Որոնել

Madonna-Maria-Mother-Of-God-Woman-Grace-Fig-209995.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` Մարիամէն սորվինք հսկել եւ աղօթել

Բացայայտելնք Յիսուսին փրկարար ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին իրադարձութիւններուն մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարիամէն` Քաղցր սպասումի Կոյսէն խնդրենք, որ մեզի սորվեցնէ «հսկել եւ աղօթել», որպէսզի չի ցրուինք անոր Զաւկին հետեւելէ, եւ բացայայտենք  Անոր փրկարար ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին իրադարձութիւններուն մէջ»։ Գրառումն է այս, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կատարեց Քահանայաապետական թուիթըրեան կայքին վրայ, ուրբաթ 23 դեկտեմբեր 2022ին, մինչ կաթողիկէ եկեղեցին կը պատրաստուի նշելու մարդկութեան Փրկիչ` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնը։

Այս վերջին օրերուն Նորին Սրբութիւնը բամիցս կոչ ուղղեց այս տարուայ սուրբ Ծնունդը ապրելու աւելի զուսպ կերպով, դիտել տալով, թէ այս տարուայ Ծնունդը, տխուր ծնունդ է, պատերազմի ծնունդ է։ Ան հրաւիրեց մտածել բոլոր այն մարդոց, որոնք կը գտնուին պատերազմի արհաւիրքին տակ, անոնց` որոնք թիրախ են բռնութիւններու, տեղահանումներու…աղքատներուն, բացառուածներուն եւ ի միջի այլոց անցեալ կիրակի օր Ան յիշեց նաեւ մեր հայրենակից 120 հազար Արցախցիները, որոնք կը գտնուին շրջափակման մէջ, անջատուած աշխարհէն, Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններու հետեւանքով եւ որոնց ճակատագիրը օրէ օր աւելի մտահոգիչ կը դառնայ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անցեալ կիրակի օր իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտած էր Լաչինի միջանցքի փակումին համար եւ այս առնչութեամբ ակնարկած էր թէ ինք մասնաւորապէս մտահոգ է բնակչութեան մարդասիրական անկայուն պայմաններուն համար, որոնք վտանգուած են աւելիով վատթարանալու ձմեռային եղանակի ընթացքին»։ Սրբազան Պապը առ այդ կոչ ուղղած էր հարցին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն, որպէսզի «յանձնառու ըլլան խաղաղ լուծումներ գտնելու` յանուն մարդոց բարօրութեան»։

Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին մենք եւս միանալով Սրբազան Քահանայապետի կոչին ու յորդորներուն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ բարեխօսութեան կը յանձնենք մեր հայրենակիցներու ճակատագիրը աղօթքներ բարձրացնելով առ Ամենակալ Աստուած, որպէսզի փոխէ եւ աւելի զգայուն դարձնէ կարծրացած սրտերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2022, 13:30