Որոնել

2023.01.25 Udienza generale

Արմատախիլ ընել ատելութեան եւ բռնութեան արմատները. Սրբազան Պապը հրեաներու ողջակիզման զոհերու յիշատակումին առիթով

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Հանսընի հիւանդութեան նուիրուած գիտաժողովը, կոչ ուղղեց քրիստոնեաներու միութեան համար, աղօթք խնդրեց Ուքրանիոյ եւ խաղաղութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 Յունուարին Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները եւ իտալացի ուխտաւորները ողջունելէ առաջ, յիշեց միւս օրը` 27 Յունուարին յիշատակուող Հոլոքոսթի զոհերուն յիշատակութեան միջազգային Օրը, նշելով, որ «հրեայ եւ այլ հաւատքի պատկան միլիոնաւոր անձերու ոչնչացման յիշողութիւնը, չէ կարելի եւ պէտք չէ ժխտուի»։

Հրեաներու ողջակիզումը

«Կարելի չէ մշտական յանձնառում տեղի ունենայ, միասին եղբայրութիւնը կառուցելու, առանց նախապէս ցրելու ատելութեան և բռնութեան արմատները, որոնք սնուցած են Հոլոքոսթի սարսափը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա խօսքը ուղղելով իտալացի ուխտաւորներուն, ողջունեց Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ի սպաս Վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած` «ոչ մէկը թողուլ ետին» խորագիրով Հանսընի, բորոտութեան, հիւանդութեան նուիրուած գիտաժողովին մասնակիցները, ապա խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն եւ նորապսակներուն ակնարկելով այսօր եզրափակուող Քրիստոնեաներու Միութեան համար աղօթքի Շաբաթուան եւ քաջալերելով, որ իւրաքանչիւր անձ իր կեանքին մէջ ապրի, սուրբ մկրտութենէն բխող քրիստոնէական միութեան պահանջները։

Քրիստոսի հաւատացեալներուն միասնութիւնը

«Գիտակցից այս սուրբ խորհուրդի պարգևին, աշխատինք, աղօթենք և մեր զոհաբերութիւնները մատուցենք Քրիստոսի բոլոր հաւացեալներու միասնութեան համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով դարձեալ, որ մեր մտքերուն մէջ ու մեր աղօթքներուն մէջ չպակսի մարտիրոս Ուքրանիան, որ «այդքան կը տառապի»։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը ակնարկեց այսօր առաւօտուն Ուքրանացի հաւատքի տարբեր դաւանանքներու ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումին, որոնք իրեն պատմած են այդ ժողովուրդի ցաւերու մասին։

«Չմոռնանք ամէն օր աղօթելու Ուքրանիոյ մէջ վերջնական խաղաղութեան համար» շեշտեց հուակ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2023, 10:57