Ձեր սիրտը բացէք Աստուծոյ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
23 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն տարբեր լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց տարբեր երկիներէ ու վայրերէ ժամանած ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորներուն, որոնց աւարտին յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն եւ նորապսակներուն յիշեցնելով, որ յառաջիկայ կիրակի օր` սկիզբ կ՛առնէ «Յիսնակացը» (ըստ լատինաց), «այդ ծիսական ժամանակաշրջանը, որ կը կանխէ եւ կը պատրաստէ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթել, որ իւրաքանչիւր անձ իր սիրտը բանայ Տիրոջ։
«Ձեզի կը յանձնարարեմ ձեր սիրտը բացէք Տիրոջ առջեւ, որպէսզի ճանապարհ պատրաստէք Անոր, որ կու գայ իր ներկայութեան լոյսով լրացնելու մեր մարդկային բոլոր թուլութիւնները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին պարգեւելով իր օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ