Որոնել

intervista Papa Francesco copertina ABC 18 dicembre 2022

«Ի՞նչ նուէր կը խնդրէք Սուրբ Ծննդեան համար. Աշխարհին խաղաղութիւն». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին սպանական ABC թերթին տուած հարցազրոյցի նախադիտում

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Սպանական ABC թերթը այսօր հրատարակած է Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հարցազրոյցին նախադիտում որուն ամբողջական պարունակութիւն կը հրատարակուի վաղը18 դեկտեմբերի թիւին մէջ եւ կը կրէ թերթիս տնօրէն Ճուլիան Քիրոսի և Վատիկանի փորձագէտ Խավիէր Մարթինէս Պրոքալի ստորագրութիւնը։

Ի՞նչպէս է ծունկը:

Ես արդեն կը քալեմ, վիրահատութեան չենթարկուելու որոշումը ճիշտ էր։

Ես ձեզ լաւ կը տեսնեմ....

(Ծիծաղով) Այո, ես արդեն հասած եմ այն ​​տարիքին, երբ պէտք է ըսուի «Որքան լաւ կը տեսնեմ քեզ»:

Երբ ձեզ տեսայ շարժուն աթոռին վրայ, մտածեցի, որ օրակարգը պիտի նուազէր, բայց եռապատկուեցաւ:

Կը ղեկավարուի գլխով, ոչ թէ ծունկով:

Մարտի 13-ին պիտի նշուի Քահանայապետութեան տասը տարիները։ Ձեր ընտրութիւնը բոլորիս զարմացուց:

Զիս ալ զարմացուց։ Ես Պուենըս Այրես վերադառնալու տոմսս պատուիրած էի որպէս ժամանակին հասնէի Ծաղկազարդի օրուան համար։ Շատ հանդարտ էի։

Ի՞նչպէս սորվեցաք Քահանայապետ ըլլալ։

Չեմ գիտեր եթէ բան մը սորվեցայ.... Պատմութիւնը քեզ կը քաղէ այնտեղ ուր որ ես։

Ի՞նչն է Քահանայապետ ըլլալու ամենադժուար բանը։

Չկարողանալ քալել փողոցներուն մէջ, չկարողանալ ազատ դուրս գալ: Պուէնըս Այրէսի մէջ ես շատ ազատ էի։ Կ՛օգտուէի հասարակական փոխադրամիջոցներէն, հաճոյք կը պատճառէր տեսնել, թէ ինչպէս կը շարժին մարդիկը։

Բայց դուք տակաւին կը հանդիպիք բազում մարդոց հետ....

Մարդոց հետ շփումը զիս կը լիցքաւորէ, այս պատճառով է որ ես չի ջնջեցի չորեքշաբթի օրուայ ոչ իսկ մէկ ունկնդրութիւն: Բայց ես կարօտը ունիմ փողոց դուրս գալու, քանի որ այժմ շփումը գործուն է։ Կու գան «Պապը տեսնելու», այդ գործառոյթը։ Երբ դուրս կ՛ելլէի, մարդիկ նոյնիսկ չէին գիտեր, որ ես կարդինալն էի։

Այստեղ՝ Սանթա Մարթայի մէջ դուք շատ մարդոց հետ կը տեսակցիք։ Ոմանք կարծես կ՛օգտուին ասկէ և այնպէս մը ցոյց կու տան, որ իրենք Պապին ընկերներն են, իրենց շահերուն համար:

Վեց-եօդ տարի առաջ արժանթինցի թեկնածու մը պատարագին եկաւ: Լուսանկար մը քաշուեցանք աւանդատունէն դուրս եւ ես անոր ըսի. «Խնդրեմ, քաղաքականապէս մի օգտագործեր»: «Դուք կարող էք վստահ ըլլալ որ չեմ ընէր», - պատասխանեց Ան: Մէկ շաբաթ անց Պուէնըս Այրէսի լի էր այդ լուսանկարով, վերամշակուած, այնպէս որ թուար թէ անձնական հանդիպում է: Այո, երբեմն զիս կ՛օգտագործեն: Բայց մենք Աստուած շատ աւելի կ՛ օգտագործենք, այնպէս որ ես կը լռեմ ու կը շարունակեմ յառաջ երթալ:

Դժուար ըլլալու ձեր ըսած իւրաքանչիւր բառը չափորոշելը:

Երբեմն այդ կ՛ընեն իմ ըսածէս առաջ մեկնութեամբ որպէսզի զիս տանին այնտեղ, ուր իրենք կ՛ուզեն։ «Պապը այս մէկը ըսաւ»... Այո, բայց ես այդ մէկը ըսի որոշակի համատեքստի մէջ։ Եթէ ​դուք այն հանէք շրջանակէն, ուրիշ բան կը նշանակէ:

Ոչ մէկ Պապ մամուլի ասուլիսներ կամ հարցազրոյցներ տուած է այդքան ազատ խօսելով։

Ժամանակները կը փոխուին։

Ի՞նչ նուէր խնդրէիք այս Սուրբ Ծննդեան համար:

Խաղաղութիւն աշխարհին համար. Քանի՜ պատերազմներ կան աշխարհին մէջ։ Ուկրանիայի մէջ տեղի ունեցողը աւելի սերտ կ՛ազդէ մեր վրայ, բայց մտածենք նաև Մայանմարին, Եմենին, Սուրիայի մասին, որտեղ տասներեք տարիներէ ի վեր կը կռուին......

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2022, 09:00