կը նշանակէ ընտրել՝ չ՝ունենալ թշնամի մը, ուրիշին մէջ չտեսնել վերացնելիք խոչընդոտ, այլ եղբայր մը եւ քոյր մը սիրելու։ ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ սիրել թշնամին կը նշանակէ երկրի մէջ բերել Երկինքի արտացոլանք, եւ աշխարհին մէջ զատորոշել Հօր նայուածքն ու սիրտը, որ տարբերութիւն չի դներ, խտրականութիւն չկատարեր,այլ արեւը կը ծագեցնէ բարիներու եւ չարերուն վրայ, եւ արդարներու ու մեղաւորներուն վրայ անձրեւ կը տեղայ։(Մատթ 5,45).

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը, նշելով, որ Սէրը Յիսուսի զօրութիւնն է եւ Յիսուս կարողութիւն կը շնորհէ այսպէս սիրելու, այնպիսի ձեւով մը, որ մեզի գերմարդկային կը թուի։ Սակայն այսպիսի նման կարողութիւն մը չկրնար ըլլալ միայն մեր ուժերուն պտուղը, ան նախ եւ առաջ շնորհք մըն է, շնորհք մը որ պէտք է պահանջել պնդելով , ո՛ վ Յիսուս որ զիս կը սիրես, սորվեցուր ինծի սիրել քեզի նման։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին իրենց տուած ուրախ վկայութեան համար, ինչպէս նաեւ այս աշխարհին մէջ սիրոյ եւ խաղաղութեան սերմերը ըլլալուն համար։

Սրբազան Հայրը ապա Տիեզերական եկեղեցւոյ սէրն ու մօտիկութիւնը փոխանցեց արարողութեան ներկայ գտնուողներուն, որոնք եկած են հիւսիսային Արաբիոյ առաքելական առաջնորդութեան չորս երկիրներէն, Պահրէն, Քուէյթ, Քաթար եւ Սաուտիէն հայցելով Արաբիոյ Տիրամայրէն, որ ընկերանայ անոնց ուղեւորութեան մէջ ու պաշտպանէ միշտ բոլորին հանդէպ սիրոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2022, 07:46