Որոնել

2018-06-28-concistoro-cpf-1530199522635.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց աղօթել վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոսին համար

«Կ՜ուզեմ ձեզմէ բոլորէդ խնդրել յատուկ աղօթք մը, Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետին համար, որ լռութեան մէջ թիկունք կը կանգնի Եկեղեցւոյ։ Յիշեցէք զինք, ծանր հիւանդ է, հայցելով Տիրոջմէ, որ մխիթարէ զինքը, եւ օգնէ Անոր իր այս Եկեղեցւոյ նկատմամբ սիրոյ վկայութեան մէջ, մինչեւ վերջը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

28 դեկտեմբերի Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսին մէջ հրաւիրեց յատուկ աղօթք մը նուիրել Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի խնդրանքը

[ «Կ՜ուզեմ ձեզմէ բոլորէդ խնդրել յատուկ աղօթք մը, Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետին համար, որ լռութեան մէջ թիկունք կը կանգնի Եկեղեցւոյ։ Յիշեցէք զինք, ծանր հիւանդ է, հայցելով Տիրոջմէ, որ մխիթարէ զինքը, եւ օգնէ Անոր իր այս Եկեղեցւոյ նկատմամբ սիրոյ վկայութեան մէջ, մինչեւ վերջը» ] ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Վատիկանի «Mater Ecclesiae» վանքը

Քահանայապետին այս խօսքերը մտածել կու տան, որ անցեալ 16 ապրիլին 95րդ տարեկանը թեւակոխած վաստակաւոր Քահանայապետին առողջական վիճակը վատթարացած է։ Ան ինչպէս յայտնի է, կը գտնուի Վատիկանի «Mater Ecclesiae» վանքին մէջ, ուր քաշուեցաւ 2013 թուականի փետրուարին ներկայացուած իր հրաժարականէն ետքը։

Անոր կ՛օգնեն «Memores Domini»իի մայրապետերը եւ Անոր անձնական քարտուղարը՝ գերապայծառ Կէորկ Կէյնզվէյնը որ տարիներու ընթացքին միշտ պատմած է երբեմնի Քահանայապետին աղօթքի, երաժշտութեան, ուսումնասիրութեան և ընթերցանութեան մէջ անցուցած կեանքի մասին:

Ֆրանչիսկոսի եւ Պենետիկտոսի միջեւ կապը

«Հայր եւ եղբայր» այսպէս է որ Ֆրանչիսկոս Պապը կոչած է իրեն նախորդը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որուն նկատմամբ Ան ունի մեծ յարգանք։ Արդարեւ բազմաթիւ են Անոր այցելութիւններն ու հանդիպումները վաստակաւոր Քահանայապետին հետ եւ առաջինը եղաւ ճիշտ Ֆրանչիսկոսի ընտրութենէն անմիջապէս յետոյ երբ այս վերջինս ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ Քասթել Կանտոլոֆոյի Քահանայապետական ամարանոց, ուր ժամանակաւոր կերպով կ՜ապրէր վաստակաւոր Քահանայապետը։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին յայտարարութիւնը

Պենետիկտոսի ԺԶ առողջութեան մասին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունիի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ «Վաստակաւոր Քահանայապետի առողջական վիճակին վերաբերեալ, որուն համար, Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթք խնդրեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, կարող եմ հաստատել, որ վերջին մի քանի ժամերուն, առողջական վիճակը, յառաջացած տարիքի բերումով ծանրացած է։ Իրավիճակը այս պահուն կը մնայ վերահսկելի, եւ անոր հետեւողական կերպով կը հետեւին բժիշկները»։

Տիար Պրունի նշած է նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութեան աւարտին փոխադրուեցաւ ««Mater Ecclesiae» վանք այցելելու համար Պենետիկտոս ԺԶ-ին։

«Անոր կը միանանք աղօթքի մէջ վաստակաւոր Քահանայապետին համար» գրած է Մաթթէօ Պրունին հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2022, 10:00