Որոնել

1670669610523.JPG

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Սլովաքիոյ հանրապետութեան Նախագահը

Հանդիպումներու առթիւ շօշափուած նիւթերուն շարքին էր նաեւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը ու անոր ազդեցութիւնը` տարածաշրջանային եւ միջազգային գետի վրայ, յատուկէն անդրադառնալով մարդասիրական իրավիճակին, գաղթականներու հիւրընկալութեան եւ ընկերատնտեսաան ճգնաժամին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Շաբաթ 10 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Տիկ Սուզանա Քափութովան` Սլովաքիայի հանրապետութեան նախագահը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապայծառ Փօլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը, աւելցնելով` որ «Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին շեշտը դրուեցաւ երկու Պետութիւններու միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններու վրայ ու անդրադարձ կատարուեցաւ Երկիրին եւ ընկերութեան մէջ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին։

Հանդիպումներու առթիւ շօշափուած նիւթերուն շարքին էր նաեւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը ու անոր ազդեցութիւնը` տարածաշրջանային եւ միջազգային գետի վրայ, յատուկէն անդրադառնալով մարդասիրական իրավիճակին, գաղթականներու հիւրընկալութեան եւ ընկերատնտեսաան ճգնաժամին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2022, 12:49